Պէյրութի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ռաժա Համուշ երէկ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ անոր եղբայրը` Ռաժա Սալամէն ու անոր օգնական Մարիան Հուայեքը ամբաստանեց դրամի լուացումի, իւրացումի, տուրքերը չվճարելու եւ կեղծելու յանցանքներով:
Իր կարգին, Ռիատ Սալամէ վերահաստատեց, որ ինք նման յանցանքներ չէ գործած` աւելցնելով, որ ինք կը յարգէ դատական իշխանութեան եւ արդարադատութեան օրէնքները, հետեւաբար յանձնառու պիտի մնայ այդ օրէնքները պարտադրող հոլովոյթներուն: Ան հաստատեց, որ ամբաստանեալը կը մնայ անմեղ, մինչեւ անոր դատապարտումը:


