Լիբանանեան

Նախքան Տօնական Արձակուրդի «Տեղքայլը».  Տեղական Թէ Միջազգային Փորձեր`  Նախագահական Թղթածրարի  Վերաշխուժացման Գծով

Նախքան Տօնական Արձակուրդի «Տեղքայլը». Տեղական Թէ Միջազգային Փորձեր` Նախագահական Թղթածրարի Վերաշխուժացման Գծով

Տօնական օրերու նախօրեակին, երբ բոլոր ճիգերը կը թուին ըլլալ «տեղքայլի մէջ», տեղական թէ արտաքին փորձերը կը վերաշխուժանան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը` երկրին մէջ տիրող քաղաքական-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան շուտափոյթ քննարկման գծով: Արդարեւ, Արաբական տնտեսական խորհուրդի համագումարին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի պարզելէ ետք Լիբանանի տնտեսական, ընկերային ու...

Քաղաքական Անորոշութեան Մթնոլորտին Մէջ.  Հայեացքները Ուղղուած Են Տօնական  Այցելութիւններէն Յայտնուելիք  Յոյսի Նշոյլին Ուղղութեամբ

Քաղաքական Անորոշութեան Մթնոլորտին Մէջ. Հայեացքները Ուղղուած Են Տօնական Այցելութիւններէն Յայտնուելիք Յոյսի Նշոյլին Ուղղութեամբ

Տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներու հիմնական մտահոգութիւնը կեդրոնացած է երկրի տնտեսական, յատկապէս` ապրուստի  կենցաղային պայմաններու ելեւէջին վրայ, ըստ ամերիկեան տոլարի սեւ շուկայի սակագինին: Արդարեւ, վերջին շաբաթներուն, եթէ ոչ վերջին օրերուն ամերիկեան տոլարին սակագինը զգալի մագլցում արձանագրեց` իրեն հետ «սլացնելով» սպառողական տարրական նիւթերու սակագիները: Գաղտնիք մը չէ, որ տոլարի սակագինին այս «մագլցումը» տնտեսականէն աւելի ունի քաղաքական շարժառիթներ ու հեռանկարներ եւ կը գործածուի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանի իր գրասենեակին մէջ նախագահեց ընդլայնուած աշխատանքային նիստի` մասնակցութեամբ առողջապահութեան, ելեւմուտքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատարներուն: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներուն տրամադրուելիք նիւթական, դեղորայքի թէ այլ հրատապ օժանդակութեանց կարելիութիւններուն վրայ: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սըլիմ հրապարակեց որոշում մը, ըստ որուն 22 դեկտեմբերէն սկսեալ ցնոր տնօրինութիւն կը սառեցուին զէնք կրելու արտօնագիրները լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:...

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Լիբանանէն  Ուղարկուած Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլ Վար Կ՛առնէ Լիբանանէն Ուղարկուած Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Ավիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը Զերհիթ շրջանին մէջ վար առած են Լիբանանէն ուղարկուած անօդաչու թռչող սարք մը: Ատրահի նշեց, որ ըստ երեւոյթին անօդաչու թռչող սարքը կը պատկանի Հըզպալլայի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի պաշտպանեն Իսրայէլի գերիշխանութիւնը` անոր սպառնացող որեւէ տեսակի ոտնձգութենէ:

Մինչ Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու  Նախագահական Ընտրութիւնը, Ռայի Պատրիարքը  Նոյն Օրակարգը Կը Քննարկէ Պուխարիի Հետ

Մինչ Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Նախագահական Ընտրութիւնը, Ռայի Պատրիարքը Նոյն Օրակարգը Կը Քննարկէ Պուխարիի Հետ

Մինչ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ արագացնելու նախագահական ընտրութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ յայտնեց, թէ պահանջուած է հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ բոլորին կողմէ ընդունուած է եւ բոլոր...

Այն Թինէի Մէջ.   «Քաղաքական Կեանքը Երկու  Շաբթուան Համար Արձակուրդի Մէջ Է»   Շեշտեց Մքերի

Այն Թինէի Մէջ. «Քաղաքական Կեանքը Երկու Շաբթուան Համար Արձակուրդի Մէջ Է» Շեշտեց Մքերի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող հարցեր, յատկապէս 2023-ին Պէյրութը արաբական աշխարհի տեղեկատուութեան մայրաքաղաք յայտարարելու վերաբերող: Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած է քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահի ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները եւ երկիրը փրկելու նպատակով որդեգրուած քայլերը: «Նկատի ունենալով, որ...

Միշել Աուն Նախագահեց  Համախմբումի Նիստին

Միշել Աուն Նախագահեց Համախմբումի Նիստին

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու համատարած տագնապները: Նիստէն ետք Միշել Աուն յայտնեց, որ պէտք է նկատի ունենալ, թէ յառաջիկայ փուլին ի՛նչ կը սպասէ մեզի` աւելցնելով, որ եթէ իշխող դասակարգը փոփոխութեան չենթարկուի, Լիբանան գոյութիւն պիտի չունենայ: Աուն ընդգծեց, որ Լիբանանը ներկայ իշխանաւորներով կարելի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 45.700 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 12.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 735.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Միքաթի. «Երբ Կարիքը  Եւ Անհրաժեշտութիւնը Զգամ,  Կառավարութիւնը Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

Միքաթի. «Երբ Կարիքը Եւ Անհրաժեշտութիւնը Զգամ, Կառավարութիւնը Նիստի Պիտի Հրաւիրեմ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքան` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Աքիպիէի միջադէպին մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ: Միքաթի հաստատեց, որ այս հարցով յաւելաբանութիւնները մերժելի են` աւելցնելով նաեւ, որ կարելի չէ պատահարին վտանգաւոր ըլլալը...

Մորիս Սլիմ. «Աքիպիէի Միջադէպին  Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ  Յանցագործները  Հաշուետուութեան Պիտի Ենթարկուին»

Մորիս Սլիմ. «Աքիպիէի Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ Յանցագործները Հաշուետուութեան Պիտի Ենթարկուին»

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ այցելեց Պընթ Ժպէյլի Թիրի գիւղաքաղաքը, ուր կը գտնուի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու իրլանտական ջոկատին կեդրոնը: Սլիմ ցաւակցութիւն յայտնեց իրլանտական ջոկատին, որ իր անդամներէն մէկը կորսնցուցած էր Աքիպիէի միջադէպին ընթացքին: Սլիմ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ Իրլանտայի դեսպան Նոալա Օպրայընի: Նշենք, որ...

Պոհսալի. «Քննիչ Մարմինները  Պէտք Է Սակերու Բարձրացումին Հետեւին»

Պոհսալի. «Քննիչ Մարմինները Պէտք Է Սակերու Բարձրացումին Հետեւին»

Սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի հաստատեց, որ մաքսային տոլարի բարձրացումին ազդեցութիւնը արմատական պիտի չըլլայ սննդեղէնի սակերու բարձրացումին վրայ, այլ անիկա պիտի ազդէ հիմնական 6 տեսակներու վրայ: Պոհսալի հաստատեց, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին բարձրացումն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սննդեղէնի սակերուն վրայ, քան` մաքսային տոլարը: Ան շեշտեց, որ քննիչ մարմինները պէտք է սակերու բարձրացումին հետեւին, յատկապէս` տօնական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 44.500 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 8000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 747.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան օրակարգը մինչեւ յառաջիկայ տարեսկիզբ փակ է, հակառակ անոր որ անիկա կրնայ վերաշխուժացում մը արձանագրել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Լիբանան կատարելիք այցելութեամբ, նկատի ունենալով, որ ան որոշած է 24 դեկտեմբերին` կաթողիկէ համայնքի Ս. Ծննդեան խթման գիշերը անցընել հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ֆրանսական ջոկատին հետ: Կը նախատեսուի, որ Մաքրոն հանդիպումներ ունենայ նաեւ Լիբանանի իշխանութեան...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խստիւ  Կը Դատապարտէ Իրլանտական Ուժերուն  Ենթարկուած Միջադէպը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատին Ենթարկուած Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական ջոկատին ենթարկուած միջադէպին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է: Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը յայտարարեց, որ բանակը կը սպասէ քրէական փաստահաւաքներու աշխատանքի աւարտին, ինչպէս նաեւ վիրաւոր խաղաղապահներու վկայութիւններուն: Լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը իր հետաքննութիւնը գաղտնօրէն կը կատարէ: Նշենք, որ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Սարաֆանտի կից գտնուող Աքիպիէ շրջանին մէջ արձանագրուած էր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 44.200 լ. ոսկի է: ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ շտապ օրակարգ գոյութիւն չունի, հետեւաբար կառավարութիւնը մօտիկ ապագային նիստ մը գումարելու ծրագիր չունի: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, սէյիտ Նասրալլա յայտնած է, որ...

Իպրահիմ. «Յառաջիկայ Տարեսկիզբին  Անցագիրներու Հարցը Պիտի Լուծուի»

Իպրահիմ. «Յառաջիկայ Տարեսկիզբին Անցագիրներու Հարցը Պիտի Լուծուի»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրաքեան նաւթի երկրորդ թոնը Լիբանան հասցնելու հոլովոյթը դրական կ՛ընթանայ եւ մօտիկ ապագային պիտի աւարտի: Իպրահիմ աւետեց լիբանանցիները` հաստատելով, որ յառաջիկայ տարեսկիզբին անցագիրներու հարցը պիտի լուծուի: Նախագահական ընտրութեան առումով երկխօսութիւնը որոշ թնճուկներու դիմաց կը գտնուի, սակայն անիկա ընթացքի մէջ է, «եւ երկխօսութիւնը շարունակելով է, որ կարելի պիտի դառնայ նախագահական...

Նաքուրայի Մէջ.  «Աքիպիէի Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ Ո՛վ Որ  Յանցանք Գործած Է, Պիտի Պատժուի»  Շեշտեց Միքաթի

Նաքուրայի Մէջ. «Աքիպիէի Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ Ո՛վ Որ Յանցանք Գործած Է, Պիտի Պատժուի» Շեշտեց Միքաթի

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ` լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի հետ: Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Աքիպիէի մէջ իրլանտական շրջուն ջոկատին ենթարկուած միջադէպին մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ իրլանտացի զինուորին սպանութեան ու մնացեալ երեք...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.650 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը մնաց նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 734.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խստիւ  Կը Դատապարտէ Իրլանտական Ուժերուն  Ենթարկուած Միջադէպը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խստիւ Կը Դատապարտէ Իրլանտական Ուժերուն Ենթարկուած Միջադէպը

Հայկական երեսփոխանական պլոքը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան շրջագիծին մէջ ծառայող իրլանտացի ուժերուն հետ կատարուած պատահարը սիրտ արիւնող միջադէպ է: «Առանց անդրադառնալու միջադէպին մանրամասնութիւններուն` կը հաստատենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ են` հարաւի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու, նկատի ունենալով, որ հարաւային Լիբանանը մնայուն կերպով ենթակայ է թշնամի Իսրայէլի...

Աքիպիէի Մէջ.   ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատի Խաղաղապահ Մը  Կը Սպաննուի Եւ Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին

Աքիպիէի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատի Խաղաղապահ Մը Կը Սպաննուի Եւ Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան Սարաֆանտի կից գտնուող Աքիպիէ շրջանին մէջ արձանագրուած է միջադէպ մը, որուն ընթացքին սպաննուած է իրլանտացի խաղաղապահ մը եւ վիրաւորուած են երեք ուրիշներ: Թինընթի յայտնեց, որ այդ շրջանը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջանէն դուրս կը նկատուի: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց խաղաղապահ զինուորի ընտանիքին եւ անոր ընկերներուն, ինչպէս...

Page 297 of 987 1 … 296 297 298 … 987

Արխիւներ