Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ օդուժին օժանդակութեամբ խուզարկութիւններ կատարեց Պաալպեքի Տար Ուասիա կեդրոնին մէջ` թմրեցուցիչի վաճառականներու եւ հետապնդուող կասկածելիներու փնտռտուքով: Բանակը նաեւ պաղեստինեան Պըրժ Պարաժնէ գաղթակայանի մուտքին ձերբակալեց սուրիացի կասկածելի մը` նախապէս անցնող օգոստոսին լիբանանեան Ատլիէի արգելարանէն խոյս տուած ըլլալուն  եւ այլ  խափանարարական արարքներու յանցանքով:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Մորթատա երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Շուէտի դեսպան Անն Տիսմորը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան մշակութային կցորդ Ժոզեֆ Հայեքի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին ընդհանուր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ` նշեալ դեսպանատան հետ գործակցութեան կարելիութիւններուն վրայ:

ԴԱՏԱԽԱԶ Ալի Իպրահիմ դատական հայց ներկայացուց Պէյրութի նախկին նահանգապետ դատախազ Զիատ Շպիպի դէմ: Այս մասին 3 դեկտեմբեր 2020-ին դիմում ներկայացուած էր «Փտածութեան դէմ պաքարի ժողովրդային հարթակ»-ին կողմէ: Այնուհետեւ կատարուած հետաքնննութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ պարզուած է, թէ Շպիպ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին մսխած է մօտ տասը միլիառ լիբանանեան ոսկի արժողութեամբ պետական գումար:

ՍԱՅՏԱՅԻ Այն Հըլուէ գաղթակայանին մէջ երէկ մահացաւ վերջերս պատահած բախումներէն վիրաւորուած պաղեստինցի մը: Լրատուական աղբիւրներու համաձայն, նշեալ գաղթակայանին մէջ սպասումի լարուած մթնոլորտ կը տիրէ, յատկապէս որ մեռեալին ծնողքն ու բարեկամները բողոքի դիմած են:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ տոլարը երէկ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ արժեց 39 հազար 800 եւ 900 լիբ. ոսկիի միջեւ տարուբերող սակագին` միաժամանակ համապատասխան սղաճի դուռ բանալով սպառողական ապրանքներու շուկային մէջ:

ԻՏԱԼԱԿԱՆ «Էնի» եւ ֆրանսական «Թոթալ Էնըրճի» ընկերութիւնները անցնող հոկտեմբերին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ կնքուած համաձանութեան հիման վրայ, Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն կնքած են: Նշեալ ընկերութիւններու աշխատանքը  հիմնականին մէջ պիտի կեդրոնանայ նաւթի փնտռտուքի հետքին ուղղութեամբ` գլխաւորաբար հորատումներ կատարելու հարաւի թիւ 9 նաւթահորին մէջ:

 

 

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Իրանի Դեսպանատան Մօտ Բողոքի Ցոյց Կատարող Գործիչները Բերման Ենթարկուած Են

Յաջորդը

Միջազգային Վեհաժողովներու Հարթակները Կարեւոր Ժամադրավայր` Լիբանանեան Հարցերու Լուծման

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?