Նախագահական ընտրութեան հինգերորդ փորձի ձախողութեան լոյսին տակ, հինգշաբթի, 10 նոյեմբերի խորհրդարանական նիստին, հետզհետէ բացայայտուեցան առնչակից կողմերու արձագանգներն ու հակազդեցութիւնները: Անոնցմէ ոմանք պահանջեցին սահմանադրական յօդուածներու տրամադրութեանց կիրարկումը, մինչ հակադիր կողմեր այդ կեցուածքները նկատեցին քաղաքական հեռանկարով յարուցուող սահմանադրական «պատրուակներ»: Կարգ մը երեսփոխաններ կոչ ուղղեցին խորհրդարանի նիստի ներկայութեան պատկերը պահել եւ հարկադրել երեսփոխանները շարունակելու իրենց ներկայութիւնը: Այլապէս, ներկայ երեսփոխաններու թիւին հիման վրայ ընտրել նախագահը` հիմնուելով սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածի տրամադրութեան վրայ: Աւելի՛ն, տեղական թէ արտաքին կողմեր շեշտեցին զգուշութեան եւ զիջումի կոչերը` խուսափելու համար առաւել վտանգաւոր կացութեան յանգումէն:
Այս ծիրին մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ժողովը իր ամսական հերթական նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը կոչ ուղղեց ճիգերը համադրելու` բարւօք լուծման յանգելու համար, շեշտելով հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նմանապէս, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն զգուշացուց ներկայ ընթացքով դէպի առաւել վտանգաւոր պայմաններու գահավիժումի վտանգէն` կոչ ուղղելով առնչակից կողմերուն համերաշխօրէն գործակցելու, փրկելու համար ընկղմելու վտանգին տակ գտնուող «լիբանանեան նաւը»:
Այլ խօսքով, բոլորին մտասեւեռումը ուղղուած է գրեթէ նոյն մտավախութիւններուն` տիրող ապրուստի եւ ընկերային-տնտեսական պայմաններու ճնշումին բերումով ժողովրդական պոռթկումի եւ արտաքին պայմաններու յառաջացուցած ճնշումներուն բերումով տիրող անորոշ կացութեան վրայ, որ կը սպառնայ երկրի ապահովական կայունութեան խախտումին:
Այս ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ բանակի ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Ժոզեֆ Աունի հետ քննեց երկրի յատկապէս ապահովական վիճակը, նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներ վերջին ամիսներուն աշխուժ գործունէութեան կը ծրագրէին` «բռնկեցնելու» համար Լիբանանի ապահովական վիճակը: Այս առիթով Մաուլաուի հաստատեց, որ կացութիւնը հակակշիռի տակ է, եւ ապահովական ամրագրումի քայլերը կը շարունակուին: Նոյն ծիրին մէջ, Պետական անվտանգութեան կառոյցէն տարրեր աչալուրջ կը հետեւին երկրին մէջ ապահովական խախտումի փորձերուն, եւ այս գծով անոնք երէկ ձերբակալեցին երկար ատենէ ի վեր հետապնդուող երեք կասկածելի տարրեր:
Միւս կողմէ, արտաքին կողմերը կը ջանան իրենց կարգին նպաստել Լիբանանի կացութեան բարեփոխման ու կայունութեան ամրապնդման: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ երկուշաբթի եւրոպացի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ խորհրդակցին այլ հարցերու կողքին նաեւ Լիբանանի կացութեան շուրջ վերահաստատելով իրենց պատրաստակամութիւնը:
Նոյն ծիրին մէջ Լիբանան այցելած ամերիկացի դիւանագէտ Սամանթա Փաուըր երէկ վերահաստատեց իր երկրին Լիբանանի գերիշխանութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը: «Լիբանան այսօր առիթ ունի աւելի լաւ օրերու ի նպաստ ծրագիր մշակելու», ընդգծեց Փաուըր:
Այս մթնոլորտին առընթեր բողոքի ելոյթները շարունակուեցան երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ: Ցուցարարները կը դժգոհէին ամերիկեան տոլարի սակագինի ահաւոր բարձրացումէն, որ դարձեալ հասած էր 40 հազար լիբանանեան ոսկիի սեմին: Քաղաքացիներ շեշտեցին, թէ իրենց հիմնական պահանջը կայուն ու ապահով օրապահիկի հայթայթումն է: