Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանի Ժ. Նիստը Եւս Ձախողեցաւ Իր Առաքելութեան Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի Ժ. նիստին, որ գումարուեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նիստին ընթացքին դարձեալ կարելի չեղաւ հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրել, եւ գրեթէ հաւասարութիւն մը արձանագրուեցաւ` նախագահական ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Միշել Մուաուատի եւ սպիտակ քուէներուն միջեւ: Նախագահական ընտրութեան մասնակցեցան 109 երեսփոխաններ, որոնց քուէարկութեան պատկերը ստացաւ հետեւեալ պատկերը. Միշել Մուաուատ` 38 քուէ, 37 սպիտակ քուէ, Իսամ...




















