Սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի հաստատեց, որ մաքսային տոլարի բարձրացումին ազդեցութիւնը արմատական պիտի չըլլայ սննդեղէնի սակերու բարձրացումին վրայ, այլ անիկա պիտի ազդէ հիմնական 6 տեսակներու վրայ:
Պոհսալի հաստատեց, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքին բարձրացումն է, որ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ սննդեղէնի սակերուն վրայ, քան` մաքսային տոլարը:
Ան շեշտեց, որ քննիչ մարմինները պէտք է սակերու բարձրացումին հետեւին, յատկապէս` տօնական օրերուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, Նապաթիէի տնտեսութեան եւ առեւտուրի մարզի պատասխանատուները շարունակեցին իրենց շրջագայութիւնը` հակակշռելու համար սակերը: