Երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ապրուստի անյետաձգելի պահանջներու եւ թնճուկներու մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, Լիբանանի վարիչները երէկ շարունակեցին իրենց ճիգերը` փորձելով լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծել քաղաքացիներուն մօտ:
Այս իմաստով, Լիբանանի անկախութեան 79-րդ տարեդարձի նախօրեակը անկախութեան կերտիչներուն ուղղուած յարգանքի տուրքի իր աւանդական արարողութիւններով գլխաւոր առիթ հանդիսացաւ խոստմնալից քայլերով դրական ու լաւատես տրամադրութիւն հաղորդելու:
Արդարեւ, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «աւետեց», թէ Սննդեղէնի համաշխարհային խորհուրդը յառաջիկայ երեք տարիներուն համար պիտի շարունակէ իր օժանդակութիւնները Լիբանանի կարիքաւոր ընտանիքներուն, բարեփոխուած համեմատութեամբ: Այլ խօսքով, ցարդ տրամադրուած օժանդակութեանց եօթանասուն առ հարիւրը կը յատկացուէր Լիբանան ապաստանած սուրիացի տեղահանուածներուն, իսկ մնացեալը` լիբանանցի կարիքաւորներուն: Բարեփոխուած օժանդակութեան հիմամբ, լիբանանցիք եւ սուրիացիք յիսուն առ հարիւր հաւասար համեմատութեամբ պիտի ստանան սննդեղէնի նշեալ օժանդակութիւնը: Միքաթի նաեւ ընդգծեց, որ շեշտած է տրամադրուելիք սննդեղէնները ապահովել (գնել) լիբանանեան շուկայի արտադրութիւններէն: Իր կարգին, համաշխարհային սննդեղէնի պատասխանատու Ապտալլա Ուարտաթ հաւաստեց, որ նաեւ կրթական օժանդակութիւններ պիտի յատկացուին: Իսկ Մոնտիալի ֆութպոլի խաղերուն հետեւելու կարելիութիւն ստեղծելու համար Միքաթի հաւաստեց, թէ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ այդ ուղղութեամբ, սակայն հարցը կը կայանայ նախարարաց խորհուրդի նիստի գումարումով տրուելիք որոշումէն:
Նոյն առաջադրանքով, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ իր կարգին աւետեց, թէ լիբանանցիք օրական տասը ժամ հերթականութեամբ ելեկտրական հոսանք պիտի ստանան, անմիջապէս որ պատկան կողմերուն հետ պայմանագրութիւնը վաւերացուի:
Իսկ Բնակարանային դրամատան` «Պանք Իսքան»-ի տնօրէնը յայտնեց, որ հաւանութիւն գոյացած է 165 միլիոն տոլար հաշուող քուէյթեան օժանդակութեան մը գծով` դիւրացնելու համար լիբանանցիներու բնակարանային սեփականութեան կարիքներու իրականացումը:
Յարգանքի Տուրք` Անկախութեան Կերտիչներուն
Մինչ այդ, անկախութեան 79-րդ տարեդարձի նախօրեակին, «Հայրենիքը պատասխանատուութիւն է» կարգախօսով պատասխանատուներ լիբանանցի ժողովուրդին անունով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Լիբանանի անկախութեան կերտիչ հերոսներուն յիշատակին:
Մաուլաուի. «Յանձնառու Մնալ Անկախութեան Սկզբունքներուն»
Մաուլաուի Լիբանանի Հանրապետութեան անունով ծաղկեպսակներ զետեղեց նախկին վարչապետներ Ռաշիտ Քարամէի եւ Ռաֆիք Հարիրիի շիրիմներուն: «Անկախութիւնը կը կերտուի յանձնառու մնալով անոր սկզբունքներուն իրագործումով», ընդգծեց Պասսամ Մաուլաուի:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Պիտի Արգիլենք Երկրի Անդորրութիւնը Խախտող Որեւէ Արարք»
Բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անկախութեան տօնի նախօրեակի յատուկ իր պատգամին մէջ շեշտեց Լիբանանի անդորրութեան ու ապահովական կայունութեան պահպանման բանակի յանձնառութիւնը: «Պիտի արգիլենք որեւէ արարք, որ ինչ-ինչ պատրուակով կը փորձէ խախտել երկրի անդորրութիւնը», ընդգծեց զօր. Աուն եւ աւելցուց. «Հայրենիքը պատասխանատուութիւն է»:
Ապպաս Իպրահիմ. «Սահմանադրութիւնն ու Օրէնքի Կիրարկումը Կը Կերտեն Պետութիւնները»
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց սահմանադրական հաստատութիւններու եւ օրէնքներու կիրարկումը, որոնցմով միայն կարելի է կերտել պետութիւնները եւ պահպանել սերունդներու ապագան:
Պուչիքեան. «Անկախութիւնը Ազատատենչներու Երթն Է Եւ Կեանքի Ուղեգիծը»
«Առանց հայրենիքի անկախութիւնը անիմաստ է», շեշտեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ժորժ Պուչիքեան: «Փա՜ռք այն ազգին, որ կը հագուի այն` ինչ որ կը հիւսէ, կ՛ուտէ այն` ինչ որ կը ցանէ ու կը խմէ այն, ինչ որ կը քամէ», ընդգծեց Պուչիքեան` մէջբերելով Լիբանանի հանրածանօթ գաղափարախօս, մտաւորական Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի խօսքերէն պատառիկներ:
Պըրրի. «Ո՞ւր Ենք Այսօր»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ի՛ր ոճով շնորհաւորեց լիբանանցիները` դիտել տալով տասնամեակներու ընթացքին Լիբանանի անկախութեան ամրագրման ճիգերը: «Լիբանանի անկախութիւնը կերտուած է 79 տարիներ առաջ հերոսներու կողմէ ու երկիրը տարիներու ընթացքին զարգացած ու բարգաւաճած է, սակայն ո՞ւր ենք մենք այսօր»` հարց տուաւ Պըրրի:
Սալիպա. «Թշնամիները Երեք Են` Իսրայէլ, Ահաբեկչութիւն Եւ Փտածութիւն»
Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա երէկ շնորհաւորելով իր գլխաւորած բաժանմունքի զինուորականները ցաւ յայտնեց տիրող տնտեսական թէ քաղաքական կացութեան համար: «Սակայն Լիբանանը հարուածող փոթորիկը շիջումի ընթացքին մէջ է եւ շուտով անիկա կը վերանայ շնորհիւ եղբայրական ու երկխօսութեան պատրաստակամութեան», ընդգծեց Սալիպա:
Նշենք, որ այս առիթով զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ անջատաբար ծաղկեփունջեր զետեղեցին Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ննջող անկախութեան կերտիչներուն եւ օրուան ազատատենչ հերոս անձնաւորութիւններու շիրիմներուն վրայ:
Նմանապէս, երէկ երեկոյեան հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ Պիքֆայայի եկեղեցւոյ մէջ, նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի նահատակութեան 16-րդ տարելիցին առիթով, որ կը զուգադիպի այսօրուան:


