Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 81.900 լ. ոսկի է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն հետ բանակցութիւնները դրական կերպով ընթանան ու արդիւնաւորուին եւ Լիբանանը հասցնեն այնպիսի լուծումի, որ համապատասխանէ իր շահերուն` հեռու Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուելիք համաձայնութիւններէն: Ռայի պատրիարքը զգուշացուց` անձնական եւ քաղաքական մրցակցութեան լոյսին տակ, լիբանանցիներու գումարներուն եւ դրամատնային համակարգին դպչելէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շաբաթավերջին այցելեց Քուէյթի դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի դեսպանատան գործակատար Ապտալլա Շահինի հետ եւ անոր յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները Քուէյթի Ազգային տօնին առիթով: Մաուլաուի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու ապահովութեան երաշխաւորման:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իր գաղտնի սպասարկութեան մէկ ջոկատը ներխուժած է Հարաւային արուարձաններ եւ Հայ Սըլլոմի մէջ ձերբակալած երեք քաղաքայիններ, որոնց դէմ բերման գիրեր արձակուած են` կրակելու, աւազակութեան եւ թմրեցուցիչի գործածութեան յանցանքներով:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ լիբանանցիներու իրաւունքն է հիւանդանոցային ծառայութիւն եւ բժշկական խնամք ստանալ` աւելցնելով, որ պետական հաստատութիւնները պէտք է ըլլան լիբանանցի քաղաքացին պաշտպանող վահանները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ կտրականապէս մերժելի է, որ արտաքին ուժեր կամ երկիրներ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը որոշեն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք հաստատեց, որ իրենք պիտի չմասնակցին խորհրդարանի այնպիսի նիստի մը, որուն ընթացքին ընտրուի Լիբանանը դէպի անդունդ առաջնորդող հանրապետութեան նախագահ մը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ սղաճի հարցը կարելի է լուծել չարաշահողները հաշուետուութեան կանչելով եւ զանոնք պատժելով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Մարք Տաու Մեքսիքոյի մէջ յայտնեց, որ կան պատասխանատուներ, որոնք պէտք է հաշուետուութեան ենթարկուին` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը սնանկացած է եւ անոր իշխանութեան շարունակութիւնը լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճիր մըն է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ յայտնեց, որ շուկայի տոլարայնացումը կը նուազեցնէ ապօրինի շահերը` աւելցնելով, որ աշխատանք կայ մշակելու օրինագիծ մը, որ կը պաշտպանէ սպառողները, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունք կու տայ հաշուետուութեան կանչելու չարաշահող կողմերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Թոնի Ֆրենժիէ շաբաթավերջին ընդունեց ճարտարապետներու սենտիքան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ բնակելի կառոյցներուն եւ շէնքերուն տոկունութիւնը` Թուրքիան եւ Սուրիան ցնցած երկրաշարժերուն լոյսին տակ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց նախկին երեսփոխան Օսման Ալամէտտինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Նախորդը

Արաբական Խորհրդարանական Համադաշնակցութեան Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Դամասկոս

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Ֆրենժիէի Անունը Ամէնէն Աւելի Հաւանականն Է»

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?