Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 44.200 լ. ոսկի է:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ շտապ օրակարգ գոյութիւն չունի, հետեւաբար կառավարութիւնը մօտիկ ապագային նիստ մը գումարելու ծրագիր չունի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, սէյիտ Նասրալլա յայտնած է, որ նախարարաց խորհուրդին գումարած վերջին նիստը որեւէ քաղաքական ուժի ուղղուած քաղաքական պատգամ մը կամ ապտակ մը չէ: Ան աւելցուց նաեւ, որ Հըզպալլա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր ստորագրած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պիտի չխզէ, բացի եթէ վերջինս նման փափաք յայտնէ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար այցելեց Պաալպեք, ուր ան յայտնեց, թէ իրենք պիտի դիմադրեն իրենց ինքնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու փորձերուն դէմ: «Կը գտնուինք ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ իսկական համերաշխութեան ու համակեցութեան Լիբանանի ծնունդին սեմին», ըսաւ Հաժժար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կը մերժեն ընտրել արտաքին թելադրանքով հանրապետութեան նախագահ մը, որ ենթակայ պիտի ըլլայ այս կամ այն երկրին քաղաքականութիւնը գործադրելու եւ ցուցմունքներուն հետեւելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իհապ Մաթար կոչ ուղղեց շրջանցելու համայնքային, յարանուանական եւ քաղաքական շահերը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանի շահերը: Ան հաստատեց, որ այնքան ատեն որ Լիբանանի գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանք կայ, ապա ինք կ՛ողջունէ նախագահական ընտրութեան առումով ներկայացուելիք արաբական, շրջանային եւ միջազգային որեւէ նախաձեռնութիւն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ծրագիրի մը վաւերացումը տնտեսական ապաքինման միակ ելքն է: Հասպանի նկատել տուաւ սակայն, որ այդ ծրագիրի մշակումին ընթացքին պէտք չէ զետեղել այնպիսի օրէնքներ` միջազգային ընտանիքին պահանջները խաբեբայութեան ենթարկելու նպատակով, «այդ պարագային ապաքինում կարելի չէ ապահովել», հաստատեց ան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է տարբեր կեցուածքներու մերձեցում ապահովելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի հաստատեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան լիբանանցիներուն կամքը յարգելու եւ ներքին լիբանանեան հարցերուն ոչ մէկ կերպով միջամուխ կը դառնան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպանատան գործակատար Ամին Նասրաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իրաքեան դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Իպրահիմի այցելեց նաեւ երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ մէջ Հըզպալլա մեծարանքի հանդիսութիւն մը կազմակերպեց Իսլամական առողջապահական խորհուրդի քաղաքացիական անվտանգութեան բաժանմունքին մէջ կամաւորաբար ծառայող 700 երիտասարդներուն ի պատիւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պաթրունի մէջ ձախողցուց 31 սուրիացի տեղահանուածներու ապօրինի գաղթը: Ծովու ճամբով 31 սուրիացիներու գաղթը կազմակերպուած էր կատարել Սըլաաթայի ծովափէն: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաալպեքի Նահլէ բարձունքին վրայ ձերբակալած է սուրիացի մը, որուն մօտ կը գտնուէր 100 քկ հաշիշ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022-ին ձերբակալեց հինգ օր առաջ Թրիփոլիի Զահիրիէ շրջանին մէջ երթեւեկի խճողումին ընթացքին երիտասարդ մը սպաննած յանցագործը, որ Աքքարի Հուէյշ շրջանին մէջ թաքստոց մը գտած էր: Ան իր զէնքերով եւ զինամթերքով անձնատուր եղաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ջոկատին, որ ուղղուած էր Աքքար զինք ձերբակալելու: Նախնական հարցաքննութեան ընթացքին յանցագործը խոստովանեցաւ իր գործած ոճիրը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ հաստատեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը տակաւին ժամանակի կը կարօտի, որովհետեւ այդ իմաստով տակաւին շրջանային եւ միջազգային ազդանշան չկայ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ քաղաքական յաւելեալ տագնապներու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Էլիզէի պալատէն, կը գրէ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Քաթար կատարած իր այցելութեան ընթացքին Թամիմ պըն Համատ իշխանին հետ քննարկած է Լիբանանի թղթածրարը` աւելցնելով, որ Մաքրոն նոյն հարցը պիտի արծարծէ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ամմանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին շրջագիծին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ֆոն Տեր Լեյեն. «Ազրպէյճան Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Եւրոպայի Վստահելի Գործընկերն Է»

Յաջորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ի Իրլանտական Ջոկատին Ենթարկուած Միջադէպին Հետաքննութիւնը Ընթացքի Մէջ Է

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?