Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ հաստատեց, որ սահմանադրական իշխանութիւնները գլխաւորող վարչակազմի տարրերը խեղդուած կը զգան, «եւ այդ պատճառով ալ անոնք փութացին իրենք զիրենք եւ իրենց գործակիցները, որոնց շարքին` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, ինչպէս նաեւ կարգ մը դրամատուներ պաշտպանելու», ըսաւ ան:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ քաղաքական գործունէութեան մէջ սնանկութեան եւ անկրթութեան գագաթնակէտն է, երբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիէն խնդրէ դատական իշխանութեան հրահանգները չգործադրել:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ անոնք փորձած են վիժեցնել նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանին կողմէ աւելի քան 36 նամակ ու գիր անտեսած են ու չեն ընդառաջած անոր հետ գործակցելու` մինչեւ որ պատժամիջոցներու սպառնալիքի ճնշումին տակ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները ամբաստանած են Սալամէն եւ անոր գործակիցները` դրամի իւրացումի եւ լուացումի յանցանքներով:
Պասիլ հարց տուաւ, թէ արդեօք դատական իշխանութիւնը ամբաստանա՞ծ է հետաքննութեան մէջ նշուած բոլոր անունները: «Անշուշտ ո՛չ. ինչո՞ւ, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք քաղաքական ականաւոր պատասխանատուներ են», ընդգծեց ան:
Պասիլ նկատել տուաւ նաեւ, որ ոմանք բարեկարգումները ջնջած են, իսկ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցութիւնը կասեցուցած, որպէսզի ժողովուրդին պահ դրուած գումարները իւրացնելու յանցանքով հաշուետուութեան չհրաւիրուին:
«Հաշուետուութեան պիտի ենթարկուիք, եւ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ մենք խորհրդարանէն պիտի պահանջենք քննել Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնելու յատուկ օրինագիծը: Իւրացուած գումարները լիբանանցիներուն կը պատկանին եւ ոչ թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, հետեւաբար մենք պիտի պաշտպանենք լիբանանցիներու իրաւունքները: Այս դատը բոլոր լիբանանցիներու դատն է, եւ եթէ բոլորս պահանջենք այս իրաւունքը եւ փողոց իջնենք անոր համար, ապա ձեր իրաւունքը կարելի պիտի ըլլայ պաշտպանել», հաստատեց Պասիլ:


