Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքապետական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած են, թէ Պէյրութի քաղաքապետութեան մէջ համայնքային հաւասարութիւնը վտանգուած է` աւելցնելով, որ ան ըմբռնում ցուցաբերած է իրենց տեսակէտին նկատմամբ: