Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 15, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 101.200 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.816.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.859.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.723.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 1.224.000 լ. ոսկի:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «14 մարտը զուտ լիբանանեան արտադրութիւն է: Ազատութեամբ շողացող թուական մը, որ կարելի չէ մոռացութեան մատնել»:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի նախանցեալ գիշեր յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի նախագահած նախարարական նիստի մը ընթացքին որոշուած է, որ ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրները ուժի մէջ պիտի մնան մինչեւ 2023-ի աւարտ: Ան աւելցուց, որ երթեւեկի հարցերու պետական հաստատութիւնը պիտի վերաբանայ իր դռները` Տըքուենէի մէջ, իսկ աշխատանքին եւ գործառնութիւններուն պիտի հսկեն Ներքին ապահովութեան ուժերէն սպաներ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ մեկնեցաւ Քուէյթ` մասնակցելու համար արաբական աշխարհի տեղեկատուութեան մնայուն խորհուրդի 98-րդ ընթացիկ նիստին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը ներքին իմաստով դրական մթնոլորտ մը տարածած է` աւելցնելով, որ անոր զուգահեռ պէտք է լիբանանեան երկխօսութիւն կատարել, որովհետեւ առանց ներքին լիբանանեան երկխօսութեան եւ համախոհութեան կարելի պիտի չըլլայ երկրին քաղաքական տագնապը լուծել եւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղասսան Սքաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ 14 մարտ 2023-ը սեւ օր մը պիտի ըլլայ, որուն ընթացքին ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 100.000 լ. ոսկիի հասաւ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` ընդառաջելու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղած երկխօսութեան հրաւէրին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւններն են Լիբանանի ախտը` աւելցնելով, որ երեսփոխանները իրենց դերակատարութիւնը պէտք է այլոց յանձնեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ զարմանք յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներն ու պատասխանատուները լուռ կը հետեւին լիբանանցիներու հաւաքական «մահապատիժին»:

Նախորդը

Ալիեւ. «Պաքուն Կը Նախատեսէ Ղարաբաղի Մէջ Վերաբնակեցնել Հարիւր Հազարաւոր Նախկին Գաղթականներ»

Յաջորդը

Պքերքէի Մէջ. «Պէյրութի Քաղաքապետութեան Մէջ Համայնքային Հաւասարութիւնը Վտանգուած Է» Շեշտեց Սահնաուի

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?