Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 45.700 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 12.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 735.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 755.000 լ. ոսկի, մազութը` 809.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 476.000 լ. ոսկի:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հրապարակեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն` Նոր տարուան գիշերը կրակելը խստիւ կ՛արգիլուի:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար անդրադառնալով 13 դեկտեմբերի հանդիպումին, յայտնեց, որ դեսպաններէն մէկը զիրենք փտած կոչած է` աւելցնելով, որ Եւրոպա չի կրնար Լիբանանին տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը շարունակել: «Դեսպանը աւելցուց նաեւ, որ իրենք սուրիացի տեղահանուածներու վերադարձին համաձայն են, սակայն ոչ մեծաթիւ վերադարձին, հետեւաբար ան կարծէք մեզի կ՛ըսէր սուրիացիները համարկեցէք Լիբանանի մէջ», նշեց ան: Հաժժար աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքը կազմող երկիրներէն բաժին մը կը փափաքի, որ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցուին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ Լիբանան մուտք գործած է նախագահական դատարկութեան բաց ժամանակաշրջան` նկատի ունենալով քաղաքական ուժերուն միջեւ տիրող երկփեղկումն ու կեցուածքներու տարբերութիւնը եւ անկապ ըլլալու իրականութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ դրամատուներուն նկատմամբ վստահութեան հաստատումը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ազգային եւ քաղաքական ղեկավար է, «թող ան նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը առաջադրէ, որպէսզի տեսնենք, թէ ինչքա՛ն քուէ կրնայ ստանալ», աւելցուց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Ռըսթոմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէնէն աւելի յանձնառու է Լիբանանը զինք սպաննող դատարկութենէն փրկելու:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար յայտնեց, որ նախարարութիւնը բազմաթիւ հանրախանութներու մէջ կրցած է հակակշռել ոգելից ըմպելիներու սակը, ինչպէս նաեւ գրաւած է ժամկէտանց սննդեղէն: Ան հաստատեց, որ որքան տագնապը սաստկանայ, այդքան օրինազանցութիւններուն թիւը պիտի աւելնայ: Ապու Հայտար շեշտեց, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակի նուազումին ընթացքին ոչ մէկ արտադրութեան սակի նուազեցում կատարուեցաւ, «հետեւաբար պէտք է հաշուետուութեան կանչել այն առեւտրականները, որոնք ժողովուրդին հոգիներով առեւտուր կը կատարեն», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ այցելեց Մարոնիներու լիկայի կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Խալիլ Քարամի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Կրիօ շեշտեց Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու համար աշխատանք տանելու կարեւորութիւնը, որպէսզի շրջանին կայունութեան նպաստելու Լիբանանի դերակատարութիւնը վերականգնուի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Հայ Քաղաքական Երեք Կուսակցութիւններուն Նախաձեռնութեամբ` Ահազանգելով Արցախի Շրջափակման Դէմ` Լիբանանահայ Գաղութը Վերահաստատեց Իր Զօրակցութիւնը Արցախի Ժողովուրդին

Յաջորդը

Միշել Աուն Նախագահեց Համախմբումի Նիստին

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?