Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Խմբագիրներու սենտիքան` նախագահութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆիի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Աքիպիէի միջադէպին մասին հետաքննութիւնները ընթացքի մէջ են` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքի մը յանգիլ:
Միքաթի հաստատեց, որ այս հարցով յաւելաբանութիւնները մերժելի են` աւելցնելով նաեւ, որ կարելի չէ պատահարին վտանգաւոր ըլլալը թեթեւի առնել եւ կամ միջադէպը նկատել սովորական արկած մը:
«Աքիպիէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական շրջուն ջոկատին դէմ արձանագրուած միջադէպը պէտք է լուրջի առնել եւ հետաքննութիւնը ամբողջացնել ու յանցագործները հաշուետուութեան կանչել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը ինք լիբանանեան բանակին հետ կը քննարկէ եւ կը մաղթէ, որ մօտիկ ապագային արդիւնքի մը յանգի:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը չի նշանակեր, թէ տագնապը աւարտած է` աւելցնելով, որ արտաքին առումով կան նախաձեռնութիւններ` երկրին մէջ տիրող տագնապը լուծելու, «սակայն անիկա ժամանակ պիտի խլէ», յայտնեց ան:
Միքաթի հաստատեց, որ երբ ինք կարիքը եւ անհրաժեշտութիւնը զգայ, ապա կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրէ:
«Ոմանք կ՛ըսեն, թէ ներկայ կառավարութեան իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները նեղ են` ըստ սահմանադրութեան, սակայն բոլորը պէտք է իմանան, որ երկիրը արտակարգ վիճակի մէջ է, եւ այդ պատճառով նախարարաց խորհուրդն ու խորհրդարանը պէտք է համաձայնին լուծում ապահովելու հիմքերու շուրջ», հաստատեց ան:
Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի հետ իր հանդիպումին` Միքաթի նշեց, որ այդ հանդիպումը բացառիկ էր` աւելցնելով, որ արծարծուած են Լիբանանին վերաբերող հարցերը, որոնց լոյսին տակ գահաժառանգ իշխանը իր սէրը արտայայտած է Լիբանանին եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիա ապրող լիբանանցիներուն նկատմամբ: