Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք. «Ժամանակը Հասած Է, Որ Իբրեւ Լիբանանցիներ Խորհրդակցինք Եւ Համաձայնինք Նախագահական Ընտրութիւններուն Մասին»

March 10, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը, գումարելէ ետք իր ժողովը, յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութիւնը բացարձակ առաջնահերթութիւն կը նկատուի` ազգային եւ սահմանադրական առումով:

«Այս իմաստով պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել ընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ մը, որ փրկարար, ամբողջական եւ բարեկարգումի ծրագիր մը կը մարմնաւորէ, ինչպէս նաեւ կը կազմէ բարեկարգչական կառավարութիւն մը, որ կը գործակցի խորհրդարանին հետ», ընդգծեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը, նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւններուն հետ վարուելու իբրեւ լիբանանեան գերիշխանական գործընթաց մը, որուն արտաքին ուժերը` ո՛չ արեւմտեան եւ ո՛չ ալ արեւելեան իմաստով, միջամուխ չեն դառնար:

«Հետեւաբար ժամանակը հասած է, որ իբրեւ լիբանանցիներ խորհրդակցինք եւ համաձայնինք նախագահական ընտրութիւններուն մասին` ապահովելով Լիբանանի գերագոյն շահերը, եւ առանց սպասելու արտաքին որեւէ միջամտութեան», շեշտուեցաւ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդին կողմէ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը հաստատեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կարելի է բարելաւել պետութիւնը վերակառուցելով` Ազգային ուխտին պարտադրած հաւասարութեան հիման վրայ:

Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը ընդգծեց, որ պետականութեան կառուցումը կ՛իրագործուի աշխատանքով եւ որդեգրուելիք բարեկարգումի քայլերով, «իսկ ազգային համագործակցութիւնը կարելի է իրականացնել երկիրը բաղկացնող իւրաքանչիւր կողմին գործակցութեան կամքը յարգելով, այլապէս` հայրենիքը կը քանդուի եւ անոր գոյացութիւնը կը վերանայ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վրոնեցքա Այցելեց Պքերքէ Եւ Վարչապետարան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.