Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 96.600 լ. ոսկի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ շաբաթ օր հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.713.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.754.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.626.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 1.162.000 լ. ոսկի:

ՍԵՓԱԿԱՆ դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ երէկ վերահաստատեց, որ այսօր ամբողջ Լիբանանի տարածքին սեփական դպրոցները փակ պիտի մնան: Ան նշեց, որ իրենց յայտարարած գործադուլին պատճառը թիւ 266 օրէնքը չգործադրելն է` աւելցնելով, որ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքին 95.000 լ. ոսկիի հասնելէ ետք ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձը զերոյի հաւասարած է, հետեւաբար կարելի չէ այս ձեւով շարունակել:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլա յայտարարեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 23 մարտը ռամատանի առաջին օրն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը խախտեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ Մազարեհ Շեպաայի, Հասպայայի, Արքուպի եւ Շէյխ լեռներուն վերեւ թռիչքներ գործեց:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինա Մոհամետի հետ: Քննարկուեցան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները` նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ անոր ունեցած հետեւանքները` Լիբանանի տնտեսական եւ ընկերային կեանքին վրայ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը ռազմավարական կրկնակի ձախողութիւն մը կը նկատուի Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Անթիլիասի առաջնորդ Անթուան Պու Նաժըմ եպիսկոպոսը, որ գործուղուած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Քննարկուեցան նախագահական ընտրութիւնը կատարելու կարեւորութեան վերաբերող հարցեր:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իհապ Համատէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը կարելի չէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին ընթացքին, յատկապէս երբ երկփեղկումը կը մնայ տիրական:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ այլ երկիրներ կը վախնան իրանեան-սէուտական համաձայնութենէն: Ան նշեց, որ տակաւին յոյս կայ, որ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութեան առումով լուծումներու կարենան յանգիլ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութեան իմաստով իրենց կեցուածքին վրայ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը ո՛չ դրական եւ ո՛չ ալ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի անհաւանական նկատեց, որ շրջանային զարգացումները Հըզպալլայի շահերուն ծառայեն` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը տեղքայլի մէջ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ եթէ երեսփոխան Միշել Մուաուատ ճակատումի թեկնածու կը նկատուի, ապա պէտք է փնտռել այլ թեկնածու մը, որ ընդունելի կ՛ըլլայ նաեւ

քաղաքական միւս ուժերուն կողմէ: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր բախտաւոր կը նկատուի այն թեկնածուն, որ 86 քուէ կրնայ ապահովել` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելու համար, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ չի կրնար նման քանակութեամբ քուէ ապահովել:

ԱՄԱԼ շարժումը ողջունեց Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ արձանագրուած մեծ յառաջդիմութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ համաձայնութիւնը իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ շրջանի կայունութեան վերաբերող շարք մը հարցերու վրայ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ «Իրանեան Լրտեսական Ցանց»-ի Բացայայտման Մասին Կը Յայտարարեն

Յաջորդը

Պալհաժ. «Միջազգային Դրամատունը Պատրաստ Է Օժանդակելու Լիբանանին` Դիմագրաւելու Համար Այս Արտակարգ Պայմանները»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.