Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան` նշելով, որ խորհրդարանին մէջ կան 6-7 երեսփոխանական պլոքներ, որոնք ազդեցիկ են հանրապետութեան նոր նախագահը ընտրելու առումով եւ անոնք ձեւով մը համախոհութեան կարիք ունին` նախագահական ընտրութեան համար մեծամասնութիւն երաշխաւորելու:
Քասեմ նկատել տուաւ, որ ներկայ խորհրդարանը նախորդներուն նման երկու առանցքներու միջեւ ուղղահայեաց բաժանումի պատկեր մը չի կազմեր, հետեւաբար պէտք է կարգ մը պլոքներ հանդիպումներ ունենան եւ խորհրդակցին անկախ երեսփոխաններու հետ` լուծելու համար նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտները:
Շէյխ Քասեմ ընդգծեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն հետ երկխօսութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ կը քաջալերէ ամէն տեսակի երկխօսութիւնները, որոնց մէջ նաեւ այն երկխօսութիւնը, որուն հրաւիրած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:
«Երկխօսութեամբ եւ խորհրդակցելով է, որ կարելի կ՛ըլլայ բոլորին միջեւ հասարակ յայտարարներու մերձեցում կատարել, ինչպէս նաեւ լուծումներու յանգիլ», նշեց ան:
Շէյխ Քասեմ նկատել տուաւ, որ եթէ ամէն մարդ կառչած մնայ նախագահական թեկնածուի իր ընտրանքին, ապա կեցուածքները կը քարանան, եւ անկարելի կը դառնայ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Ան աւելցուց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, թէ Հըզպալլա ունի նախագահական ընտրութեան թեկնածու մը, որուն մասին չէ յայտարարած, սակայն Հըզպալլա բոլորը կը հրաւիրէ խորհրդակցութեան` հասնելու համար միացեալ համոզումներու եւ լուծման միջոցներու:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ երկու ուժերուն միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնութիւնը շատ ծանր ճգնաժամէ մը կ՛անցնի, եւ ատիկա յստակ է բոլորին համար: «Պէտք է երկու կողմերը այդ համաձայնագիրի ապագային վերաբերող մանրամասնութիւնները քննարկեն, հաւանաբար նախագահական ընտրութենէն ետք», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ կառավարութեան նիստերու գումարումը պէտք չէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ բացուած վիհը խորացնէ, որովհետեւ կառավարութիւնը միայն երեք ժողով գումարած է եւ յստակ օրակարգերով, որոնց համապատասխան որոշումներուն լոյսին տակ կարելի եղած է մասամբ լուծել քաղցկեղի դեղորայքին, ելեկտրականութեան, ինչպէս նաեւ պետական մարզին վերաբերող ելեւմտական շարք մը հարցեր, որոնք կարեւոր էին ու անհրաժեշտ:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` շէյխ Քասեմ ըսաւ, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` հաստատելով, որ իրենք կը զօրակցին Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթը շարունակելուն:


