Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախքան Տօնական Արձակուրդի «Տեղքայլը». Տեղական Թէ Միջազգային Փորձեր` Նախագահական Թղթածրարի Վերաշխուժացման Գծով

Դեկտեմբեր 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերու նախօրեակին, երբ բոլոր ճիգերը կը թուին ըլլալ «տեղքայլի մէջ», տեղական թէ արտաքին փորձերը կը վերաշխուժանան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարի լուծման ուղղութեամբ:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը` երկրին մէջ տիրող քաղաքական-տնտեսական ոչ նախանձելի կացութեան շուտափոյթ քննարկման գծով: Արդարեւ, Արաբական տնտեսական խորհուրդի համագումարին արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի պարզելէ ետք Լիբանանի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական իրավիճակը, լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց «շարժելու» եւ Լիբանանը մղելու դէպի բարեփոխում ու բարգաւաճում, այլապէս` գահավիժումի սպառնալիքէն խուսափելու համար: Միքաթի թուեց անցնող տարեշրջանին լիբանանեան զանազան ոլորտներուն մէջ արձանագրուած դրական  եւ բացասական տուեալները` դիտել տալով, որ շուտափոյթ լուծման ճիգերը կրնան արդիւնաւէտ ըլլալ, նախքան ուշ ըլլալը: Ան կոչ ուղղեց անյապաղ իրականացնելու նախագահական ընտրութեան քայլը, որ կրնայ շարունակուիլ բարեկարգչական իրագործումներով եւ Լիբանանը դուրս բերել իր այժմու տագնապէն:

Նոյն կապակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքէն երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուելով առնչակից կողմերու` վերահաստատեց իր պատկանած պլոքին կեցուածքը` միջլիբանանեան երկխօսութեան գծով, որ կրնայ հարթել տիրող տարակարծութիւնները:

Նմանապէս, մեծ յոյսեր կապուած են Պքերքէի մէջ նախատեսուող խորհրդակցութիւններուն, որոնք կրնան անջատ ու մասնակիօրէն կայանալ յատկապէս տօնական շնորհաւորական հանդիպումներու ընթացքին:

Իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յաճախակիօրէն շեշտած է իր պատրաստակամութիւնը` միջլիբանանեան երկխօսութեան կազմակերպման, որ կրնայ յանգիլ ազգային համագումարի, հրատապ հարցերու վերանայման օրակարգով:

Արտաքին հարթակներու մէջ եւս զգալի է Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուող «հոգատարութիւնը»: Այս իմաստով խոստմնալից նախաձեռնութեան մը տպաւորութիւնը ձգելով` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ապուլ Ղէյթ կոչ ուղղեց լիբանանեան պատկան կողմերուն համախմբուելու եւ իրականացնելու նախագահական ընտրութիւնը, «որովհետեւ Լիբանան անզօր է նախագահական թափուր վիճակով տոկալ ու գոյատեւել երկար ատեն»: Արաբական տնտեսական խորհուրդի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպուած համագումարին իր մասնակցութեան առիթով եգիպտացի դիւանագէտը անջատ այցելութիւններ տուաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վերահաստատեց Եգիպտոսի ու առհասարակ Արաբական լիկայի պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան առնչութեամբ: Այս գծով հաւանական է, որ մօտերս Արաբական լիկայի մէկ պատուիրակութիւնը այցելէ Լիբանան` «գործնապէս» նպաստելու Լիբանանի հրատապ հարցերու լուծման, յատկապէս որ լիկան մօտէն կը հետեւի լիբանանեան անցուդարձերուն:

Արաբական ծիրին մէջ նոյնպէս, Սէուտական Արաբիա Պաղտատի երկրորդ վեհաժողովին դարձեալ վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը Լիբանանի օժանդակութեան` նախապայման նկատելով բարեկարգչական առաջադրանքով ներկայացող ղեկավար կազմի մը յառաջացումը: Այլ խօսքով, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր կը շեշտեն նախ եւ առաջ նախագահի ընտրութիւնը եւ ապա անոր ընկերանալիք վարչական կազմերու (վարչապետ, կառավարութիւն, բանակի հրամանատար…) «դասաւորումը», անդին առնչակից «բանալի» այլ կողմեր նախապայման կը նկատեն յառաջիկայ վեցամեակին Լիբանանին իշխելու կոչուելիք ղեկավար կազմի ամբողջական պատկերացումով քննել հարցը: Սէուտական դրական մօտեցման մէկ արգասիքն էր օրինակ, վերջերս անոր Լիբանանի դեսպանին` Ուալիտ Պուխարիի «շնորհաւորական» այցելութիւնները երկրի հոգեւոր պետերուն, որոնք նոյնքան «բանալի» դեր ունին կողմերու կեցուածքներու «դասաւորման» գծով:

Եւրոպական եւ առհասարակ արեւմտեան առումով եւս զգալի եւ սթափեցնող քայլ մըն էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնայի կոչը լիբանանցի ղեկավարներուն` տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան եւ փութալու նախագահական ընտրութեան:

Նոյն ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ լիբանանցի իր գործընկերներուն ներկայացուց ամերիկացի պատասխանատուներու խիստ մէկ կոչը` փութալու լրջօրէն լուծելու նախագահական թնճուկը: Ամերիկեան այս խստապահանջ կոչը ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու Պարպարա Լիֆ փոխանցած էր լիբանանցի նախարարին` զգուշացնելով այլապէս Լիբանանին սպառնացող ընկերային-տնտեսական գահավիժումի վտանգէն: Ըստ ամերիկացի դիւանագէտին, այս անգամ Լիբանանի տագնապը տարբեր է եւ աւելի վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ երկրի ինքնութեան, մինչեւ իսկ գոյատեւման վրայ:

Նուազ կարեւոր չէր նաեւ Գերմանիոյ դեսպանին հանդիպումը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Գերմանիոյ դեսպանը նոյն մտահոգութեամբ իր երկրին պատրաստակամութիւնը յայտնեց Լիբանանի օժանդակութեան:

Քաղաքական այս ալեկոծ մթնոլորտին մէջ, տակաւին կարգ մը «ընչաքաղց» կողմեր իրենց գրաւը դրած են լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկման ճնշումին վրայ, որմէ ամէնէն աւելի լիբանանցի քաղաքացիներն են, որոնք կրնան տուժել:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտութիւնը ՄԱԿ-ին Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Արցախի Հայութեան Նոր Սերունդին Իրաւունքներն Ու Ապագան

Յաջորդը

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Յակոբ Բագրատունիի Դէմ Ժատ Ղոսընի Ներկայացուցած Վիճարկումը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?