Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 44.500 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 14.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 8000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 747.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 767.000 լ. ոսկի, մազութը` 812.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 478.000 լ. ոսկի:

ՍԱՊՐԱՅԻ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ միջադէպին պատճառով երէկ արձանագրուած է զոհ մը:

ԺԸՊ Ժըննինի բանտէն 26 բանտարկեալներ երէկ փախուստ տուին: Ներքին ապահովութեան ուժերը յաջողեցան անոնցմէ 7-ն վերստին ձերբակալել:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ յայտնեց, որ երկար բացակայութենէ եւ անհոգութենէ ետք հանրային փոխադրութեան մարզը կը վերադառնայ: Ան ընդգծեց, որ այդ մարզին հետեւողականութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ երկուշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2022-էն սկսեալ, հանրային փոխադրութեան պասերը կը գտնուին Պէյրութի փողոցներուն մէջ:

«ԱԼՖԱ» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն պաշտօնեաները վերսկսան իրենց աշխատանքներուն` ամբողջ շաբաթավերջին կատարուած գործադուլին վերջ տալով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն հանրապետութեան նախագահ մը, որ արտաքին ցուցմունքներու հիման վրայ կ՛ընտրուի, որովհետեւ ան մնայուն կերպով հոգատարութիւն պիտի ցուցաբերէ իր ընտրութիւնը երաշխաւորած երկիրներու շահերուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը ռմբակոծելու իսրայէլեան սպառնալիքներուն նպատակն է Լիբանանի մէջ ընթացք առած ձմեռնային զբօսաշրջութեան եղանակը հարուածել եւ իսրայէլացի զինուորներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ քաղաքացիներուն անձնական տուեալներուն մասին խորհրդարանին ներկայացուած նոր օրինագիծը կը պաշտպանէ այրերն ու կիները, ինչպէս նաեւ երեխաները: Այս օրինագիծը Լիբանանի ընկերային կեանքը կ՛առաջնորդէ դէպի հաւասարութիւն եւ արդիականացում:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ երեսփոխանական պլոքները համաձայնութեան կարիք ունին` նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար: Ան հաստատեց, որ երեսփոխաններէն ոչ ոք իր գործընկեր երեսփոխանը հարցաքննելու կարգավիճակին մէջ կը գտնուի, որովհետեւ նախագահական ընտրութեան պատասխանատու են բոլոր պլոքները:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խեսոս Սանթոս Ակուատոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Այցելութիւնը ունէր արարողակարգային ծանօթացման բնոյթ:

 

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնելու Եւ Երկու Երկիրներուն Մէջ Դեսպանատուներ Բանալու, Եթէ Ռիատ Ատոր Պատրաստ Է»

Յաջորդը

Պոհսալի. «Քննիչ Մարմինները Պէտք Է Սակերու Բարձրացումին Հետեւին»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.