Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 17, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.650 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 14.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը մնաց նոյնը: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 734.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 753.000 լ. ոսկի, մազութը` 798.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 470.000 լ. ոսկի:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան յատուկ խորհրդակցական ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան 19 նախարարներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` քաղաքական, օրէնսդրական եւ բարգաւաճման առումով: Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին մատուցուած Ս. պատարագի մը ընթացքին շեշտեց, որ Աստուած իրենց պէտք է սորվեցնէ, թէ փտածները տապալող ճշմարիտ յեղափոխութիւնը ինզքինք փոփոխութեան ենթարկելով կ՛իրականանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը ձերբակալեց 20 լիբանանցիներ եւ 7 սուրիացիներ` թմրեցուցիչի օգտագործման, կեղծուած դրամ եւ առանց արտօնագիրի զէնքեր ունենալու, ինչպէս նաեւ առանց արտօնագիրի մոթորսիքլեթ վարելու յանցանքներով: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը երէկ ստացաւ «Հուէյ 2» տիպի 3 ուղղաթիռներ` ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ նուիրուած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ խստիւ դատապարտեց հարաւային Լիբանանի մէջ իրլանտական ջոկատին ենթարկուած միջադէպը` հաստատելով, որ զինուորներուն դէմ գործուած յարձակումը ահաբեկչական գործողութիւն է:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց Պաղեստինցի Ժողովուրդի` Իր Հարստութիւններուն Վրայ Գերիշխանութիւնը Ճանչցող Որոշում Մը

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. «Աքիպիէի Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է, Եւ Ո՛վ Որ Յանցանք Գործած Է, Պիտի Պատժուի» Շեշտեց Միքաթի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.