Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պու Սաապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը գումարելու շրջագիծին մէջ խորհրդարանի դիւանը շեշտեց օրէնսդրութիւն կատարելու իր իրաւունքը, «սակայն նկատի ունենալով նախագահական դատարկութեան փուլն ու ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գոյութիւնը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն խնդրեցինք, որ խորհրդարանը պահուի իբրեւ բոլորին միջեւ գործակցութեան վայր», ըսաւ ան:
Պու Սաապ աւելցուց, որ Պըրրի կրնար խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի հրաւիրել, սակայն պահպանելով խորհրդարանին մէջ համագործակցութեան ոգին, որոշեց չաճապարել:
Անդրադառնալով Քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքին` Պու Սաապ յայտնեց, որ կարելի չէ շրջանառութեան մէջ դնել զրպարտութիւններ, թէ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքայիններուն գումարները հարուած ստացած են: Ան հաստատեց, որ պէտք է ծրագիր մը գոյացուի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համագործակցելու` աւելցնելով, որ իրենք Պըրրիի հետ համաձայնած են օրէնսդրական նիստին գծով:
Պու Սաապ ընդգծեց, որ Ուաշինկթընի ժողովներուն ընթացքին ինք իմացած է, թէ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան համար թեկնածու չունին, եւ ոչ ալ ոեւէ թեկնածուի անձին շուրջ վեթոյի մասին կը խօսին: «Ոմանց համար այս յայտարարութիւնս կրնայ տհաճ թուիլ, սակայն նախագահական ընտրութեան առումով ներկայիս Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի անունը ամէնէն աւելի հաւանականն է», շեշտեց ան:
Պու Սաապ կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Պատասխանելով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու ջանքերուն մասին հարցումի մը` Պու Սաապ ըսաւ, որ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը պիտի չերկարաձգուի ոչ իսկ մէկ օրուան համար:


