Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի գարունը մօտալուտ ըլլայ` Ռայի պատրիարքին օրհնութեամբ:
Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքը իրեն ներկայացուցած է այն հաղորդակցութիւնները, որոնք կատարուած են` արագացնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:
Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան մասին իր եւ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները համահունչ էին, յատկապէս ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահի ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան առումով, «որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին իրավիճակն ու սահմանադրական հաստատութիւնները կարգաւորել եւ յանգիլ լուծումներու», աւելցուց Միքաթի:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նկատել տուաւ, որ առանց քաղաքական լուծման, առանց խորհրդարանի բնական դերակատարութեան եւ առանց սահմանադրական ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող կառավարութեան կարելի չէ լուծումներու յանգիլ:
Ան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է նախարարաց խորհուրդի ժողովներուն մասին` ընդգծելով ժողովուրդին հարցերը լուծելու եւ ծառայելու կարեւորութիւնը: «Ան ըմբռնում ցուցաբերեց այս իմաստով», ըսաւ Միքաթի:
Անդրադառնալով ոմանց յայտարարութիւններուն, թէ կառավարութեան նիստերը օրինական են կամ օրինազանցութիւն կը նկատուին, Միքաթի ըսաւ. «Թող ուղղուին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու, որովհետեւ անիկա է փրկութեան դուռը: Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձանք նաեւ կարգ մը համայնքային արտայայտութիւններու հարցին, որ Ռայի պատրիարքը նկատեց քաղաքական ջղագարութիւն, իսկ ես զայն կը նկատեմ քաղաքական սնանկութիւն, յատկապէս այս փուլին»:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք իր ազգային դերակատարութիւնը կատարած է եւ միշտ ալ կը նկատէ, որ բազմազանութիւնը Լիբանանի համար հարստութիւն է եւ Թաէֆի համաձայնագիրը կը պաշտպանէ այս բոլորը:
Միքաթի նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ Վատիկան իր կատարելիք այցելութեան վերաբերող շարք մը հարցեր` աւելցնելով, որ ինք հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Ան խոստացաւ Վատիկանէն վերադառնալէ ետք դարձեալ այցելել Պքերքէ` պատրիարքին ներկայացնելու իր ունենալիք հանդիպումներուն արդիւնքները:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը եւ նորընտիր միւֆթիներու խորհուրդը` ներկայութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամի եւ կառավարութեան ընդհանուր քարտուղար, դատախազ Մահմուտ Մաքքիէի:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան հասարակութիւնը բաղկացնող բոլոր շերտերուն միջեւ շինիչ երկխօսութիւն մը կատարել:
Իր կարգին, Տըրիան կոչ ուղղեց քաղաքական ուժերուն միջեւ համաձայնութեան ու համախոհութեան` խնայելու համար Լիբանանն ու լիբանանցիները:
Նշենք, որ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահած էր նորընտիր միւֆթիներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուած էր, թէ իրենք կը մերժեն վարչապետի լիազօրութիւններուն դպչիլ` ընդգծելով, որ վարչապետի պաշտօնակատարը կառչած կը մնայ սահմանադրութեան` մեղմացնելու համար ժողովուրդին բեռը: