Լիբանանեան

Խորհրդարանը Չկրցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Խորհրդարանը Չկրցաւ Հանրապետութեան Նոր Նախագահը Ընտրել

Խորհրդարանը երէկ ութերորդ անգամն ըլլալով ձախողեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարել: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախագահութեամբ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ի նիստը բաց յայտարարուեցաւ, սակայն խորհրդարանը չկրցաւ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել: Պըրրի խորհրդարանը իններորդ նիստի մը հրաւիրեց հինգշաբթի, 8 դեկտեմբեր 2022-ին: Նկատի ունենալով խորհրդարանին մէջ հնչած կեցուածքները, որոնք անհրաժեշտ կը նկատէին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, Պըրրի ըսաւ. «Նախագահի ընտրութեան առումով ամէնէն աւելի ես յանձնառու...

Վարչապետարանին Մէջ.  «Լիբանանեան Արտադրութեանց Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ»  Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Վարչապետարանին Մէջ. «Լիբանանեան Արտադրութեանց Սակերը Պիտի Մնան Անփոփոխ» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեանը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտարի եւ Միքաթիի խորհրդական Նիքոլա Նահհասի: Հանդիպումէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած են լիբանանեան ճարտարարուեստին մէջ այլընտրանք ունեցող արտադրութիւններուն սակը 10 առ հարիւրով բարձրացնելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ այդ որոշումը վերջնական չէ եւ տակաւին չէ...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Այն Թինէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ-լիբանանեան միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացման հեռանկարները: Դեսպան Աթաբէկեան Պըրրիին յանձնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի շնորհաւորագիրը` Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով: Պըրրի եւ Աթաբէկեան քննարկեցին եւ տեսակէտներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ շրջանային որոշակի հարցերու վերաբերեալ:

Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը

Պաշտպանութեան նախարարի պաշօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ այցելեց բանակի հրամանատար  զօր. Ժոզէֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքներն ու երկրին ապահովական կացութիւնը: Բանակի կարիքներուն շրջագիծին մէջ քննարկուեցան բանակայիններուն պէտքերը, յատկապէս անոնց առողջապահական եւ բժշկական խնամք տրամադրելու իմաստով որդեգրուած քայլերը: Սլիմ ընդգծեց բանակի հրամանատարութեան կողմէ տրուած այս որոշումներուն եւ որդեգրուած միջոռացումներուն կարեւորութիւնը: Սլիմ եւ զօր. Աուն քննարկեցին նաեւ բանակի ջոկատներուն կողմէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 41.450 լ. ոսկի է: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, վարչական հարցերու եւ արդարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երկուշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Նիստին ընթացքին պիտի շարունակուի քննարկուիլ դրամատնային փոխանցումներու եւ դրամի գանձումի սահմանափակումներուն վերաբերող օրինագիծը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ...

Բագրատունի Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի Եւ Զօր. Ապպաս Իպրահիմի

Բագրատունի Այցելեց Նեպիհ Պըրրիի Եւ Զօր. Ապպաս Իպրահիմի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան հանրապետութեան նախագահի արագ ընտրութեան եւ այս իմաստով խորհրդարանական նիստերու կայացման հարցին վրայ: Քննարկուեցաւ նաեւ ժողովուրդը յուզող հարցերու կապակցութեամբ օրէնսդրութեան կայացման խնդիրը եւ այս ուղղութեամբ խորհրդարանին մէջ համապատասխան օրինագիծերու վճռահատման անհրաժեշտութիւնը: Բագրատունի գնահատելով երկխօսութիւն կատարելու Պըրրիի նախաձեռնութիւնը, կարեւոր նկատեց այն, որ նախագահի ընտրութիւնը...

Օդային Փոխադրամիջոցներու Ընկերակցութիւնը Կը Սպառնայ Փակել Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը

Օդային Փոխադրամիջոցներու Ընկերակցութիւնը Կը Սպառնայ Փակել Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը

Լիբանանի մէջ Օդային փոխադրամիջոցներու ընկերակցութիւնը` «Եու.Թի.Էյ.»-ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սպառնաց ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի` պաշտօնեաներու ամսականներու մէկ մասէն տուրք գանձելու որոշումին պատճառով փակել Պէյրութի միջազգային օդակայանը: «Օդային փոխադրամիջոցներու մարզի պաշտօնեաներն ու աշխատաւորները հարուածած եռամեայ մեծ անկումէն ետք, եւ պայքարներէն ու բանակցութիւններէն ետք օդային փոխադրամիջոցներու ընկերութիւններու վարչութիւններուն հետ, անոնց ողջունելի ընդառաջումէն ետք, որ ամսականներու մէկ մասը հանգրուանային կերպով վճարուին տոլարով`...

«Քեփիթըլ Քոնթրոլի»-ի Օրինագիծին Մէջ Առկախ Մնացած Երկու Կէտերը Նոր Գումարներու Ճշդումն Ու Դրամատուներուն Դէմ Ներկայացուած Դատական Հայցերն Են»  Կ՛ըսէ Պու Սաապ

«Քեփիթըլ Քոնթրոլի»-ի Օրինագիծին Մէջ Առկախ Մնացած Երկու Կէտերը Նոր Գումարներու Ճշդումն Ու Դրամատուներուն Դէմ Ներկայացուած Դատական Հայցերն Են» Կ՛ըսէ Պու Սաապ

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական յանձնախումբերու նիստէն ետք յայտնեց. «Կէտ առ կէտ քննարկեցինք օրինագիծը, որ բազմաթիւ կէտերու մէջ խորքային բարեփոխումներու կարիք ունի, ինչպէս նաեւ քննարկման, որ ճիշդ ուղղութեամբ ճամբայ կը հարթէ, եւ այսօր «Քեփիթըլ Քոնթրոլ»-ի օրէնքի կիրարկման հսկողութիւնը ստանձնելիք յանձնախումբին վերաբերող երրորդ կէտը գրեթէ ամբողջ ժամանակը խլեց»: «Առկախ մնացած կէտերն են նոր դրամներու ճշդումը եւ...

Հերթափոխը Աւարտած Հայկական Զօրախումբի Զինուորներուն Ի Պատիւ Ընդունելութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Մէջ

Հերթափոխը Աւարտած Հայկական Զօրախումբի Զինուորներուն Ի Պատիւ Ընդունելութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան Մէջ

28 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կազմին մէջ հերթափոխը աւարտած հայկական զօրախումբի զինուորներուն համար կազմակերպած էր շրջապտոյտ Լիբանանի տեսարժան վայրեր: Շրջապտոյտը կարելիութիւն ընձեռեց ծանօթանալու Լիբանանի հայկական կրօնա-մշակութային հարուստ ժառանգութեան հետ: Այդ առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հայկական համայնքի հոգեւոր, քաղաքական եւ բարեսիրական կառոյցներու առաջնորդներ:

Շիա. «Նոր Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է, Իսկ Այդ Կազմը Պէտք Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կազմակերպէ»

«Նախագահի Ընտրութեան Հարցին Մէջ Ժամանակի Ազդակին Վրայ Գրաւ Դնելը Ի Շահ Լիբանանի Չէ» Կ՛ըսէ Շիա

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա Մարոնիներու լիկայի կեդրոնատեղի իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց. «Անհրաժեշտ է հանրապետութեան նոր նախագահ ընտրել, եւ երկրին իշխանութեան Ա. դիրքի թափուր մնալը սահմանադրական կառոյցներու աշխատանքի կանոնաւորութեան համար լաւ չէ»: «Երկարաձգումն ու ժամանակի ազդակին վրայ գրաւ դնելը ի շահ Լիբանանին չէ», յայտարարեց Շիա: Ան Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամի եւ գործադիր մարմինի անդամներուն հետ իր հանդիպումէն...

Վարչապետ Միքաթի Հետեւեցաւ Թրիփոլիի  Ապահովական Միջադէպերուն

Ընթացիկ Հարցերու Կառավարութեան Նիստ` Յաջո՞րդ Շաբաթ

«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յատուկ տեղեկութիւններ բացայայտեցին, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը պիտի հրաւիրէ ժողովի, շատ հաւանաբար յաջորդ շաբաթ: Առողջապահութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ հիւանդանոցներուն տրամադրուող գումարներուն վերաբերեալ Միքաթիի նախագահած նիստէ մը ետք յայտնեց, որ «Հարց մը կայ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ բժշկութեան յատկացուող պիւտճէի յաւելման վերաբերեալ, որովհետեւ հիւանդներուն տրամադրուող ծառայութիւններուն դիմաց հիւանդանոցներուն տրամադրուող գումարներու վճարման...

Պենզինի Եւ Մազութի Գիները Նուազեցան, Իսկ Պիւթակազինը Բարձրացաւ

Պենզինի Եւ Մազութի Գիները Նուազեցան, Իսկ Պիւթակազինը Բարձրացաւ

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան քարիւղի ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի սակերու նոր ցուցակ, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինին գինը նուազեցաւ 12000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 787.000 լիբ. ոսկիի, 98 օքթանինը` 13000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 804.000 լիբ. ոսկիի,  մազութինը` 15000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 833.000 լիբ. ոսկիի, իսկ պիւթակազինը բարձրացաւ 4000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 455.000 լիբ. ոսկիի:

«Պըրրին Ու Ֆրենժիէն Կրնան Յաջող Զոյգ Մը Կազմել» Կ՛ըսէ Միքաթի

«Պըրրին Ու Ֆրենժիէն Կրնան Յաջող Զոյգ Մը Կազմել» Կ՛ըսէ Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի յայտարարեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն կրնան յաջող զոյգ մը կազմել, եւ աւելի լաւ է, որ նոր նախագահը ամբողջութեամբ նոր քաղաքական անձնակազմով ըլլայ, «իսկ ես հասարակական ու քաղաքական աշխատանքի մէջ եմ կատարած որեւէ աշխատանքիս մէջ, եւ հարցերը կախեալ են իրենց պահերէն ու հարցերու ընթացքէն»: «Ֆրենժիէն կարողութիւնը ունի արաբական աշխարհին բացուելու...

Պըրրի Ընդունեց Քոնկրեսի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Պըրրի Ընդունեց Քոնկրեսի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Մարք Թաքաթոյի եւ ընկերակցութեամբ ներկայացուցիչներ Քոլին Ալրիտի եւ Քէյթի Փորթըրի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա: Քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հայկական Զօրամասի Հերթափոխի Դրօշի Պաշտօնական Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Հայկական Զօրամասի Հերթափոխի Դրօշի Պաշտօնական Յանձնման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

25 նոյեմբերին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը` Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու Խաղաղապահ զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Արսէն Մանգասարեանի, կեդրոնի պետ, գնդապետ Համլեթ Լեւոնեանի եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ռազմական կցորդ Ալեքսան Մուշեղեանի ուղեկցութեամբ, ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի սահմանին տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերու խաղաղապահ առաքելութեան կազմի հայկական զօրախումբի հերթափոխի դրօշի պաշտօնական յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան: Հայաստանի Հանրապետութեան զինուորական ծառայողներուն հետ...

Պենզինի Եւ Պիւթակազի Գիները Բարձրացան, Իսկ Մազութինը` Նուազեցաւ

Պենզինի Եւ Պիւթակազի Գիները Բարձրացան, Իսկ Մազութինը` Նուազեցաւ

Ուժանիւթի եւ ջրային հարստութեան նախարարութեան քարիւղի ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթերու նոր ցուցակ, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 8000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 799.000 լիբ. ոսկիի, 98 օքթանինը` 9000 լիբ. ոսկիով, եւ հասաւ 817.000 լիբ. ոսկիի,  պիւթակազինը` 4000 լիբ. ոսկիով,  եւ հասաւ 451.000 լիբ. ոսկիի, իսկ մազութինը նուազեցաւ 9000 լիբ. ոսկիով եւ հասաւ 848.000 լիբ. ոսկիի:

