Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 23, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.500 լ. ոսկի է:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 8:01-ին Սայտայէն 61 քմ անդին հարաւային Լիբանանի ծովուն մէջ արձանագրուած է 4.3 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը: Երկրաշարժը զգացած են լիբանանեան տարբեր շրջաններու բնակիչները: Երկրաբանական ազգային կեդրոնը հաստատեց, որ առաւօտեան երկրաշարժը անկարելի է, որ Լիբանանին ծովաշարժի վտանգ պատճառէ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ Մոհամետ պըն Սալման գահաժառանգ իշխանին յղեց շնորհաւորական հեռագիր մը` Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան հիմնադրութեան առիթով: Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կը մնայ արաբականութեան եւ իսլամականութեան պաշտպանը բոլոր ժամանակներուն համար:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա շեշտեց, որ Լիբանան շատ դժուար պայմաններ կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է համաձայնին հասարակ յայտարարներու շուրջ եւ հայրենիքի շահերը գերադասեն այլ շահերէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Տուպայի մէջ կազմակերպուած սննդեղէնի ճարտարարուեստին առումով ինք զարմացած է, որ կարգ մը լիբանանցի ճարտարարուեստի սեփականատէրեր կը մտածեն իրենց աշխատանքը Ծոցի երկիրներ փոխադրելու մասին: «Ասիկա ցոյց կու տայ ապագային Լիբանանի ապրելիք տնտեսական եւ ելեւմտական ողբերգութեան տարողութիւնը», ըսաւ ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քապալան Քապալան կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան այնպիսի նախագահ մը, որուն վայել է լիբանանցի ժողովուրդին զոհողութիւննները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ ոմանք 5 ամիսներէ ի վեր կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութեան կայացումը` աւելցնելով, որ անոնք պէտք է ստանձնեն քաղաքական իրենց պատասխանատուութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ օրէնսդրական նիստը յետաձգուած է ցնոր տնօրինում` ընդգծելով այն իրականութիւնը, որ խորհրդարանը իրաւունք ունի օրէնսդրական աշխատանք կատարելու: Ան դիտել տուաւ, որ մեծ թիւով երեսփոխաններու կողմէ օրէնսդրական նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը իսկական տագնապ մը կը նկատուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ պատերազմի սպառնալիքը, թէ պատերազմ մը կրնայ բռնկեցնել, եթէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ պատժամիջոցներ հաստատուին, կը փաստէ մաֆիայի եւ միլիսի միջեւ գոյութիւն ունեցող կառուցային կապը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ, պատասխանելով վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հարցազրոյցին, ըսաւ. «Կարեւորը այն է, որ երկրին իշխող վարչակազմն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը շատ լաւ են»:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ հիմնադրութեան տարեդարձը` հաստատելով, որ Ռիատ տակաւին նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ կը փորձէ զայն դուրս բերել իր տագնապներէն:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Ֆիլիփեան Կղզիներ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Ճշդելու Համար Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Եւ Փոխադրածախսի Յաւելումները

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?