Մինչ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ արագացնելու նախագահական ընտրութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին ընտրելու Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որ յայտնեց, թէ պահանջուած է հանրապետութեան նոր նախագահ մը, որ բոլորին կողմէ ընդունուած է եւ բոլոր երկիրներուն հետ լաւ յարաբերութիւն ունի: Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա պիտի չվարանի օժանդակելու Լիբանանին` նախագահական ընտրութեան առումով:
Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով Պուխարի շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը` հաստատելով, որ պատրիարքին ազգային կեցուածքները երաշխիք են եւ լուծումներու ուղեգիծ:
Պուխարի ընդգծեց, որ Ռիատ միշտ կը զօրակցի Լիբանանին` շեշտելով Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններու գոյութիւնը:


