Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատին Ենթարկուած Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

Դեկտեմբեր 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական ջոկատին ենթարկուած միջադէպին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է:

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը յայտարարեց, որ բանակը կը սպասէ քրէական փաստահաւաքներու աշխատանքի աւարտին, ինչպէս նաեւ վիրաւոր խաղաղապահներու վկայութիւններուն:

Լիբանանեան բանակը հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը իր հետաքննութիւնը գաղտնօրէն կը կատարէ:

Նշենք, որ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան Սարաֆանտի կից գտնուող Աքիպիէ շրջանին մէջ արձանագրուած էր միջադէպ մը, որուն ընթացքին սպաննուած էր իրլանտացի խաղաղապահ մը, եւ վիրաւորուած էին երեք ուրիշներ:

Այս շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան քարոզին ընթացքին դատապարտեց իրլանտացի զինուորին սպանութիւնը` հաստատելով, որ ժամանակը հասած է, որ լիբանանեան պետութիւնը ապօրինի զէնքը իր հակակշիռին տակ առնէ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ արձանագրուած իրադարձութիւնները կը փաստեն դրական չէզոքութեան եւ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով մը գումարելու իմաստով մեր կատարած կոչին կարեւորութիւնը:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իրլանտացի զինուորը սպաննուած է ատելութեան փամփուշտով, եւ Լիբանանի պատկերը աղաւաղող այս իրականութիւնը միջազգային հետաքննութիւն կ՛ենթադրէ:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի համար աղէտի համազօր պիտի ըլլայ այն իրականութիւնը, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած ոճիրը անցնի առանց լուրջ ու թափանցիկ հետաքննութեան եւ առանց յանցագործները պատիժի ենթարկելու:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ շաբաթավերջին ցաւակցագիր յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին` դատապարտելով Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահները թիրախ դարձնելու քայլը: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց իրլանտացի սպաննուած զինուորի ընտանիքին եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր խաղաղապահներուն:

Ան կոչ ուղղեց հետաքննութիւն մը կատարելու` բացայայտելու համար այս միջադէպին բոլոր ծալքերը եւ յանցագործները յանձնելու դատական իշխանութիւններուն:

Ժոմպլաթ ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի:

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ցաւ յայտնեց Աքիպիէի միջադէպին առումով եւ կոչ ուղղեց հետաքննութիւնը շարունակելու, մինչեւ որ կարելի ըլլայ դէպքին դրդապատճառները բացայայտել եւ յանցագործները պատժել: Ան ընդգծեց հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահներուն դէմ գործուած յարձակումը, որուն պատճառով սպաննուեցաւ իրլանտացի զինուոր մը, եւ վիրաւորուեցան ուրիշներ: «Կոչ կ՛ուղղենք այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բանալու եւ յանցագործները պատժելու», կը նշէ նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահներուն դէմ կրակոցը, որուն պատճառով սպաննուած էր իրլանտացի զինուոր մը, եւ վիրաւորուած էին երեք ուրիշներ:

Նախարարութիւնը ընդգծեց ՄԱԿ-ի խաղաղապահ պատուիրակութիւններուն անվտանգութիւնը ապահովելու կարեւորութիւնը` պահպանելու համար հարաւային Լիբանանի կայունութեան հսկելու անոնց առաքելութիւնը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

RelatedPosts

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան  Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան,  Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր  Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Հակառակ Զինադադարի Համաձայնութեան Գործադրութեան Համար Ամերիկեան Միջնորդութեան, Մեզի Համար Անակնկալ Է, Որ Հակադիր Ջանքեր Գոյութիւն Ունին` ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերջ Տալու»

Օգոստոս 21, 2025
Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Հակադարձելով  Իսրայէլեան Պնդումներուն.  «Ռաժժին Պրիւքսելի Մէջ Իսրայէլի Արտաքին  Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպում Չունեցաւ,  Այլ Ընդլայնուած Նիստի Մասնակցեցաւ»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Շիի Համայնքը Հըզպալլայի Մօտ Պատանդ Է, Եւ Քաղաքացիական Պատերազմի Մասին Խօսողը Զայն Յառաջացնելու Մտադրութիւնը Ունի»

Օգոստոս 21, 2025
Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան  Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հըզպալլան Դիմադրութիւնը Զրկեց Իր Իսկական Իմաստէն»

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?