Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Շարունակէ Պեքաայի Եւ Պաալպեքի Մէջ Իր Ձերբակալութիւնները Կատարել Եւ Մեծ Քանակութեամբ Թմրեցուցիչ Գրաւել

February 27, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պեքաայի եւ Պաալպեքի մէջ լիբանանեան բանակը անցեալ շաբաթավերջին շարունակեց ապահովական իր գործողութիւններն ու ներխուժումները, որոնք կը միտին կազմաքանդել թմրեցուցիչ արտադրող եւ մաքսանենգող ցանցերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սուրիական ապօրինի սահմաններուն վրայ գործող մաքսանենգները, առեւանգողներն ու աւազակները:

Երկու շաբաթէ ի վեր լիբանանեան բանակին կողմէ սկսած այս արշաւը Պեքաայի բնակչութեան համար աւելի հանգիստ պայմաններ ստեղծած է:

Պաալպեքի բնակիչները հաստատեցին, որ բանակին գործադրած այս արշաւին շնորհիւ շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերականգնած է:

Նշենք, որ բանակին կողմէ սկսած այս արշաւին շնորհիւ կարելի եղած է թմրեցուցիչ մաքսանենգող 46 «ականաւոր դէմքեր» ձերբակալել, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ տասնեակ թոներով թմրեցուցիչ գրաւել:

Զօր. Աուն Ընդունեց Քոնկրեսականներու
Պատուիրակութիւն Մը   

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսականներու` ժողովրդավարական եւ Հանրապետական կուսակցութիւններէն պատուիրակութիւն մը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ պայմաններուն ընթացքին բանակին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոր զօրակցելու միջոցները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Քոնկրեսականները բարձր գնահատեցին բանակին դերակատարութիւնը եւ ամերիկեան օժանդակութիւնները լաւապէս օգտագործելու անոր արհեստավարժութիւնը` նկատել տալով, այդ օժանդակութիւններուն շնորհիւ բանակը ամրապնդած է իր զօրութիւնը, եւ հակառակ դժուար պայմաններուն, կազմ ու պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուի երկրին ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու:

Քոնկրեսականները անհրաժեշտ նկատեցին բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան զօրակցութեան` աւելցնելով, որ անիկա հիմնական դերակատարութիւն ունի բանակը ուժեղացնելու եւ բանակայիններուն դիմագրաւած կենցաղային ծանր պայմանները մեղմացնելու, որպէսզի ան կարենայ իր պարտականութիւնը կատարել:

 

 

Նախորդը

Պու Սաապ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Ֆրենժիէի Անունը Ամէնէն Աւելի Հաւանականն Է»

Յաջորդը

Միքաթի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.