Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

February 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 8 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միւս կողմէ, Միքաթի դարձեալ կոչ ուղղեց համապատասխան դատական իշխանութիւններուն արագացնելու դատական իշխանութիւնն ու գործառնութիւնները օգտագործող եւ օրինազանցութիւններ գործող պատասխանատուները կասեցնելու ընթացքը:

Միքաթի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններուն մէջ ապօրինութիւններու կասեցումը արդարութիւնը վերահաստատելու եւ պարտադրելու միակ ձեւն է:

Ան հաստատեց, որ պէտք է բոլորին համար յստակ դառնայ, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին յղած իր գիրը կը միտէր քաղաքական հաշիւներ փակելու համար դատական իշխանութիւնն ու օրէնքը շահագործելու վտանգաւոր ընթացքի մը վերջ տալու նպատակով էր եւ ոչ թէ օրէնքի խախտում կատարող անհատներու հովանաւորութիւն ապահովելու:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ ինք այս կեցուածքը արտայայտած է նաեւ Դրամատուներու միութեան պատուիրակութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ իրենց նպատակն է պահպանել դրամատնային մարզը, որ երկրին տնտեսութեան հիմնասիւնն է, «սակայն այս չի նշանակեր, թէ մենք կը պաշտպանենք օրինազանցութիւն գործած դրամատուներու պատասխանատուները», ըսաւ ան:

Միքաթի ընդգծեց, որ պետութիւնը կողմնակալութիւն չի կատարեր եւ անիկա դրամատուներուն կողքին կանգնելով դրամատուներուն մէջ հաշիւ ու գումար ունեցող քաղաքայիններուն դէմ չի հակադրուիր: «Ընդհակառակն` մենք խորհրդարանին եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ ամէն ջանք ի գործ կը դնենք, որպէսզի լիբանանցիներուն գումարները վերադարձուին», հաստատեց ան:

Նշենք, որ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քուէյթի շէյխ Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին հետ` շնորհաւորելու համար Քուէյթի Ազգային տօնը: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ պատմական յարաբերութիւնը պիտի շարունակէ մնալ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրութեան եւ բարեկամութեան խորհրդանիշը:

Ան շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Սալեմ Ապտալլա Ժապեր Սապահի հետ:

 

 

Նախորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Իր Ձերբակալութիւնները Կատարել Եւ Մեծ Քանակութեամբ Թմրեցուցիչ Գրաւել

Յաջորդը

Աքքարի Մէջ. Շէյխ Ահմետ Ռիֆայի Սպաննուած Գտնուեցաւ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.