Հանդիպում Նախարար Մաուլաուիի Հետ. Բողոք` Ներքին Գործոց Նախարարին. Բագրատունի. «Կը Յարգենք Բոլորը, Սակայն Չենք Հանդուրժեր Վարկաբեկում Եւ Նենգափոխում»
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Բագրատունի նախարար Մաուլաուիին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան խոր ընդվզումը Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» ոգեկոչումը ներկայացնող յուշակոթողի մը բարձրացումին առնչութեամբ` դիտել տալով, որ նման բան անընդունելի է լիբանանցի քաղաքացիներու համար եւ կը հակասէ Լիբանանի պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումին` ազրպէյճանական յարձակումին...

















