Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աքիպիէի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատի Խաղաղապահ Մը Կը Սպաննուի Եւ Ուրիշներ Կը Վիրաւորուին

Դեկտեմբեր 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան Սարաֆանտի կից գտնուող Աքիպիէ շրջանին մէջ արձանագրուած է միջադէպ մը, որուն ընթացքին սպաննուած է իրլանտացի խաղաղապահ մը եւ վիրաւորուած են երեք ուրիշներ:

Թինընթի յայտնեց, որ այդ շրջանը ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջանէն դուրս կը նկատուի: Ան ցաւակցութիւն յայտնեց խաղաղապահ զինուորի ընտանիքին եւ անոր ընկերներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իր սիրտն ու միտքը այդ շրջանի բնակիչներուն մօտ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անոնք շատ հաւանաբար սարսափած են պատահարէն:

Թինընթի ընդգծեց, որ ապահովական այդ միջադէպին մասին մանրամասնութիւնները շատ են ու բազմազան` նկատել տալով, որ իրենք լիբանանեան բանակին հետ կը գործակցին այս իմաստով եւ անոր շուրջ բացած են հետաքննութիւն` յստակացնելու համար, թէ ճիշդ ի՛նչ պատահած է:

Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դատական աղբիւրներէ, կը հաղորդէ, թէ իրլանտական շրջուն ջոկատ մը ենթարկուած է կրակոցի:

Նոյն աղբիւրը կը գրէ, թէ գնդացիրէ արձակուած 7 փամփուշտներ թիրախ դարձուցած են իրլանտական շրջուն ջոկատը, իսկ փամփուշտներէն մէկը ուղղակի մխրճուած է իրլանտացի խաղաղապահի վարորդին գլխուն մէջ եւ պատճառ դարձած է ան ուղղակի մահուան:

Իսկ անոր վարած մեքենան բախած է երկաթէ սիւնի մը, ուր շրջած է` վիրաւորելով ինքնաշարժին մէջ գտնուող մնացեալ երեք խաղաղապահները:

ԱՖՓ կը հաղորդէ նաեւ, որ զինուորական ատեանը ստանձնած է հետաքննութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ իրլանտական ջոկատի հրամանատարութեան` իրլանտացի խաղաղապահի մը սպանութեան առիթով:

Պըրրի ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Նշենք, որ Պըրրի Իրլանտայի խորհրդարանի նախագահ Շին Օ Ֆերկէյլին յղեց ցաւակցագիր մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ այդ պատահարը` աւելցնելով, որ այդ ցաւալի միջադէպը պատճառ պիտի չըլլայ, որ Լիբանանի եւ իլրանտական ջոկատին միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութիւնները վատթարանան:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ցաւ յայտնեց Աքիպիէի մէջ արձանագրուած այս պատահարին համար եւ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց իրլանտացի խաղաղապահ զինուորին սպանութեան առիթով:

Միքաթի շեշտեց, որ պատկան իշխանութիւնները պէտք է հետաքննութիւն բանան եւ բացայայտեն միջադէպին մանրամասնութիւններն ու դրդապատճառները, որպէսզի ապագային կարելի ըլլայ նման դէպքերու առաջքը առնել:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին իմաստուն վարուելու եւ լայն սրտով դիմագրաւելու դժուարութիւնները:

Միքաթի բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը պահպանուին:

Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի հետ` իմանալու համար պատահարին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Միքաթի ցաւակցագիրներ յղեց Իրլանտայի նախագահ Մայքըլ Տենիըլ Հիկընզին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին այս ցաւալի միջադէպին առիթով:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Լազարոյի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց իրլանտացի խաղաղապահին սպանութեան առիթով, ինչպէս նաեւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:

Սլիմ շեշտեց, որ բացուած հետաքննութիւնը պիտի բացայայտէ այս ցաւալի դէպքին մանրամասնութիւնները:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ խստիւ դատապարտեց Աքիպիէի դէպքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Իրլանտայի կառավարութեան եւ իրլանտացիներուն` իրենց երկրի խաղաղապահին սպանութեան առիթով: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յարգէ եւ կ՛արժեւորէ իրլանտական եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի բոլոր ուժերուն ծառայութիւնն ու ճիգերը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ անոնց ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա ցաւակցութիւն յայտնեց զօր. Լազարոյի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ծառայող բոլոր խաղաղապահներուն: Ան ընդգծեց, որ այդ միջադէպին մասին ընդարձակ հետաքննութիւն մը բանալը շատ կարեւոր է:

Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա դատապարտեց Աքիպիէի միջադէպը` հաստատելով, որ այդ մասին կատարուելիք արագ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւնը մեծ կարեւորութիւն մը կը ներկայացնէ:

Երեսփոխան Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ յարձակումը յաւելեալ ոճիր է, որ Հըզպալլայի կողմէ կը գործուի` բնակիչները պահպանելու պատրուակով:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ գործուած միջադէպը եւ կը հաստատէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան հանդէպ իր կառչածութիւնը:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ գործուած յարձակումը եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք ասիկա պատի՞ժ է այն երկիրներուն, որոնք իրենց զաւակները ուղարկած են Լիբանան` պաշտպանելու համար մեր երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Ձախողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ

Յաջորդը

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Խստիւ Կը Դատապարտէ Իրլանտական Ուժերուն Ենթարկուած Միջադէպը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?