Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ` լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, երէկ այցելեց հարաւային Լիբանանի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լազարոյի հետ:
Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ Աքիպիէի մէջ իրլանտական շրջուն ջոկատին ենթարկուած միջադէպին մասին բացուած հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է, եւ իրլանտացի զինուորին սպանութեան ու մնացեալ երեք խաղաղապահներուն վիրաւորուելուն պատասխանատուները պիտի բացայայտուին:
Միքաթի ընդգծեց հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու իմաստով ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն ունեցած ներդրումը: Ան նշեց, որ Նաքուրա այցելած է հաստատելու համար, որ լիբանանցիները եւ ինք անձնապէս բարձր կը գնահատեն հարաւային Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը պահպանելու միջազգային ուժերուն առաքելութիւնը` լիբանանեան բանակին հետ գործակցաբար:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կը յարգէ միջազգային որոշումները եւ կոչ կ՛ուղղէ ՄԱԿ-ին Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ան վերջ տայ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն, որոնք մնայուն կերպով կը կրկնուին ցամաքային, ծովային եւ օդային առումով:
Միքաթի յայտնեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործած միջավայրը շինիչ է` աւելցնելով, որ իրլանտացի զինուորին սպանութեան հետաքննութիւնը կը շարունակուի, եւ յանցանք գործողը պիտի պատժուի:
Արտաքին հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆատի Ալամէ այցելեց զօր. Լազարոյի եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր` մաղթելով, որ հետաքննութիւնը շուտով աւարտի, եւ արդիւնքները բացայայտուին: Ալամէ մաղթեց, որ այդ միջադէպը իր վատ ազդեցութիւնը չունենայ հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ հաստատուած պատմական յարաբերութիւններուն վրայ:
Իր կարգին, զօր. Լազարօ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար եւ հաստատեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրլանտայի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարար Սայմըն Քոֆնիէն:
Պու Հապիպ խստիւ դատապարտեց Աքիպէի դէպքը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Իրլանտայի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն:
Պու Հապիպ ցաւ յայտնեց այս ցաւալի միջադէպին համար եւ յայտնեց, թէ ինք կը վստահի լիբանանեան իշխանութիւններուն սկսած հետաքննութեան, որ կը կատարուի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ` բացայայտելու համար միջադէպին դրդապատճառները եւ հասնելու համար պատասխանատուներու հաշուետուութեան:
Պու Հապիպ բարձր գնահատեց 1978-էն ի վեր իրլանտական ջոկատին մասնակցութիւնը խաղաղապահ առաքելութեան:
Քոֆնի Պու Հապիպին յայտնեց Իրլանտայի կողմէ հետաքննութեան հսկելու պատուիրակութիւն մը ուղարկելու հաւանականութեան մասին: Ան աւելցուց նաեւ, որ այդ մասին քննարկումներ պիտի կատարէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: