Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութեան Փութացման Տեղական Թէ Արտաքին Ճիգերու Լոյսին Տակ. Պատկան Մարմիններ Կը Ջանան Ընդառաջել Լիբանանցիներու Կենցաղային Տարրական Հրատապ Պահանջներուն

Նոյեմբեր 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի պաշտօնավարութեան աւարտի թուականէն` 31 հոկտեմբեր 2022-էն ի վեր երկիրը կը գտնուի նախագահական դատարկութեան  եւ նախագահի ընտրութեան սպասողական վիճակի մէջ: Ցարդ գումարուած խորհրդարանի հինգ նիստերուն կարելի չեղաւ սահմանադրական այս հոլովոյթը իրագործել: Խորքին մէջ, տարակարծիք կողմեր ձեւականօրէն կը վիճին, սակայն անոնց կեցուածքները սկզբունքային են այնպէս, ինչպէս Լիբանանի քաղաքական արեւելումը «բաժնուած է» արեւելքի եւ արեւմուտքի, կամ` միջազգային տիրական հիմնական բեւեռներուն միջեւ: Փաստօրէն, բոլոր հակադիր կողմերը «անհամբեր են» նոր նախագահի ընտրութեան, սակայն իւրաքանչիւրը կ՛ուզէ ընտրել ի՛ր պատկերացուցած «դիմագիծով  ու չափանիշներով» նախագահ մը, որ միաժամանակ ըլլայ զօրաւոր, գերիշխան Լիբանանի հետամուտ, եւ` հաշտ ու համերաշխ արտաքին հակադիր բեւեռներու հետ, հեռու` մարտահրաւէրներու դուռ բացող կեցուածքներէ:»

Այս գծով ուշագրաւ են արտաքին կողմերու քուլիսային բազմակողմանի ճիգերը, ինչպէս Ֆրանսա, որ միաժամանակ Լիբանանի «թղթածրարը» կ՛արծարծէ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ թէ առնչակից որեւէ այլ երկրի ղեկավարին հետ` քաջ գիտնալով, որ լիբանանեան «կարծրատիպ» կեցուածքները կարելի է «մեղմացնել ու զիջումներու մղել» արտաքին կողմերու «թելադրանքին կամ թախանձանքին» շնորհիւ: Փաստօրէն, կը նախատեսուի, որ «Քսաններու խմբակ»-ի վեհաժողովին Ֆրանսայի նախագահը քուլիսներու ետին լիբանանեան թղթածրարին շուրջ խորհրդակցի նաեւ Ռուսիոյ  նախագահ Վլատիմիր Փութինի  հետ:

Մինչ լիբանանեան մանրամասնութեանց մէջ տարակարծութիւնները կը «ճիւղաւորուին» եւ իւրաքանչիւր կողմ նոր նախագահի ընտրութեան մէջ կ՛ուզէ պահպանել Լիբանանի իւրայատուկ ինքնութիւնն ու գերիշխան հեղինակութիւնը, այլ կողմեր կ՛ուզեն նախագահ մը, ինչ որ ըլլայ «ջատագովն ու պաշտպանը աշխարհի իրաւազրկուած ժողովուրդներու եւ պայքարի վասն անոնց դատի յաղթանակին»: Չափաւորական տարրեր կը փորձեն միջին եզր մը գտնել այս տարակարծութիւններուն միջեւ, ինչ որ սակայն ժամանակի կը կարօտի: Այս իմաստով իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, այս հարցը կրնայ երկարիլ մինչեւ յունիս 2023: Մինչ ուրիշներ կը խորհին, որ «արդէն իսկ ուշացած ենք», եւ մինչեւ տարեվերջ ժամկէտ ճշդած են: Անցեալի փորձառութիւններէն մեկնելով` «ո՛չ պարտեալ, ո՛չ յաղթական» «մետասաներորդ պահու լուծում» եւ յարակից կարգախօսներ հիմնական «բանալի տարազներ» եղած են յատկապէս նախագահական ընտրութեան նախօրեակին ստեղծուած «թնճուկային» պամաններուն մէջ: Ներկայիս Լիբանան հեռու չէ այդ մթնոլորտէն, եւ իրաւամբ նոր նախագահի ընտրութիւնը կրնայ վճռել Լիբանանի յառաջիկայ փուլի «դիմագիծն ու արեւելումը»: Այս կապակցութեամբ կը նախատեսուի, որ այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերի յետմիջօրէին խորհրդարանական յատկապէս բարեկարգչական տարրեր համախմբուին այլ կողմերու երեսփոխաններուն հետ ու քննեն այս հինգշաբթի նախագահական ընտրութեան 6-րդ նիստի նախապատրաստական քայլերու «ճակատագիրին» կարելիութիւնները:

Արդ, տեղական թէ արտաքին կեցուածքներու մակընթացութեան եւ հասարակաց եզրերու մերձեցման ճիգերու մթնոլորտին մէջ լիբանանեան պատկան կողմեր կը շարունակեն ընդառաջել քաղաքացիներու տնտեսական թէ ապրուստի կենցաղային պայմաններու բարելաւման եւ պահանջներու լուծման:

Այս ծիրին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց հարաւի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարական պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ զօր. Արոլօ Լազարոյի: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի շեշտեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը: Իր կարգին, ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբեր Անտրէա Թենենթէ յայտնեց, թէ արծարծուած է Հարաւային Լիբանանի «Կապոյտ գիծ»-ին մօտ տիրող իրավիճակի պայմաններն ու այս մասին պատկան պատասխանատուի զեկուցումը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ մասնակցեցաւ խորհրդարանական առողջապահական յանձնախումբի նիստին, ուր ցուցմունքներ տուաւ քոլերա ժահրի դիմակալման յատուկ յատկացումներու հատուցման գծով  եւ մօտէն հետեւեցաւ այս առնչութեամբ տարուող պատուաստումի աշխատանքներու զեկուցումին:

Միւս կողմէ, խորհրդարանական մէկէ աւելի յանձնախումբեր, կառավարական մանրանկար մը յիշեցնող  միացեալ նիստ մը գումարեցին, ուր հիմնական օրակարգի վրայ էր դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու հատուցման ճիգերը, որ ծանօթ է «քեփիթըլ քոնթրոլ» անունով: Սակայն այս անգամ եւս հիմնական ներկայացուցիչը` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն բացակայեցաւ, ինչ որ անգամ մը եւ յետաձգեց այս հարցին լուծումը` այսօր նախատեսուող նիստին: Այս մասին խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ, թէեւ դարձեալ «անարգական» նկատեց Ռիատ Սալամէի բացակայութիւնը, սակայն նշեց, որ ան կապ հաստատելով յայտնած է իր բացակայելու հանգամանքը այս անգամ եւս: Իսկ երեսփոխան Ալեն Աունի կարծիքով` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին ներկայութիւնը թէեւ փափաքելի, բայց պարտադիր չէ: Նոյն նիստին յանձնախումբերը համաձայն գտնուած են նաեւ 60 միլիոն տոլարի յատկացում կատարել Պաթրունի կոյուղիներու վերանորոգման համար, ինչպէս հաստատեց երեսփոխան Ղասսան Եազպեք:

Իսկ ելեկտրական հոսանքի հայթայթման ժամերու յաւելման գծով, երէկ կէսօրէ ետք Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն Քամալ Հայեք պատկան պատասխանատուներուն հետ քննեց հոսանքի հայթայթման ժամերու յաւելման կարելիութիւնը, եւ իմացուեցաւ, որ յառաջիկայ դեկտեմբերին արդէն իսկ օրական տասը  ժամով պիտի աւելնայ ելեկտրական հոսանքի հայթայթումը:

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեան երէկ հաւաստեց, թէ մաքսային տոլարի փոխուած սակագինը ցարդ ի զօրու չէ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողով

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?