Լիբանանեան

Վարչապետ Միքաթի Հետեւեցաւ Թրիփոլիի  Ապահովական Միջադէպերուն

Միքաթի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 8 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Միւս կողմէ, Միքաթի դարձեալ կոչ ուղղեց համապատասխան դատական իշխանութիւններուն արագացնելու դատական իշխանութիւնն ու գործառնութիւնները օգտագործող եւ օրինազանցութիւններ գործող պատասխանատուները կասեցնելու ընթացքը: Միքաթի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններուն մէջ ապօրինութիւններու կասեցումը արդարութիւնը վերահաստատելու եւ պարտադրելու միակ ձեւն է: Ան...

Բանակը Կը Շարունակէ Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ  Իր Ձերբակալութիւնները Կատարել  Եւ Մեծ Քանակութեամբ Թմրեցուցիչ Գրաւել

Բանակը Կը Շարունակէ Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Իր Ձերբակալութիւնները Կատարել Եւ Մեծ Քանակութեամբ Թմրեցուցիչ Գրաւել

Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ լիբանանեան բանակը անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց ապահովական իր գործողութիւններն ու ներխուժումները, որոնք կը միտին կազմաքանդել թմրեցուցիչ արտադրող եւ մաքսանենգող ցանցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական ապօրինի սահմաններուն վրայ գործող մաքսանենգները, առեւանգողներն ու աւազակները: Երկու շաբաթէ ի վեր լիբանանեան բանակին կողմէ սկսած այս արշաւը Պեքաայի բնակչութեան համար աւելի հանգիստ պայմաններ ստեղծած է: Պաալպեքի բնակիչները հաստատեցին, որ բանակին գործադրած այս արշաւին...

Պու Սաապ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Ֆրենժիէի Անունը Ամէնէն Աւելի Հաւանականն Է»

Պու Սաապ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Ֆրենժիէի Անունը Ամէնէն Աւելի Հաւանականն Է»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու շրջագիծին մէջ խորհրդարանի դիւանը շեշտեց օրէնսդրութիւն կատարելու իր իրաւունքը, «սակայն նկատի ունենալով նախագահական դատարկութեան փուլն ու ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գոյութիւնը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն խնդրեցինք,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.900 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն հետ բանակցութիւնները դրական կերպով ընթանան ու արդիւնաւորուին եւ Լիբանանը հասցնեն այնպիսի լուծումի, որ համապատասխանէ իր շահերուն` հեռու Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուելիք համաձայնութիւններէն: Ռայի պատրիարքը զգուշացուց` անձնական եւ քաղաքական մրցակցութեան լոյսին տակ, լիբանանցիներու գումարներուն եւ...

Դրամատուներու Միութիւնը Մէկ Շաբաթով  Ջնջեց Իր Գործադուլը` Ընդառաջելով  Միքաթիի Փափաքին

Դրամատուներու Միութիւնը Մէկ Շաբաթով Ջնջեց Իր Գործադուլը` Ընդառաջելով Միքաթիի Փափաքին

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց դրամատուներուն յայտարարած գործադուլին վերջ տալու կարելիութիւնները: Հանդիպումէն ետք Դրամատուներու միութեան օրինական ներկայացուցիչ Աքրամ Ազուրի յայտնեց, որ ընդառաջելով Միքաթիի փափաքին, զգալով տնտեսական դժուար պայմաններն ու ծառայելով պաշտօնեաներու շահերուն, Դրամատուներու միութիւնը մէկ շաբաթով ջնջեց իր գործադուլը: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին Դրամատուներու միութիւնը գումարէ ժողով մը եւ...

Դատախազ Ղատա Աուն Արգիլեց Ռիատ Սալամէն Իր Բոլոր Կալուածներն Ու Ինքնաշարժները Գործածելէ

Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Միքաթիին Եւ Մաուլաուիին Հրաժարելու Իրենց Որոշումներէն

Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին եւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարին պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին հրաժարելու իրենց որոշումներէն, որոնք կը վերաբերին օրինական ձեւերու դիմելու, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութիւնը օրինազանցութիւններէ պահպանել: Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը հաստատեց, որ Միքաթիի եւ Մաուլաուիի որոշումները խոցելի կը դարձնեն իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան սկզբունքը, որ կ՛ապահովէ բոլորին շահերը,...

Պասիլ. «Քաղաքական Գործունէութեան Մէջ  Սնանկութեան Գագաթնակէտն Է, Երբ Վարչապետ Մը  Ներքին Գործոց Նախարարէն Խնդրէ` Դատական  Իշխանութեան Հրահանգները Չգործադրել»

Պասիլ. «Քաղաքական Գործունէութեան Մէջ Սնանկութեան Գագաթնակէտն Է, Երբ Վարչապետ Մը Ներքին Գործոց Նախարարէն Խնդրէ` Դատական Իշխանութեան Հրահանգները Չգործադրել»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ սահմանադրական իշխանութիւնները գլխաւորող վարչակազմի տարրերը խեղդուած կը զգան, «եւ այդ պատճառով ալ անոնք փութացին իրենք զիրենք եւ իրենց գործակիցները, որոնց շարքին` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը դրամատուներ պաշտպանելու», ըսաւ ան: Պասիլ նկատել տուաւ, որ քաղաքական գործունէութեան մէջ սնանկութեան եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.400 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.473.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.508.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.396.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 980.000 լ. ոսկի: ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգը յղեց նախարարներուն, որպէսզի անոնք նախապէս իմանան ժողովին ընթացքին...

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք  Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն  Վրայ Յարձակումները»

Դրամատուներու Միութիւնը Իրեն Հանդէպ Վարուելակերպի Սրբագրութիւն Կը Պահանջէ

Դրամատուներու միութեան օրինական ներկայացուցիչ Աքրամ Ազուրի յայտնեց, որ դրամատուներուն հետ սխալ վարուելակերպի սրբագրութիւնը Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին եւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատարին, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն պատասխանատուութիւնն է: Ազուրի նշեց, որ ինք` իբրեւ Դրամատուներու միութեան օրինական ներկայացուցիչ, իրաւունք ունի քննադատելու դատական որեւէ որոշում, որ պակասաւոր է եւ խախուտ` առանց դատախազին դէմ ցեխարձակումի: Ան շեշտեց, որ իրենք օրինական կերպով կը մերժեն նման...

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Միքաթի Նախագահական  Դատարկութեան Փուլը Կ՛օգտագործէ  Հարուածելու Համար Ազգային Ուխտը»

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Միքաթի Նախագահական Դատարկութեան Փուլը Կ՛օգտագործէ Հարուածելու Համար Ազգային Ուխտը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը, գումարելէ ետք իր ժողովը, յայտարարեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախագահական դատարկութեան փուլը կ՛օգտագործէ հարուածելու համար ազգային համագործակցութիւնը եւ ազգային ուխտը: Ազգային ազատ հոսանքը նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթի կը վարուի այնպէս, կարծէք երկրին իշխանութեան սահմանադրական վարչակազմը ամբողջական է: Ազգային ազատ հոսանքը խստիւ քննադատեց Միքաթիի նախագահութեամբ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գումարած ժողովները, որոնք երկիրը կ՛առաջնորդեն...

Նայիմ Քասեմ. «Կտրականապէս Կը Մերժենք  Ռիատ Սալամէի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Նայիմ Քասեմ. «Կտրականապէս Կը Մերժենք Ռիատ Սալամէի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան` նշելով, որ խորհրդարանին մէջ կան 6-7 երեսփոխանական պլոքներ, որոնք ազդեցիկ են հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու առումով եւ անոնք ձեւով մը համախոհութեան կարիք ունին` նախագահական ընտրութեան համար մեծամասնութիւն երաշխաւորելու: Քասեմ նկատել տուաւ, որ ներկայ խորհրդարանը նախորդներուն նման երկու առանցքներու միջեւ ուղղահայեաց բաժանումի պատկեր մը չի կազմեր, հետեւաբար պէտք...

Պայրամ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի  Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

Պայրամ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւններու Ամրապնդումը

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Ահմետ Ասատիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Պայրամ եւ Ասատի քննարկեցին նաեւ բանուորներու փոխանակման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ սերտեցին տարբեր արհեստներու վերաբերեալ վարժանիստեր կազմակերպելու յատուկ համաձայնագիր մը մշակելու կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ այդ համաձայնագիրին գործադրութեան պէտք է հսկեն Լիբանանի եւ Իրաքի աշխատանքի նախարարութիւնները: Քննարկուեցան...

Դատախազ Համուշ Ռիատ Եւ Ռաժա Սալամէները  Ամբաստանեց Դրամի Լուացումի Եւ Այլ Յանցանքներով

Դատախազ Համուշ Ռիատ Եւ Ռաժա Սալամէները Ամբաստանեց Դրամի Լուացումի Եւ Այլ Յանցանքներով

Պէյրութի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ռաժա Համուշ երէկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ անոր եղբայրը` Ռաժա Սալամէն ու անոր օգնական Մարիան Հուայեքը ամբաստանեց դրամի լուացումի, իւրացումի, տուրքերը չվճարելու եւ կեղծելու յանցանքներով: Իր կարգին, Ռիատ Սալամէ վերահաստատեց, որ ինք նման յանցանքներ չէ գործած` աւելցնելով, որ ինք կը յարգէ դատական իշխանութեան եւ արդարադատութեան օրէնքները, հետեւաբար յանձնառու պիտի մնայ այդ օրէնքները պարտադրող...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.500 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.484.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.520.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.417.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 975.000 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԻ Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 6:23-ին Սայտայի հանդիպակաց ծովուն մէջ արձանագրուած է...

Միքաթի Մաուլաուիէն Կը Պահանջէ Օրինական  Ձեւերու Դիմել Եւ Պահպանել Արդարութիւնը`  Դատախազ Աունի Օրինազանցութիւններէն

Միքաթի Մաուլաուիէն Կը Պահանջէ Օրինական Ձեւերու Դիմել Եւ Պահպանել Արդարութիւնը` Դատախազ Աունի Օրինազանցութիւններէն

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին յղեց գիր մը, որուն մէջ պահանջեց դիմել օրինական ձեւերու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել արդարութիւնը` Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունի օրինազանցութիւններէն: Այս առումով, Միքաթի իր գիրին կցեց դատախազ Աունի դէմ արձանագրուած բոլոր բողոքներն ու անոր գործած օրինազանցութիւնները: Մաուլաուի վարչապետի պաշտօնակատարին գիրը ստանալէ անմիջապէս ետք Ներքին...

Ֆրանսա Եւ Միացեալ Նահանգներ Անհրաժեշտ  Կը Նկատեն Լիբանանի Հանրապետութեան  Նոր Նախագահի Ընտրութիւնը

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Ճշդելու Համար Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Եւ Փոխադրածախսի Յաւելումները

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ անոր դիմագրաւած տարբեր տագնապներուն լուծումներ ապահովելու մասին արտաքին աշխարհին ցուցաբերած անտարբերութիւնը կը դրսեւորուի երկրին վրայ եւ կը դժուարացնէ լիբանանցիներուն կեանքը: Լիբանանի նախագահական ընտրութեան նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային հետաքրքրութիւնը դրսեւորուեցաւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումով: Սակայն նոյնիսկ այդ ժողովին կարելի չեղաւ լուծման մը յանգիլ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր ունէր քաղաքական իր յատուկ օրակարգը, եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.500 լ. ոսկի է: ԼԻԲԱՆԱՆԻ Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 8:01-ին Սայտայէն 61 քմ անդին հարաւային Լիբանանի ծովուն մէջ արձանագրուած է 4.3 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը: Երկրաշարժը զգացած են լիբանանեան տարբեր շրջաններու բնակիչները: Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ առաւօտեան երկրաշարժը անկարելի է, որ Լիբանանին ծովաշարժի վտանգ պատճառէ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել...

Մինչ Տնտեսական Մարզի Տոլարայնացումը  Կը Հաստատէ Ինքզինք, Լիբանանցիները Դարձեալ  Սարսափի Կը Մատնուին` Երկրաշարժի  Յետցնցնումներուն Պատճառով

Մինչ Տնտեսական Մարզի Տոլարայնացումը Կը Հաստատէ Ինքզինք, Լիբանանցիները Դարձեալ Սարսափի Կը Մատնուին` Երկրաշարժի Յետցնցնումներուն Պատճառով

Լիբանանցիները նախանցեալ գիշեր դարձեալ զգացին Ալեքսանտրէթը հարուածած երկրաշարժին յետցնցումը, որուն պատճառով սարսափահար լքեցին իրենց բնակարանները եւ ուղղուեցան բացօթեայ տարածքներ, ուր քանի մը ժամ մնալէ ետք ոմանք վերադարձան իրենց բնակարանները, իսկ ուրիշներ գիշերեցին հոն` իրենց ինքաշարժներուն մէջ: Ի տես սարսափին եւ ստեղծուած իրարանցումին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի որոշեց 21 փետրուար 2023-ին փակել դպրոցներն ու համալսարանները` թելադրելով, որ...

Այն Թինէի Մէջ.   «Պէտք Է Անմիջապէս Հանրապետութեան  Նախագահ Ընտրել»  Շեշտեց Էլիաս Մըր

Այն Թինէի Մէջ. «Պէտք Է Անմիջապէս Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Էլիաս Մըր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Էլիաս Մըրը` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` երեսփոխան Միշել Մըրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Էլիաս Մըր ըսաւ. «Ամօ՛թ է իրարու հանդէպ յաւելաբանութիւններ կատարել: Պահանջուածը այն է, որ երեսփոխանները ուղղուին խորհրդարան, օրինաթիւ գոյացնեն եւ անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ ընտրեն: Ոչ ոք թող մտածէ, որ քաոսը կամ սնանկացումը...

Իրաքի Նախագահը Պայրամի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Գործակցութիւնը  Ամրապնդելու Հեռանկարները

Իրաքի Նախագահը Պայրամի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտ երէկ Պաղտատի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իրաք գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային այդ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ պահելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Իրաք միշտ կը զօրակցի Լիբանանին: Ռաշիտ շեշտեց, որ իրենք վստահութիւն ունին ներկայ փուլը շրջանցելու լիբանանցիներու...

Page 285 of 987 1 … 284 285 286 … 987

Արխիւներ