Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան միջեւ յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ հարցերը համագործակցութեան ոգիով լուծելու կարեւորութեան մասին, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ բանակին դերակատարութիւնը պահպանելու եւ պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի հրամանատարին միջեւ յարաբերութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Միքաթի նախքան վերոնշեալ հանդիպումը նախագահած էր ժողովի մը, որուն ընթացքին քննարկուած էին բանակին եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն նիւթական կարիքները:
Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սլիմ, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, զօր. Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն Թոնի Սալիպա, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Մաարաուի:
Զօր. Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց
Հորթաալայի Նահատակներու Ընտանիքներուն
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարը այցելեց Լապուէ, Թաալպայա եւ Ապլահ գիւղաքաղաքները, ուր ան ցաւակցութիւն յայտնեց Հորթաալայի մէջ 16 փետրուար 2023-ին նահատակուած բանակայիններուն` Հասան Շարիֆի, Փոլ Ժըրտիի եւ Ժորժ Ապու Շաայայի ընտանիքներուն:
Այս առիթով զօր. Աուն յայտնեց, որ անոնք կատարեալ յանձնառութիւն ցուցաբերած են անմեղներու հոգիներուն նկատմամբ եւ նահատակուած են վեհ նպատակի մը համար, որն է լիբանանցի ժողովուրդին պաշտպանութիւնը թմրեցուցիչի վտանգներէն:
«Բանակայիններուն նահատակութիւնը պիտի չկասեցնէ բանակը` իր պարտականութիւնը շարունակելէ, ընդհակառակն` անիկա մղում պիտի տայ թմրեցուցիչներու դէմ մղած անոր պայքարին` հիմնուելով լիբանանցիներուն, յատկապէս Պեքաայի բնակիչներուն պաշտպանութեան նկատմամբ անոր պատասխանատուութիւններէն:
«Բանակը իր առաքելութիւնն ու պարտականութիւնը կը կատարէ օրէնքի հիման վրայ յանցագործները հաշուետուութեան կանչելու տարազին վրայ հիմնուելով, եւ ոչ թէ վրէժխնդրութեան», շեշտեց զօր. Աուն` աւելցնելով, որ աշիրեթները իրենց թշնամիները չեն, այլ` օրինազանցները եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգները:
Իր խօսքը ուղղելով նահատակներու ընտանիքներուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ զինուորին ճակատագիրը զոհողութիւնն է, որ մաս կը կազմէ լիբանանեան բանակի կարգախօսին: Ով որ մաս կը կազմէ բանակին` կրնայ նահատակուիլ, գիտնալով հանդերձ, որ բանակի հրամանատարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու համար իր զինուորները: «Մեր նահատակները չեն մեռնիր, այլ կ՛անմահանան մեր խիղճերուն մէջ», շեշտեց ան:
Զօր. Աուն այցելեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան Ապլահի բաժանմունքի հրամանատարութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպաներուն հետ եւ շնորհաւորեց զանոնք անոնց արձանագրած նուաճումներուն համար, որ կը միտի պաշտպանել անվտանգութիւնը եւ հետապնդել թմրեցուցիչի մաքսանենգները` մինչեւ անոնց ձերբակալումը:
«Պեքաայի մէջ տիրող ապահովութիւնը արդիւնք է բանակի Զ. ջոկատին եւ գաղտնի սպասարկութեան զոհողութիւններուն: Շրջանի բնակիչները իրաւունք ունին ապահով կեանք մը ունենալու` հեռու թմրանիւթի, գողութեան եւ առեւանգումի աւազակախումբերէն:
Իւրաքանչիւր անգամ երբ կ՛այցելեմ այս կեդրոնը, սիրտս կը լեցուի ձեր նուաճումներով եւ յաջողութիւններով, որովհետեւ ինքզինքս կը գտնեմ հզօր անձնաւորութիւններու դիմաց, որոնք կը զոհուին իրենց ընտանիքներուն, ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Իսկ բոլոր անոնց, որոնք հարց կու տան, թէ բանակը ինչպէ՛ս կրնայ պահել իր զօրութիւնը, կ՛ըսեմ. բանակին ուժը իր խրոխտ ու հպարտ զինուորներուն մէջ է, եւ այնքան ատեն որ լիբանանեան բանակին մէջ կան նման հերոսներ, ապա Լիբանանին վախ չի սպառնար», յայտնեց ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ թմրեցուցիչը աւելի վտանգաւոր է, քան ահաբեկչութիւնը, որովհետեւ անիկա մուտք կը գործէ իւրաքանչիւր բնակարանի մէջ եւ կը քանդէ ընտանիքները եւ ապա հասարակութիւնը, «հետեւաբար մենք պիտի չզլանանք անոր դէմ պայքարելէ, եւ այդ պայքարը սուրբ է», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն նկատել տուաւ նաեւ, որ մինչ բանակը զոհողութիւններ կը մատուցէ, ոմանք զրպարտութիւններ եւ տարաձայնութիւններ կը տարածեն` վարկաբեկելու համար բանակը եւ աղաւաղելու անոր պատկերը` զայն ներկայացնելով իբրեւ փտածութեան եւ օրինազանցութեան հաստատութիւն:
«Եթէ օրէնքի խախտումը ինծի առիթ պիտի տայ լիբանանցիներէ եւ բանակին հանդէպ յարգանք ու սէր ունեցող անհատներէ ընդունիլ օժանդակութիւններ, որոնք բանակին դեղորայք, սնննդեղէն, փոխադրութիւն, բժշկական խնամք, դպրոցական կրթաթոշակ եւ ապրուստի նուազագոյն կամ տարրական պայմաններ կ՛ապահովեն, ապա ես պատրաստ եմ խախտելու օրէնքը», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան եզրափակեց հաստատելով, որ բանակը պիտի շարունակէ իր պարտականութիւնը, որ շատ աւելի պատուական է եւ սուրբ, քան ոմանց զրպարտութիւնները: