Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Մէջ.  ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն  Մաս Կազմող Հայկական Ուժերու  Հերթափոխի Արարողութիւն

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ուժերու Հերթափոխի Արարողութիւն

20 փետրուար 2023-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի, ուղղուեցաւ հարաւային Լիբանան: Դեսպան Աթաբէկեան եւ գնդապետ Մուշեղեան ներկայ գտնուեցան Շամաա գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի արեւմտեան զօրանոցին մէջ տեղի ունեցած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական զօրախումբին հերթափոխի դրօշի յանձնման պաշտօնական արարողութեան: Նշենք, որ դեսպան Աթաբէկեան դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ...

Մըքկըրք. «Կարեւորը Ներկայիս Լիբանանի  Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութիւնն Է»

Մըքկըրք. «Կարեւորը Ներկայիս Լիբանանի Հանրապետութեան Նոր Նախագահի Ընտրութիւնն Է»

Սպիտակ տան մօտ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ապահովական հարցերու համադրող Պրեթ Մըքկըրք հաստատեց, որ իրենք գրեթէ օրական դրութեամբ կ՛ընդգծեն Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Մըքկըրք շեշտեց, որ Փարիզի մէջ գումարուած է ժողով մը` Լիբանանի զօրակցող եւ օժանդակող երկիրներուն միջեւ, եւ այդ ժողովին ընթացքին արձանագրուած են յստակ կեցուածքներ, որոնց լոյսին տակ հաստատուած է, որ իրենք կոչ կ՛ուղղեն եւ կը քաջալերեն...

Յուլիս Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 11,42 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Յունուար Ամսուան Ընթացքին Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 8,43 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրած Են

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2023-ի յունուար ամսուան սպառողական ապրանքներու սակերը 8,43 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2022-ի դեկտեմբեր ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճի համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 8,31 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 8,55 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 8,40 առ հարիւր: - Պեքաայի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 82.100 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.493.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.529.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.426.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 981.000 լ. ոսկի: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ սխալ...

Լիբանան-Սուրիա Խորհրդարանական Եղբայրութեան  Եւ Բարեկամական Յանձնախումբէն  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախագահ Ասատի

Յ. Բագրատունի Նախագահ Ասատի Փոխանցեց Հայութեան Ցաւը` Ի Տես Ահաւոր Երկրաշարժին

Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախագահ Պաշշար Ասատին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ցաւը` ի տես ահաւոր երկրաշարժին, աւելցնելով, որ արդէն վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Հալէպ լաւագոյն փաստն է այն իրողութեան, թէ Սուրիան ի՛նչ արժէք կը ներկայացնէ հայութեան համար: Ան շեշտեց, որ սփիւռքի հայութիւնը զօրաշարժի մէջ...

Լիբանան-Սուրիա Խորհրդարանական Եղբայրութեան  Եւ Բարեկամական Յանձնախումբէն  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախագահ Ասատի

Լիբանան-Սուրիա Խորհրդարանական Եղբայրութեան Եւ Բարեկամական Յանձնախումբէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Նախագահ Ասատի

Լիբանան-Սուրիա խորհրդարանական եղբայրութեան եւ բարեկամական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի, այցելեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ղազի Զաայթեր, Իպրահիմ Մուսաուի, Ժիհատ Սամատ, Թոնի Ֆրենժիէ, Սամեր Թում եւ Քասեմ Հաշեմ: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Ասատին փոխանցեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պատգամ...

Դրամատուները Կը Շարունակեն  Իրենց Դռները Փակ Պահել, Իսկ Սակերը`  Դէպի Ամբողջական Տոլարացում

Դրամատուները Կը Շարունակեն Իրենց Դռները Փակ Պահել, Իսկ Սակերը` Դէպի Ամբողջական Տոլարացում

Դրամատուներու միութեան հաստատումով, Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դրամատուները կը շարունակեն իրենց դռները փակ պահել, միւս կողմէ, երկրին մէջ սպառողական մակարդակի վրայ բոլոր ապրանքատեսակները կ՛ուղղուին դէպի տոլարացում: Մինչ լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկումի իր գահավէժ ընթացքը, լիբանանցին աւելի եւս կը կքի սղաճի պարտադրած բեռին տակ եւ... Այս շրջագիծին մէջ պետական դպրոցները կը մնան փակ, որովհետեւ ուսուցիչները կը մերժեն վերադառնալ դպրոց` պահանջելով...

Պըրրի Նախագահեց  Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Պըրրի Նախագահեց Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, ընդհանուր քարտուղարներ Ալեն Աունի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ դիւանի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երեսփոխաններ Ապտել Քերիմ Քապպարայի եւ Միշել Մուսայի, եւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ դիւանը շարունակած է իր քննարկումները,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 82.700 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.479.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.514.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.425.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 967.000 լ. ոսկի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց լիբանանեան բանակի...

