Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով «Ոչ Պարտեալ, Ոչ Յաղթական» Տարազի Շուրջ Համախոհութեան` Ճիգերը Կեդրոնացած Են Քաղաքացիներոի Հրատապ Հարցերու Լուծման Վրայ

March 11, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 2022-էն ի վեր գրեթէ հինգ ամիս տեւած Լիբանանի նախագահական թափուր աթոռի «հարցի» լուծման սահմանադրական քայլերու առկախման մթնոլորտին մէջ, առնչակից կողմեր ցարդ կառչած կը մնան իրենց սկզբունքային կեցուածքներուն վրայ: Արդարեւ, տարակարծիք կողմերէն իւրաքանչիւրը կը ջանայ պարտադրել նախագահի ընտրութեան գծով իր տեսակէտը` նախապայմաններ դնելով նոր նախագահի թեկնածուի քաղաքական արեւելումի հիմնահարցերուն շուրջ: Բնականաբար, միջնորդական «խաղաղարար» ճիգեր կը կատարուին բացայայտ եւ յատկապէս քուլիսային մակարդակներու վրայ` փորձելով յանգիլ միջին լուծման` «Ոչ պարտեալ, ոչ յաղթական» տարազի հիմնաւորումով: Իսկ նման լուծման կարելի է յանգիլ կեցուածքներու մեղմացումով եւ փոխադարձ զիջումներով: Այս հաւանականութեան նախաքայլը կը նկատուի երէկ Չինաստանէն «աւետող» սպիտակ ծուխը, ըստ որուն Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է կողմերու բարձրաստիճան պատասխանատուներու միջեւ: Քայլ մը, որ կրնայ իր դրական անդրադարձը ունենալ լիբանանեան առնչակից կողմերու կեցուածքներուն վրայ: Փաստօրէն, լիբանանեան եւ յատկապէս նախագահական հարցին լուծումը կը «դասաւորուի» արտաքին կողմերու հովանաւորութեամբ: Կը բաւէ յիշել Թաէֆի եւ Տոհայի մէջ գումարուած միջ լիբանանեան ժողովները եւ նմանօրինակ այլ հանդիպումներ: Թէեւ տակաւին կանուխ է ամբողջական համապարփակ մեկնաբանութիւններ կատարելու շրջանային քաղաքական այս անկիւնադարձային «զարգացման» գծով, այսուհանդերձ անիկա անկասկած իր բարերար արձագանգը պիտի գտնէ ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ` շրջանային այլ հարցերու դասաւորման գծով: Այս իմաստով լիբանանցի փորձագէտ մեկնաբան մը անցնող օրերուն խիստ լաւատեսութեամբ կ՛արտայայտուէր Լիբանանի ապագային վերաբերեալ:

Սակայն իր առօրեայ ապրուստի կենցաղային մտահոգութիւններով կլանուած լիբանանցիին համար «նախընտրելի է ձեռքի մէջ ունեցած մէկ թռչունը, քան ծառի վրայի տասը թռչունները»: Ու իրապէս, պատկան մարզերու պատասխանատուներ կը փորձեն ձեռնտու կարելի միջոցներով ընդառաջել քաղաքացիներու հրատապ պահանջներուն: Այս ծիրին մէջ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապի երէկ յայտարարեց, որ կրթական մարզի ուսուցիչներուն հատուցումները արդէն իսկ սկսած են մասնակիօրէն «տոլարով» վճարել, եւ այդ գծով բջիջայինով յատուկ տեղեկութիւն կը փոխանցուի պատկան ուսուցիչներուն:

Նմանապէս` Ապահովագրութեան պետական սնտուկի` «տաման»-ի տնօրէն Մոհամէտ Քարաքի երէկ յայտարարեց, որ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներու հանգստեան թոշակը իր «վերանայուած» տարբերակով պիտի յայտարարուի յառաջիկայ շաբաթներուն:

Նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարի գրասենեակը երէկ յայտարարեց, որ յառաջիկայ մայիս ամսուան վերջաւորութեան տասը հազար 459 ընտանիք պիտի ստանայ «Աման» օժանդակութեան  յատկացումը, ստանալէ ետք պատկան կողմերու հաւանութինը:

Իսկ Բնակեցման դրամատան` «Իսքան»-ի տնօրէն Անթուան Հապի երէկ իր կարգին յայտարարեց, թէ դրամատան խորհուրդը քայլերու ձեռնարկած է «օտար» դրամանիշով (տոլարով) վարկեր յատկացնելու քաղաքացիներուն, միջազգային դրամատուներու հետ գործակցաբար:

Սակայն «գետնի վրայ» իրողութիւնը որքանո՞վ կը ցոլացնէ այս լաւատեսութիւնը, կախեալ է լիբանանցիներու օրապահիկի «կողմնացոյց»-ը դարձած` տոլարի «սեւ» սակագինէն, որ կը պարզուի յառաջիկայ օրերու եթէ ոչ ժամերու «զարգացումներէն»:

Փաստօրէն, Դրամատուներու միութիւնը երէկ արտակարգ նիստ գումարելով սպառնաց մագլցողական քայլերու դիմել` հակազդելով դրամատուներու այն կրկնակի (երէկ եւս շեշտուած) յայտարարութեան, թէ երեքշաբթի, 14 մարտ 2023-ին դրամատուները դարձեալ պիտի փակեն իրենց դռները քաղաքացիներուն դիմաց:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Լիբանան Խորապէս Կ՛ազդուի Իր Շրջապատի Երկիրներուն Մէջ Պատահող Դէպքերէն»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.