Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Դրուատեց Սէուտական-Իրանեան Համաձայնութիւնը Եւ Լիբանանցիները Վերստին Հրաւիրեց Երկխօսութեան

March 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, քաղաքական զարգացումներն ու օրէնսդրական հարցերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի դրուատեց սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը, որ հովանաւորած էր Չինաստան:

Պըրրի բարձր գնահատեց այս իմաստով ի գործ դրուած ճիգերը, յատկապէս իրաքեան եւ օմանեան ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յանգիլ Իրան-Սէուտական Արաբիա երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ իրենք օր մը օրանց չեն յուսալքուած այս իմաստով եւ միշտ հաւատացած են, որ բարիքի, իմաստուն մօտեցումի եւ կամքի լեզուն պիտի յաղթէ եւ մղէ, որ նոյն պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը եւ հասարակ յայտարարները ունեցող այս ժողովուրդները մերձեցումի ուղիներ գտնեն ու համաձայնութիւն գոյացնեն:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ համաձայնութեան կամքը յաղթական է եւ անիկա տապալած է հեռաւորութիւնները պահելու ցանկութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ նաեւ, որ պատմական այս համաձայնութիւնը դրուատելու կողքին, վստահութիւն ունեցած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան եւ Իրանի հանրապետութեան իշխանաւորներուն վրայ, որովհետեւ անոնք անխոնջ աշխատանքով փորձեցին փակել անցեալի էջը եւ սկսիլ նոր էջ մը, որ օրինակելի պիտի ըլլայ արաբական աշխարհի երկիրներուն համար` իւրաքանչիւր պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը յարգելու իմաստով:

Պըրրի շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը, ինչպէս նաեւ անոնց ղեկավարութիւնները` պատմական եւ ռազմավարական այս համաձայնութեան առիթով` աւելցնելով, որ շրջանը նման համաձայնութեան մը կարիքը ունէր` երաշխաւորելու համար իր ներկան եւ կերտելու համար իր փայլուն ու կայուն ապագան:

«Մեկնելով արաբական-իրանեան յարաբերութիւններու բնականոնացման դրական երեւոյթէն` կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցի քաղաքական ուժերուն եւ կուսակցութիւններուն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին երկխօսութիւն կատարելու` քննարկելու համար տարակարծութիւններ պատճառող բոլոր հարցերը եւ իրագործելու համար սահմանադրական գործընթացները, որոնցմէ ամէնէն առաջնահերթը կը նկատուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը` համախոհութեամբ եւ երկխօսութեամբ: Պէտք է վերջ տալ ժամանակ եւ առիթ կորսնցնելու կացութեան եւ փաստելու, որ լիբանանցի ղեկավարները ազգային իմաստով չափահաս են, իսկապէս գերիշխան եւ Լիբանանին արժանի:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի. «Նախքան Բարեկարգումները Լիբանանին Օժանդակութիւններ Պիտի Չտրուին»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.