Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքի Նախագահը Պայրամի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

February 22, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Լաթիֆ Ժամալ Ռաշիտ երէկ Պաղտատի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իրաք գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ տնտեսական, առեւտրական եւ մշակութային այդ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ պահելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ Իրաք միշտ կը զօրակցի Լիբանանին:

Ռաշիտ շեշտեց, որ իրենք վստահութիւն ունին ներկայ փուլը շրջանցելու լիբանանցիներու կարողութեան վրայ:

Ռաշիտ շեշտեց նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ընդարձակելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է փոխանակել փորձառութիւն, կազմակերպել այցելութիւններ, յատկապէս` աշխատանքային մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ երկու շուկաները իրարու դիմաց բաց պահել:

Պայրամ իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ յարաբերութիւնները` պետական եւ ժողովրդային մակարդակներուն վրայ, ամուր են եւ անոնք աւելի եւս ամրապնդուած են անցնող դժուար ու տագնապալի պայմաններուն ընթացքին:

Ան մաղթեց, որ այդ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը աւելի եւս կը հզօրանան` Իրաքի մէջ լիբանանցիներուն, իսկ Լիբանանի մէջ իրաքցիներուն աշխատանքային պայմանները բարելաւելով:

Պայրամ խնդրեց նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ վիզայի դրութիւնը ջնջուի եւ այդ քայլը ըլլայ փոխադարձ` երկու երկիրներուն պարագային:

Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները մնան եղբայրական եւ աւելի եւս ամրապնդուին:

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Մաս Կազմող Հայկական Ուժերու Հերթափոխի Արարողութիւն

Յաջորդը

Այն Թինէի Մէջ. «Պէտք Է Անմիջապէս Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել» Շեշտեց Էլիաս Մըր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.