Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յաջորդ Նիստը Յառաջիկայ Հինգշաբթի Ճշդելով` Խորհրդարանը Վեցերորդ Անգամ Ըլլալով Չկրցաւ Ընտրել Լիբանանի Նոր Նախագահ

Նոյեմբեր 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան խորհրդարանը երէկ վեցերորդ անգամ փորձեց նոր նախագահ ընտրել, առանց սակայն կարենալ դրական արդիւնքի յանգելու: Արդարեւ, խորհրդարանի մասնակից անդամներ երէկ` հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2022-ին, համախմբուեցան Նըժմէի հրապարակին վրայ գտնուող խորհրդարանին մէջ, ու առաջին նիստի քուէարկութեամբ ոեւէ թեկնածու չկրցաւ ապահովել բաւարար ձայն: Երկրորդ նիստը անվաւեր նկատուեցաւ մեծամասնութեան չգոյութեան պատճառով: Ըստ սահմանադրութեան` նախագահի ընտրութիւնը կը կայանայ խորհրդարանի 128 անդամներու երկու-երրորդ մեծամասնութեամբ, այս պարագային` 86 ձայներու քուէարկութեամբ: Երէկուան նիստին այս հարցը սահմանադրական բանավէճի դուռ բացաւ, երբ կարգ մը երեսփոխաններ առարկեցին, որ երկրորդ նիստը պէտք է ընթանայ բացարձակ մեծամասնութեան քուէներով, կէս առաւել մէկ, այսինքն` 65 քուէներու ապահովումով: Աւելի՛ն,  սահմանադրական զանազան «մեկնաբանութիւններ» կատարուեցան այս գծով, սակայն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վճռեց այս հարցը` յիշեցնելով, որ քուէներու շուրջ այս տարակարծութիւնը առկայ է 1927-էն ի վեր եւ կը կրկնուի իւրաքանչիւր նախագահական ընտրութեան առիթով: Նշենք, որ այս կապակցութեամբ եւ կանխատեսելով նման բանավէճ` կարգ մը երեսփոխաններ առաջարկած էին խորհրդարանի նիստը «բաց պահել» մինչեւ նոր նախագահի ընտրութեան իրականացումը: Այսուհանդերձ, խորհրդարանի նախագահը յաջորդ ընտրութեան թուական յայտարարեց յառաջիկայ հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2022-ին: Երէկուան քուէարկութեան ձայներ ստացան իրենց թեկնածութիւնը բացայայտած, ինչպէս նաեւ անկոչ թեկնածուներ, ուր առաւելագոյն քուէ ստացաւ սպիտակ թուղթը` 46 ձայն, երեփոխան Միշէլ Մուաուատ` 43 ձայն, «Նոր Լիբանան»` 9 ձայն, Իսամ Խալիֆէ` 7 ձայն, Զիատ Պարուտ` 3 ձայն, Սլեյման Ֆրենժիէ` 1 ձայն, Միշէլ Տահեր` 1 ձայն, եւ 2 ձայն չեղեալ նկատուեցաւ: Ուշագրաւ է, որ Մարուն Տահերի ի նպաստ քուէն նկատի առնուեցաւ եւ չեղեալ չնկատուեցաւ հակառակ այն (սահմանադրական) անգիր սովորութեան, որ արաբերէն ծանօթ է իբրեւ «օրֆ», եւ, ըստ որուն հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի համայնքէն մէկը: Փաստօրէն, 1920-էն 1943-ի ընթացքին Լիբանան ունեցած է  տարբեր համայնքի պատկանող (ոչ մարոնի) նախագահ:

Անդրադարձներ

Ինչպէս սովոր է իր նկարագիրին` լիբանանցին յաճախ քմծիծաղով ու ծաղրական ոճով կ՛արտայայտէ զինք մտատանջող որոշ հարցերը: Խորհրդարանի նախագահական ընտրութեան երէկուան նիստը իր վեցերորդ «ձգձգումով» նոյնպէս կ՛երկարաձգէ լիբանանցիներու բարեփոխման դրական ելքերու ակնկալութեան սպասումը: Այս գծով երեսփոխան Նեզիհ Մաթթա «Թուիթըր»-ի վրայ հետեւեալ գրառումը արձանագրած է. «Վեցերորդ անգամ ըլլալով կ՛ընդառաջենք նախագահական ընտրութեան կարճատեւ տեսերիզի հրաւէրին»:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեփոխան Սամի Ժեմայէլ  հարց տուաւ խորհրդարանի նախագահին, թէ ի՞նչ հիմնաւորումով երկրորդ նիստը եւս երկու-երրորդ մեծամասնութեան քուէներ կը  նշէք նախագահի ընտրութեան համար: Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` լուսաբանելով իր պատասխանը թելադրեց, որ ան երթայ եւ իր հօրը` նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հարցնէ:

Այս մասին դարձեալ Ազգային ազատ հոսանքի պատասխանատուներէն երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, թէ Լիբանան կը բաղկանայ բազմակողմանի համայնքներէ, երկրորդ նիստի պարզ մեծամասնութեան պարագային անտեսած կ՛ըլլանք կարգ  մը համայնքներու (քուէարկութեան) կեցուածքները:

Նաեւ` Արտասահմանէն

Ազգային ազատ հոսանքի ղեկավարը, որ Ֆրանսա կը գտնուի, մօտէն հետեւելով Լիբանանի մէջ արձանագրուող անցուդարձերուն, բուռն կերպով մերժեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլեյման Ֆրենժիէի ընտրութեան գաղափարը` զայն նմանցնելով 1990-ի կացութեան եւ աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ պիտի իշխէ Պըրրի-Միքաթի-Ֆրենժիէ եռեակը:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը հակադարձեց` յայտնելով, թէ 1990-ի շրջանը աւելի լաւ էր, քան վերջին վեց տարուան շրջանը, երբ տիրական էր Աուն-Պասիլ-Ժըրայսաթիի իշխանութիւնը:

Նշենք, որ այս զարգացումներու լոյսին տակ երէկ կէսօրէ ետք Ազգային ազատ հոսանքը իր անդամներէն ու համակիրներէն պահանջեց չհակադարձել որեւէ կեցուածքի` մամուլով թէ ընկերային ցանցերու վրայ:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Մինսքի Խումբը, Չի Գործեր Ինչպէս Էր Նախապէս, Բայց Լիազօրութիւնն Ու Նպատակը Կը Մնան Նոյնը» Կ՛ըսէ Ռիքըր

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?