ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ բողոք արձանագրեց իսրայէլեան օդանաւերու կողմէ լիբանանեան օդային տարածքին նկատմամբ կատարած ոտնձգութիւններուն դէմ` սուրիական շրջաններ հարուածելու համար: Նմանօրինակ կեցուածք արտայայտեց նաեւ Ամալ շարժումի երեսփոխաններէն Քասեմ Հաշեմ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ մաքսային իշխանութիւններ լիբանանցի ճամբորդներէն կը պահանջեն իրենց հետ ուտեստեղէն չկրել` քոլերա ժահրի փոխանցման վտանգէն խուսափելու փորձով:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահին` Պոլսոյ Թաքսիմ թաղամասին մէջ պատահած պայթումի զոհերուն համար: Նման բովանդակութեամբ հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գործունէութեան շուրջ նախնական համախոհութիւն գոյացաւ` զայն երկարաձգելու մինչեւ յունիս 2026: Նշենք, որ պաղեստինեան գաղթակայաններու բնակիչներ յաճախակի բողոքներով ելոյթ ունեցած են` անբաւարար նկատելով այս կազմակերպութեան տրամադրած ծառայութիւնները:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան մարմիններ վերջերս կրցած են ձերբակալել Մեթնի եւ Քեսրուանի շրջաններուն մէջ ինքնաշարժներ գողցող եւ կողոպուտի արարքներ կազմակերպող խմբակի մը ղեկավարը: