Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 25, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.400 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.473.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.508.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.396.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 980.000 լ. ոսկի:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգը յղեց նախարարներուն, որպէսզի անոնք նախապէս իմանան ժողովին ընթացքին քննարկուելիք հարցերը: Կը նախատեսուի, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կառավարութիւնը երկուշաբթի օր նիստի մը հրաւիրէ:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ յայտնեց, որ ուրիշը ջնջելու, երկխօսութիւնը մերժելու եւ ատելութիւն սերմանելու ընթացքը կ՛առաջնորդէ դէպի նոր քաղաքացիական պատերազմ մը, որ մերժելի է:

ՊԵՏԱԿԱՆ հաստատութիւններու մէջ գործող պաշտօնեաներու լիկան իր գործադուլը երկարաձգեց մինչեւ 3 մարտ 2023` պահանջելով իրենց համար տրամադրել բժշկական խնամքի ամբողջական հովանաւորութիւն, աշխատավարձի յաւելում եւ փոխադրածախս:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 6 մարտ 2023-էն սկսեալ քաղաքացիները կրնան անցագիր ստանալու իրենց դիմումները կատարել առանց կանխաւ առնուած ժամադրութեան, իսկ անցագիրը ստանալու գործառնութիւնը առաւելագոյնը 25 օր կրնայ տեւել:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հետ: Քննարկուեցան նախարարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ կարգ մը դատաւորներ վերածուած են լիբանանցիներու շահերը չքացնելու, ինչպէս նաեւ ոճրագործներն ու ահաբեկիչները պաշտպանելու տարրերու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Լիբանան գարնան պիտի ունենայ գերիշխան, փրկարար եւ դիմադրութեան առանցքէն հեռու հանրապետութեան նախագահ մը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենց ծրագիրը պիտի մնայ Լիբանանեան հարցը` աւելցնելով, որ Լիբանանի այսօրուան քաղաքական անապատը մտած եւ անոր մէջէն անցնող քաղաքական ուժը կարողութիւն ունի ստանձնելու երկրին վերակառուցումը:

ՏԱՐԱՅԱ գիւղաքաղաքին մէջ երէկ առաւօտեան գտնուեցան երեք դիակներ, որոնցմէ երկուքը` մօր եւ զաւկին դիակները` բնակարանի մը մէջ էին, իսկ հօր դիակը` բնակարանէն դուրս: Ցնցիչ այս դէպքին մասին բացուեցաւ հետաքննութիւն` բացայայտելու համար քստմնելի այս ոճիրին ծալքերը:

 

Նախորդը

Մոլտովան Դուրս Կու Գայ ԱՊՀ-էն

Յաջորդը

Պասիլ. «Քաղաքական Գործունէութեան Մէջ Սնանկութեան Գագաթնակէտն Է, Երբ Վարչապետ Մը Ներքին Գործոց Նախարարէն Խնդրէ` Դատական Իշխանութեան Հրահանգները Չգործադրել»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.