Ղովմի Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ`  Սուրիոյ Զօրակցական Հաւաք

Ղովմի Կուսակցութեան Կազմակերպութեամբ` Սուրիոյ Զօրակցական Հաւաք

Ղովմի կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, «Պրիսթոլ» պանդոկի «Նահատակ Խալետ Օլուան»-ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ զօրակցական հաւաք մը` «Շրջափակումի խզում» խորագիրով, որուն ներկայ գտնուեցան Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Հասան Մըրատ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի, Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան գործավար Ալի Տողման, Լիբանանի...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Կը Ցաւակցի Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Ցաւակցի Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ցաւակցեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, անոր յղելով ցաւակցագիր մը` ի տես Սուրիան հարուածած երկրաշարժին եւ անոր պատճառած մարդկային հսկայական վնասներուն: Միւս կողմէ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատուն` ցաւակցութիւն յայտնելու դեսպանատան գործավար Ալի Տողմանի: Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, իբրեւ Լիբանան-Սուրիա խորհրդարանական բարեկամական...

Մամլոյ Արձակուրդ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 17 փետրուար 2023-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 18 փետրուար 2023-ին:

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք  Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն  Վրայ Յարձակումները»

Աշխատաւորական Եւ Փոխադրութեան Համադաշնակցութիւններու Ճշդած Այսօրուան Ընդհանուր Գործադուլը Կ՛առկախուի

Լիբանանի տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի տագնապները հետզհետէ աւելի կը սրին, իսկ քաղաքական առումով ամէն բան կը մնայ տեղքայլի մէջ: Սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի սակը հասած է շուրջ 77.000 լ. ոսկիի` աղքատի սեղանէն խլելով նոյնիսկ բանջարեղէնով սնանելու կարելիութիւնը: Ճիշդ է, որ երկրի վիճակին բարելաւման նկատմամբ իր յոյսը օրըստօրէ կորսնցնող լիբանանցին հակուած է աւելի քան երբեք որդեգրելու յուսահատութեան ուղին, սակայն...

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Պըրրի Ժոմպլաթի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխաններ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աքրամ Շեհայէպ, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ Թայմուր Ժոմպլաթի խորհրդական Հուսամ Հարպ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, ապրուստի եւ կրթական մարզին վերաբերող տագնապները: Հանդիպումէն ետք Շեհայէպ յայտնեց, որ...

Հարիրիի Սպանութեան 18-րդ Տարելիցին Առիթով`  «Աստուած Փրկէ Լիբանանը»   Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Հարիրիի Սպանութեան 18-րդ Տարելիցին Առիթով` «Աստուած Փրկէ Լիբանանը» Շեշտեց Սաատ Հարիրի

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 18-րդ տարելիցին առիթով, երեքշաբթի, 14 փետրուար 2023-ին մեծ թիւով լիբանանցիներ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը, ուր կը գտնուի Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը: Հարիրիի յիշատակին առիթով մեծ թիւով քաղաքացիներ աղօթեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին անոր դամբարանին վրայ: Դամբարան այցելեցին նաեւ լիբանանցի պետական պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխաններ եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետեւորդներ ու համակիրներ: Նախկին վարչապետ...

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Աունի

Դեսպան Աթաբէկեան Այցելեց Աունի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւնները:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հրապարակէ Թուրքիոյ Երկրաշարժին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Թիւերը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հրապարակէ Թուրքիոյ Երկրաշարժին Զոհ Գացած Լիբանանցիներուն Թիւերը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ երկրաշարժին պատճառով Թուրքիոյ մէջ մահացած լիբանանցիներուն թիւերը: Հաղորդագրութեան համաձայն, մահացած են 9 լիբանանցիներ, որոնցմէ վեցը թաղուած են Թուրքիոյ մէջ, իսկ մնացեալ երեքին դիակները փոխադրուած են Լիբանան: Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ղասսան Մոալլեմ յայտնեց, որ ցարդ երկրաշարժին զոհ գացած 6 լիբանանցիներ թաղուած են Թուրքիոյ մէջ, անոնց հարազատներուն...

Միխայէլ Տահեր Մահացաւ

Միխայէլ Տահեր Մահացաւ

Նախկին երեսփոխան Միխայէլ Տահեր երեքշաբթի, 14 փետրուարին մահացաւ. ան 95 տարեկան էր: Տահերի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` ուրբաթ, 17 փետրուար 2023-ին, Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ: Ապա անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Քըպէյյաթ, ուր պիտի կատարուի թաղման արարողութիւն: Նշենք, որ երեսփոխան ըլլալու կողքին, Տահեր 1992-ին մաս կազմած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան` իբրեւ կրթութեան նախարար: Ան նաեւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 76.500 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի զոյգ սակացոյցեր` առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: Զոյգ սակացոյցերուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.396.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.428.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.369.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 903.000 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, մէկ փոքր կապ...

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները  Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

Խորհրդարանի Դիւանը Իր Քննարկումները Պիտի Շարունակէ Յառաջիկայ Երկուշաբթի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ ընդհանուր քարտուղարներ Ալեն Աունի եւ Հատի Ապուլ Հասանի, ինչպէս նաեւ դիւանի անդամներ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ապտել Քերիմ Քապպարայի եւ Միշել Մուսայի: Նիստէն ետք խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը իր քննարկումները պիտի շարունակէ երկուշաբթի, 20 փետրուար 2023-ին, կէսօրէ ետք...

Page 286 of 987 1 … 285 286 287 … 987

Արխիւներ