Քաղաքական Տարակարծութեան Մակընթացութեան Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Կը Թեւակոխէ Տօնական Ոչ Նախանձելի Արձակուրդի Շրջան

Քաղաքական Տարակարծութեան Մակընթացութեան Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Կը Թեւակոխէ Տօնական Ոչ Նախանձելի Արձակուրդի Շրջան

Գրեթէ ամիս մը անցած է արդէն 31 հոկտեմբերին Լիբանանի նախագահի պաշտօնավարութեան աւարտէն, եւ տակաւին երկրի վարիչները բանավէճի մէջ են նոր նախագահի ընտրութեան գծով` անոր ինքնութենէն, աշխատանքի ծրագիրէն մինչեւ ընտրութեան ճշգրիտ թուական: Փաստօրէն, առնչակից կողմերէն ոմանք կոչ կ՛ուղղեն առաջնահերթութիւն տալ նախագահի ընտրութեան, ապա «սուզուիլ» անոր գործելաձեւի ծրագիրի մանրամասնութեանց քննարկման մէջ տրուած ըլլալով, որ երկրի հրատապ  ու տարրական հարցերու (ելեկտրականութիւն, վառելանիւթ եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան ուժեր շաբաթավերջին յաջողած են ձերբակալել 17-ամեայ Էլի Մ. Մաթթայի սպանութեան պատասխանատու լիբանանցի եւ սուրիացի յանցագործները: Նշենք, որ ոճիրի լոյսին տակ հարաւային Լիբանանի Աքթանիթ աւանի բնակիչները շրջանին մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թելադրած են հեռանալ իրենց աւանէն եւ իրապէս կիրակի կէսօրին արդէն սուրիացիներու մեծամասնութիւնը լքած էր նշեալ շրջանը: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ լիբանանեան տարբեր շրջաններ իր այցելութեան ծիրին մէջ,...

Քաղաքական Լուծումներու Բացակայութեան Երկրի Տնտեսական Եւ Ապրուստի Հարցերը` Հիմնական Օրակարգ

Քաղաքական Լուծումներու Բացակայութեան Երկրի Տնտեսական Եւ Ապրուստի Հարցերը` Հիմնական Օրակարգ

Տօնական օրերու սեմին հետզհետէ առաւել եւս կը շեշտուի այն համոզումը, թէ Լիբանանի քաղաքական հարցերուն եւ յատկապէս նախագահական ընտրութեան մօտալուտ իրագործման յոյսերը շիջած են, եւ պէտք է տակաւին ամիսներ սպասել ու տոկալ տիրող աննպաստ կացութեան: Արդարեւ, օր ըստ օրէ այն, ինչ որ քուլիսներու ետին կամ «խիստ գաղտնի» պիտակով կը յղուէր պատկան կողմերուն, այլեւս բացայայտուած է: Այս իմաստով ահազանգի մթնոլորտ յիշեցնող քայլով...

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Յաջողութեան Գծով.  Պու Հապիպ Մարոքի Մէջ Կը Տեսակցի Դիւանագէտներու Հետ

Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Յաջողութեան Գծով. Պու Հապիպ Մարոքի Մէջ Կը Տեսակցի Դիւանագէտներու Հետ

ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 9-րդ Ֆորումի աշխատանքներու ընթացքին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ Մարոքի Ֆաս քաղաքին մէջ գումարուող նշեալ համագումարի դադարի ժամերուն անջատ  տեսակցութիւններ ունեցաւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու հետ: Այս ծիրին մէջ Պու Հապիպ խորհրդակցեցաւ Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմեթ Չաւուշօղլուի հետ: Այս առիթով քննարկուեցան Լիբանան-Թուրքիա երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու կեցութեան ստեղծած ընկերային-տնտեսական տագնապը Լիբանանի մէջ: Դեսպան Պու Հապիպ...

Page 301 of 987 1 … 300 301 302 … 987

Արխիւներ