Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Մաուլաուիէն Կը Պահանջէ Օրինական Ձեւերու Դիմել Եւ Պահպանել Արդարութիւնը` Դատախազ Աունի Օրինազանցութիւններէն

Փետրուար 23, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիին յղեց գիր մը, որուն մէջ պահանջեց դիմել օրինական ձեւերու, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել արդարութիւնը` Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աունի օրինազանցութիւններէն:

Այս առումով, Միքաթի իր գիրին կցեց դատախազ Աունի դէմ արձանագրուած բոլոր բողոքներն ու անոր գործած օրինազանցութիւնները:

Մաուլաուի վարչապետի պաշտօնակատարին գիրը ստանալէ անմիջապէս ետք Ներքին ապահովութեան ուժերէն եւ Ընդհանուր ապահովութենէն պահանջեց դատախազ Աունի որոշումները չգործադրել, մինչեւ որ դատական հեղինակութիւն մը հաստատէ այդ որոշումները:

Դատախազ Աուն կոչ ուղղեց Եւրոպական խորհրդարանի միջազգային իշխանութիւններուն պաշտպանելու օրէնքը` աւելցնելով, որ Միքաթի կը միջամտէ դատական իշխանութիւններուն եւ արդարադատութեան մարզի աշխատանքներուն` կասեցնելու համար դրամատուներուն եւ դրամի լուացումին հարցով բացուած դատական հետաքննութիւնները:

«Միքաթի ապօրինաբար միջամուխ կը դառնայ արդարադատութեան աշխատանքին, երբ ան Մաուլաուիէն կը խնդրէ կասեցնել Լեռնալիբանանի վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազի որոշումներուն գործադրութիւնը», հաստատեց Աուն:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց Աունի:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Միքաթի արդարադատութեան եւ դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ չի դառնար, այլ` ներքին գործոց նախարարին յղած է գիր մը, որ կը բովանդակէ կարգ մը դատախազներու վերագրուող օրինազանցութիւնները:

Նեժիպ Միքաթի Այցելեց Պհաննեսի
Երկրաբանական Ազգային Կեդրոնը

Նեժիպ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին այցելեց Լիբանանի Երկրաբանական ազգային կեդրոնը, որ կը գտնուի Պհաննես գիւղաքաղաքին մէջ:

Միքաթի հետեւեցաւ այն աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին Երկրաբանական ազգային կեդրոնին մէջ` Լիբանանի ենթարկուելիք երկրաշարժային վտանգները արժեւորելու իմաստով:

Միքաթի կեդրոնին մէջ մանրամասն բացատրութիւններ լսեց կատարուած աշխատանքին մասին, ինչպէս նաեւ իրազեկ դարձաւ գիտական այս մանրամասնութիւններուն, որոնք կը վերաբերին երկրաշարժային գօտիներուն, սալերուն, ծովու մակընթացութեան եւ տեղատուութեան եւ Միջերկրական ծովուն մէջ ծովաշարժի պարագային նշաններ ստանալու ցանցի գոյութեան:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Միքաթի հաստատեց, որ գիտութեան համաձայն, ոչ ոք կրնայ կռահել, թէ ե՛րբ երկրաշարժ մը կամ ցնցում մը կրնայ արձանագրուիլ:

Միքաթի. «Ռիատ Սալամէն Չեմ Պաշտպաներ Եւ
Կը Փորձեմ Դրամատուներու Գործադուլին Վերջ Տալ»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի նախանցեալ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք քաջատեղեակ է երկրին մէջ պատահած բոլոր հարցերէն, ինչպէս նաեւ քաջածանօթ է քաղաքացիներու տառապանքին ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մեղմացնելու լիբանանցիին վրայ ճնշող ընկերային տագնապը:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք կը փափաքի լիբանանցիներուն միջեւ կապը ըլլալ եւ ոչ մէկ ձեւով կը ցանկայ դարձեալ վարչապետի պաշտօն ստանձնել:

Միքաթի ընդգծեց, որ ինք պատասխանատու է երկրին մէջ ընդհանուր կարգ ու կանոնի պահպանումին` աւելցնելով, որ դրամատնային մարզը երկրին հիմնասիւներէն է: Ան նշեց, որ ինք կը փորձէ դրամատուներու գործադուլին վերջ տալ` աւելցնելով, որ այդ գործադուլը յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին վերջ պիտի գտնէ:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ ինք պիտի ջանայ պաշտպանել դրամատնային մարզը, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը վերաշխուժացնել:

Միքաթի հաստատեց, որ ինք դատական իշխանութիւններու աշխատանքին միջամուխ չի դառնար` նշելով, որ դրամատուներու շրջագիծին մէջ «դրամի լուացում»-ը խիստ մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը վնասէ Լիբանանի վարկին: «Քանի մը օր առաջ դրամատուները հրկիզողները դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող քաղաքացիներ չէին, եւ այս մասին կան ապահովական տեղեկագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն մանրամասնութիւններ եւ տեղեկութիւններ», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք չէ մտահոգուին երկրին ապահովական կացութեամբ` դիտել տալով, որ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է, եւ այս իմաստով ապահովութեան ուժերուն կատարած աշխատանքը ողջունելի է: Այս առումով ան յայտնեց, որ իրմէ պահանջուած է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով օրինական ելք մը գտնել` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

Միքաթի յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Վատիկան եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը: «Ճիգ չենք խնայեր պահպանելու հայրենիքը, եւ անոր փրկութիւնը դժուար չէ: Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին գործակցելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին փլուզումին վերջ տալ», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ Փարիզի մէջ կայացած ժողովը, որուն մասնակցած են հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներ, նախագահական ընտրութեան թեկնածուներ չէ կրցած առաջադրել: «Մենք կը մաղթենք, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրել», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ սէուտական-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումները իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանանի վրայ:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի հուսիներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:

Միքաթի յայտնեց սակայն, որ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու մասին չկան նախանշաններ, որովհետեւ կայ քաղաքական խմբաւորում մը, որ կը փափաքի ամբողջութեամբ քանդել երկիրը` զայն զերոյէն վերակառուցելու համար:

Միքաթի պահանջեց բոլորէն, գլխաւորաբար Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն, ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը` վերջ տալու համար նախագահի լիազօրութիւններուն մասին արձանագրուած բանավէճին: «Ես պատասխանատու եմ սահմանադրութեան գործադրութեան, հետեւաբար ո՛չ ոք, ո՛չ ալ Ժըպրան Պասիլը, կրնան թելադրել ինծի, թէ ի՛նչ պէտք է կատարեմ», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ ինք երեք կառավարութիւններ կազմած է, եւ երեքին պարագային ալ իր յարաբերութիւնները հիմնուած են սահմանադրութեան եւ ազգային համագործակցութեան վրայ: «Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ յարաբերութիւններս շատ լաւ են, եւ պիտի այցելեմ Ռայի պատրիարքին` անոր հետ քննարկելու համար Վատիկան կատարելիք այցելութիւնս», հաստատեց ան:

Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ իր յարաբերութիւնը բացառիկ է` աւելցնելով, որ ան յանձնառու է սահմանադրութեան գործադրութեան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած վերջին յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Միքաթի նշեց, որ իրեն համար յստակ էր, թէ սէյիտ Նասրալլա կը փափաքի Լիբանանի կայունութիւնը: Ան շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանագծումին իբրեւ շարունակութիւն ամէն ջանք ի գործ կը դրուի նաւթի պեղման աշխատանքը շարունակելու` աւելցնելով, որ «Թոթալ էնըրճիզ» ընկերութեան վրայ միջազգային ճնշում չի բանեցուիր:

Միքաթի ընդգծեց, որ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը տասնեակ հազարաւոր դրութեամբ պիտի նուազի, երբ երկրին սահմանադրական կեանքը կարգաւորուի եւ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրուի:

Ան շեշտեց, որ ինք Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նուազեցնելու համար սեւ շուկային մէջ արձանագրուած ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը: «Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու առաջարկ պիտի չներկայացնեմ, իսկ Լիբանան սնանկացած երկիր մը չէ, այլ` կարիքը ունի լաւ տնօրինման, որպէսզի ապաքինի», ըսաւ ան:

Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը իրաւունք ունի նշանակելու Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչը:

Անդրադառնալով դրամատուներուն մէջ պահ գումար ունեցող քաղաքացիներու թղթածրարին` Միքաթի յայտնեց, որ անոնց գումարները վերադարձնելու աշխատանքը ուղղակիօրէն կապուած է գումարները վերադարձնելու սնտուկի հաստատումին հետ: Ան շեշտեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած բոլոր գումարները, որոնք 100 հազար տոլարէն նուազ են, պիտի վերադարձուին իրենց իրաւատէրերուն:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Պիտի Գումարէ Իր Նիստը` Ճշդելու Համար Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Աշխատավարձի Եւ Փոխադրածախսի Յաւելումները

Յաջորդը

Լա Հէյի Դատարանը Հրապարակեց Իր Որոշումը. «Ազրպէյճան Պարտաւոր Է Ապահովել Լաչինի Միջանցքով Անխափան Տեղաշարժը Երկու Ուղղութեամբ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?