Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` Ահմետ Ասատիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Պայրամ եւ Ասատի քննարկեցին նաեւ բանուորներու փոխանակման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ սերտեցին տարբեր արհեստներու վերաբերեալ վարժանիստեր կազմակերպելու յատուկ համաձայնագիր մը մշակելու կարելիութիւնը` ընդգծելով, որ այդ համաձայնագիրին գործադրութեան պէտք է հսկեն Լիբանանի եւ Իրաքի աշխատանքի նախարարութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ զոյգ երկիրներու աշխատաւորներուն, ուսանողներուն, պաշտօնեաներուն թէ մշակներուն ընկերային ապահովագրութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը:
Ասատի յայտնեց, որ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայյաահ Սուտանի կը գտնուի Իրաք մուտք գործող լիբանանցիներուն վիզայի յատուկ տուրքը ջնջելու սեմին:
Ասատի յայտնեց, որ Սուտանի այս որոշումին կրնայ յանգիլ` ընդառաջելով Պայրամի առաջարկին:


