Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 42.500 լ. ոսկի է: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի սէյիտ Հասան Նասրալլայի երէկ երեկոյեան արտասանելիք ճառը ջնջուեցաւ` անհանգստութեան պատճառով: Ճառը պիտի պատկերասփռուի երեքշաբթի, 3 յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանին փրկութիւն չկայ, եթէ զայն յետամնացութեան առանցքէն կարելի չըլլայ փրկել: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս շեշտեց, որ Լիբանանը...

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

Միշել Աուն. «Պըրրի Եղաւ Գլխաւոր Արգելակողը Իշխանութեան Ժամանակաշրջանիս, Իսկ Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչը Հիմնական Պատասխանատուն Է Լիբանանի Ներկայ Իրավիճակին»

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ իր իշխանութեան վեցամեայ ժամանակաշրջանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւելիք յաջորդ փուլին: Ան մաղթեց, որ Լիբանան 2023-ին փոխուի, եւ վերջ գտնեն անոր ապրած ու վկայած տագնապները: Այս շրջագիծին մէջ զօր. Միշէլ Աուն հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հիմնական պատասխանատուն է Լիբանանի ներկայ իրավիճակին: «Ես լաւատես եմ ապագայով եւ կրնամ հաստատել,...

Միքաթի Ասմարի Հետ Քննարկեց Տուրքերու Վերաբերեալ Հարցեր

Միքաթի Ասմարի Հետ Քննարկեց Տուրքերու Վերաբերեալ Հարցեր

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարի: Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ քննարկած են պետական ամավարկի օրինագիծին վերաբերող թիւ 27, թիւ 33 եւ թիւ 35 յօդուածները, որոնց մասին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը հրամանագիր մը հրապարակեցին: Ասմար նշեց, որ հրապարակուած այդ որոշումը մասամբ կամ ամբողջութեամբ անարդար էր...

Պքերքէի Մէջ.   «Վարչապետը Կ՛որոշէ Կառավարութեան Նիստ Գումարելու Կարելիութիւնը»  Շեշտեց Մաուլաուի

Պքերքէի Մէջ. «Վարչապետը Կ՛որոշէ Կառավարութեան Նիստ Գումարելու Կարելիութիւնը» Շեշտեց Մաուլաուի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկիրը յուզող տարբեր հարցերը: «Կը մաղթենք, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւն կատարուի, որպէսզի իշխանութիւնը հաւասարակշռուի, ինչպէս յայտնած էր Ռայի պատրիարքը», հաստատեց ան: Մաուլաուի ընդգծեց, որ կառավարութեան նիստ մը գումարելու որոշումը կը տրուի վարչապետի պաշտօնակատարին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 44.600 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 80.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 83.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 90.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 53.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 709.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Միքաթի Շնորհաւորեց  Աուտէ Եպիսկոպոսը

Միքաթի Շնորհաւորեց Աուտէ Եպիսկոպոսը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Նիքոլա Նահհասի, երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն յայտնեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն: Միքաթի յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսը համաձայն է ամէնէն մօտիկ...

Վառելանիւթի Սակերը Նուազեցան,  Սակայն Քաղաքացին  Դարձեալ Խայտառակուեցաւ

Վառելանիւթի Սակերը Նուազեցան, Սակայն Քաղաքացին Դարձեալ Խայտառակուեցաւ

Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան օրակարգը խոր քունի մէջ է կարծէք: Նախագահական ընտրութիւն կատարելու յոյսի ոչ մէկ նշոյլ կամ շօշափելի նշան գոյութիւն ունի այս օրերուս Լիբանանի մէջ: Միւս կողմէ, տնտեսական տագնապը կը շարունակէ մնալ խելահեղ իր վիճակին մէջ` ժողովուրդին կեանքը վերածելով զսպանակի մը, որ կախեալ է ամերիկեան տոլարի փոխարժէքէն: Այս բոլորին զուգահեռ երէկ կէսօրին արձանագրուեցաւ բարի լուր մը, որուն համաձայն` պենզինի...

Դեսպան Աթաբէկեան  Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներն ու Հայաստանի դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:  

Ռայի Պատրիարք. «Հայրենիքը Վտանգի  Ենթակայ Է, Իսկ Ռըմէյշի Մէջ Հողային  Տարածքներուն Դէմ Արձանագրուած  Ոտնձգութիւնները Մերժելի Են»

Ռայի Պատրիարք. «Հայրենիքը Վտանգի Ենթակայ Է, Իսկ Ռըմէյշի Մէջ Հողային Տարածքներուն Դէմ Արձանագրուած Ոտնձգութիւնները Մերժելի Են»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Սելիմ Սայեղի: Պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին յայտնեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը լիովին կը բաժնէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեցուածքները, որովհետեւ անոնք Լիբանանի շահերուն կը համընկնին: Ան շեշտեց, որ հայրենիքը վտանգի տակ է` աւելցնելով, որ սահմանադրութիւնը տեղ մըն է, իսկ մենք...

ԱՖՓ. «Եւրոպական Դատական  Պատուիրակութիւններ Պիտի Այցելեն Պէյրութ`  Ամբողջացնելու Համար Սալամէին  Վերաբերող Հետաքննութիւնները»

ԱՖՓ. «Եւրոպական Դատական Պատուիրակութիւններ Պիտի Այցելեն Պէյրութ` Ամբողջացնելու Համար Սալամէին Վերաբերող Հետաքննութիւնները»

«Ֆրանս փրես» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց լուր մը, որուն հիման վրայ հաստատեց, որ եւրոպական դատական պատուիրակութիւններ` Ֆրանսայէն, Լիւքսամպուրկէն եւ Գերմանիայէն, յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, 9-20 յունուար պիտի այցելեն Պէյրութ` ամբողջացնելու համար Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին վերաբերող դատական հետաքննութիւնները: Վերոնշեալ երկիրներուն իշխանութիւնները Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթին յայտնեցին, որ կը փափաքին հետաքննութիւն կատարել Սալամէի եւ Կեդրոնական դրամատան պատասխանատուներուն հետ: Նշենք, որ Ռիատ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.600 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 137.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 141.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 152.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 90.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 629.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Այն Թինէի Մէջ.   Պըրրի Եւ Միքաթի Նոյն  Ուղիին Վրայ Կը Գտնուին

Այն Թինէի Մէջ. Պըրրի Եւ Միքաթի Նոյն Ուղիին Վրայ Կը Գտնուին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որ մեկնումի պահուն յայտնեց, թէ ինք տօնական օրերուն առիթով այցելած է Պըրրիի եւ անոր յայտնած իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ մաղթած Լիբանանի բարգաւաճումը: Միքաթի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին հարցերը` հաստատելով, որ ինք եւ Պըրրի նոյն ուղիին վրայ կը գտնուին, ինչպէս նաեւ միշտ կը խորհրդակցին տարբեր...

Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները: Միքաթիի այցելեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի եւ ընկերակցութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Եուսեֆ Խալիլի: Քննարկուեցան ամերիկեան տոլարով աշխատավարձ ստացող սեփական մարզի պաշտօնեաներուն վրայ պարտադրուած տուրքերու հարցն ու անոր յարմար լուծումները:...

Զօր. Աուն Այցելեց Իրլանտացի  Խաղաղապահներուն Զօրանոցը

Զօր. Աուն Այցելեց Իրլանտացի Խաղաղապահներուն Զօրանոցը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող իրլանտական զօրամասին զօրանոցը, որ կը գտնուի Պընթ Ժպէյլի Թիրի գիւղաքաղաքին մէջ: Զօր. Աուն յետմահու պարգեւատրեց Աքիպիէի մէջ սպաննուած իրլանտացի զինուորն ու մեծարեց անոր երեք վիրաւոր ընկերները: Պարգեւատրումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն: Ձեռնարկին ընթացքին, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան անունով...

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դէմ Կայ Դաւադրութեան  Ծրագիր Մը, Որ Կը Միտի Երկիրը Ձգել  Առանց Օրինական Իշխանութեան»

Ռայի Պատրիարք. «Լիբանանի Դէմ Կայ Դաւադրութեան Ծրագիր Մը, Որ Կը Միտի Երկիրը Ձգել Առանց Օրինական Իշխանութեան»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնի նախօրեակին արտասանած իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ կայ դաւադրութեան ծրագիր մը, որ կը միտի արգելակել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ երկիրը ձգել առանց օրինական իշխանութեան: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ միակ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ մարոնի պատրիարքութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնն ու պայքարը Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ` արագացնելու...

Ժըպրան Պասիլ Անպաշտօն Հանդիպումներ  Կ՛ունենայ Լիբանանցի Ղեկավարներու Հետ

Ժըպրան Պասիլ Անպաշտօն Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Լիբանանցի Ղեկավարներու Հետ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին անպաշտօն հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանցի ղեկավարներու հետ: Քննարկումներու արդիւնքներուն մասին ոչինչ յայտնուեցաւ, բացի այն հաստատումէն, որ Պասիլ կատարեց` ընդգծելով, որ տօնական օրերուն առիթով իրենք արձակուրդի մէջ պիտի չըլլան, այլ` պիտի շարունակեն աշխատիլ, խորհրդակցիլ եւ միտքերու փոխանակում կատարել, որպէսզի Նոր տարուան առաջին շաբթուան ընթացքին համապարփակ ու շրջահայեաց կեցուածքով մը ներկայանան բոլորին: Այս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 43.850 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 23.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 24.000 լ. ոսկիով, մազութինը` 26.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 16.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 766.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը`...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 26 եւ երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին:  

Լիբանանի Քաղաքական Ներքին  Տարակարծութեանց Լոյսին Տակ.  Արտաքին Կոչերն Ու Զգուշացումները  Թափ Կը Ստանան

Լիբանանի Քաղաքական Ներքին Տարակարծութեանց Լոյսին Տակ. Արտաքին Կոչերն Ու Զգուշացումները Թափ Կը Ստանան

Հակառակ տօնական օրերու առթած խաղաղասիրական եւ հանդուրժողական ներշնչումի մթնոլորտին, քաղաքական տարակարծութիւնները տակաւին տիրական եւ առկայ են լիբանանեան կողմերու կեցուածքներուն ընդմէջէն: Արդարեւ, մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքը տօնական օրերու նախօրեակի իր հիւրընկալութեանց ողջոյնի խօսքերուն մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէ երկրի ներքին քաղաքական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը: Ընդհանրապէս իր կարծր ոճով ու քննադատական կեցուածքներով յատկանշուող Ռայի պատրիարքը, որ մինչեւ իսկ պահանջեց Լիբանանի հարցը փոխանցել ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ...

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց  Յակոբ Բագրատունիի Դէմ Ժատ Ղոսընի  Ներկայացուցած Վիճարկումը

Սահմանադրական Խորհուրդը Մերժեց Յակոբ Բագրատունիի Դէմ Ժատ Ղոսընի Ներկայացուցած Վիճարկումը

Մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկելու խնդրանքով Սահմանադրական խորհուրդին ներկայացուած դիմումներուն մասին տրուած վճիռներէն վերջինները, որոնք կը վերաբերէին Մեթնի եւ Աքքարի շրջաններուն, հրապարակուեցան երէկ կէսօրին: Այդպիսով յստակ դարձաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի դէմ Ժատ Ղոսընի ներկայացուցած վիճարկումը մերժուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ: Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Թաննուս Մեշլեպ կէսօրին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց,...

Page 296 of 987 1 … 295 296 297 … 987

Արխիւներ