Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.300 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.452.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.487.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.385.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 984.000 լ. ոսկի: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ...

«Մենք Պիտի Ապահովենք Օրինաթիւ,  Եւ Կը Ձգտինք Նախագահ Ընտրել  Բարձր Մեծամասնութեամբ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մենք Պիտի Ապահովենք Օրինաթիւ, Եւ Կը Ձգտինք Նախագահ Ընտրել Բարձր Մեծամասնութեամբ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան ոեւէ թեկնածու պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրուի խորհրդարանին օրինական մեծամասնութեան քուէներով: Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը որդեգրելու որոշումին` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ նման պաշտօնական կեցուածք այս փուլին...

Պուխարի Ռայի Պատրիարքին Յայտնած Է,  Թէ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի Նախագահական  Ընտրութեան Առումով Որոշ Թեկնածուի Մը Չի Զօրակցիր

Պուխարի Ռայի Պատրիարքին Յայտնած Է, Թէ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի Նախագահական Ընտրութեան Առումով Որոշ Թեկնածուի Մը Չի Զօրակցիր

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պքերքէի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին Պուխարի Ռայի պատրիարքին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով որոշ թեկնածուի մը չի զօրակցիր, «սակայն ան կը փափաքի տեսնել հանրապետութեան նախագահ մը, որ փրկարար է եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.400 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.439.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.474.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.372.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 976.000 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր հարցերն ու...

Սէյիտ Նասրալլա. «Նկատի Ունենալով, Որ Պասիլ  Չի Փափաքիր Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել,  Ապա Նախագահական Ընտրութեան  Մեր Թեկնածուն Սլէյման Ֆրենժիէն Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Նկատի Ունենալով, Որ Պասիլ Չի Փափաքիր Իր Թեկնածութիւնը Առաջադրել, Ապա Նախագահական Ընտրութեան Մեր Թեկնածուն Սլէյման Ֆրենժիէն Է»

Վիրաւորի օրուան եւ Դիմադրութեան գերեվարուած ազատամարտիկներու մեծարանքին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Իսրայէլի մէջ արձանագրուած բոլոր զարգացումները այդ գոյացութեան աւարտի ցուցանիշներն են: Ան նկատել տուաւ, որ թշնամին կը կարծէ, թէ գերեվարուած մարտիկներուն ուղղուած մահապատիժի սպառնալիքը զանոնք պիտի վախցնէ եւ պատճառ պիտի դառնայ, որ այլ գործողութիւններու չնախաձեռնեն: «Մինչդեռ գերեվարուած...

Միքաթի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ  Եւ Նախագահեց Ցամաքային Փոխադրութեան  Մարզին Վերաբերող Ժողովի Մը

Միքաթի Ունեցաւ Շարք Մը Հանդիպումներ Եւ Նախագահեց Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզին Վերաբերող Ժողովի Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն ընկերակցեցաւ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումէն ետք Ասմար յայտնեց, որ Միքաթիէն պահանջած են աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամի ստորագրած սղաճին համապատասխանող աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել` կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին, մաղթելով, որ այդ նիստը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին գումարուի: Ասմար նկատել տուաւ, որ այս նիստին ընթացքին պէտք է...

Պըրրի Լասարոյի Եւ Պայսարիի Հետ Քննարկեց  Ապահովական Իրադարձութիւնները

Պըրրի Լասարոյի Եւ Պայսարիի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Առոլտօ Լասարոն, որուն հետ քննարկեց սահմանային շրջանին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին, որուն հետ հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Երկրին ապահովական իրադարձութիւնները քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Պըրրիի եւ լիբանանեան բանակի...

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Յաջողեցան  Կասեցնել 160.000 «Քեփթակոն» Դեղահատ  Մաքսանենգելու Գործողութիւնը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Յաջողեցան Կասեցնել 160.000 «Քեփթակոն» Դեղահատ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կատարած ապահովական տեսակարար գործողութիւններուն շրջագիծին մէջ, երէկ նոյն բաժանմունքը յաջողած է կասեցնել Լիբանանէն ափրիկեան երկիրներ 160.000 «Քեփթակոն» դեղահատ մաքսանենգելու գործողութիւն մը, ինչպէս նաեւ յաջողած է ձերբակալել այդ գործողութեան մեղսակիցներէն մէկը: «Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հետեւած էր մաքսանենգումը ծրագրած ցանցին մէկ անդամին` Ն. Զ. (սուրիացի, ծնեալ`...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 79.800 լ. ոսկի է: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ շրջուն ջոկատ մը Ատայսէէն մինչեւ Ֆաթիմայի դարպասը երկարող զինուորական ճամբան ստուգեց: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ լիբանանեան բանակն է միակը, որ կը պաշտպանէ հայրենիքը: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Դիմադրութեան առանցքին հետեւորդ անհատ մը հանրապետութեան...

Այթա Շաապի Մէջ.   Լիբանանեան Բանակը Ետ Կը Մղէ Սահմանային  Կապոյտ Գիծը Խախտած Իսրայէլեան Ջոկատ Մը

Այթա Շաապի Մէջ. Լիբանանեան Բանակը Ետ Կը Մղէ Սահմանային Կապոյտ Գիծը Խախտած Իսրայէլեան Ջոկատ Մը

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ կիրակի, 5 մարտ 2023-ին կէսօրուան ժամը 11:55-12:00-ի ընթացքին, իսրայէլեան շրջուն ջոկատ մը Այթա Շաապի մէջ մէկ մեթրով խախտեց սահմանային կապոյտ գիծը: «Այս արարքին պատճառով լիբանանեան բանակը հասաւ սահմանային տուեալ կէտը եւ ստիպեց, որ իսրայէլեան ուժերը նահանջեն դէպի ճշդուած կապոյտ սահմանագիծը: Խախտումի շրջանը հասան նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` ստուգելու...

Պըրրի Կոչ Ուղղեց Ազգային Ջանքերը  Միասնականացնելու` Փրկելու Համար Լիբանանը

«Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելը Ազգային Պարտաւորութիւն Է, Եւ Ո՛վ Որ Օրինաթիւ Չի Գոյացներ, Պէտք Է Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան աղէտալի վիճակի մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ անոր կացութիւնը վատէն վատագոյնը կ՛ուղղուի, իսկ երկրի հարցերու լուծման խոչընդոտները պատճառ կը դառնան, որ քանդումը շարունակուի եւ ոչ միայն երկրին ներկայ իրավիճակին սպառնայ, այլեւ` անոր ապագային: «Հետեւաբար կարելի չէ այս ձեւով շարունակել», հաստատեց ան: Պըրրի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելը ազգային, մարդկային եւ բարոյական պարտաւորութիւն է,...

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդ.  «Լիբանանը Ապահով Եւ Անհոգ Երկրէ Մը Վերածեցին  Անօթութեան Ու Ապագայի Հանդէպ Վախի Երկրի Մը»

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդ. «Լիբանանը Ապահով Եւ Անհոգ Երկրէ Մը Վերածեցին Անօթութեան Ու Ապագայի Հանդէպ Վախի Երկրի Մը»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ նախագահեց Իսլամական գերագոյն խորհուրդի ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը փլուզուած է լիբանանցի պատասխանատուներու ձեռամբ: «Լիբանանը ապահով եւ անհոգ երկրէ մը վերածեցին անօթութեան ու ապագայի հանդէպ վախի երկրի մը», ըսաւ ան` զգուշացնելով համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ նախապատրաստող քայլերէն, որոնք կ՛առնուին խորհրդարանին մէջ եւ անկէ...

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերու Միջազգային Օր  «Պետութիւնը Պիտի Հիմնուի,  Առանց Անոր Կայունութիւնը Ցնցուելու»   Շեշտեց Պասսամ Մաուլաուի

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերու Միջազգային Օր «Պետութիւնը Պիտի Հիմնուի, Առանց Անոր Կայունութիւնը Ցնցուելու» Շեշտեց Պասսամ Մաուլաուի

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրուան առիթով անցեալ շաբաթավերջին «Սիսայտ Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, հովանաւորութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի, եւ ներկայութեամբ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Ռեմոն Խաթթարի, ինչպէս նաեւ դեսպաններու, նահանգապետներու, մաքսատան եւ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու պաշտօնեաներուն ու կամաւորներուն: Այս...

Դրամատուներու Միութիւնը Որոշեց Իր Գործադուլը  Բեկանուած Պահել Մինչեւ 10 Մարտ

Դրամատուներու Միութիւնը Որոշեց Իր Գործադուլը Բեկանուած Պահել Մինչեւ 10 Մարտ

Դրամատուներու միութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դրամատուներու միութիւնը որոշած է իր գործադուլը բեկանուած պահել մինչեւ 10 մարտ 2023-ի երեկոյ: Դրամատուներու միութիւնը ողջունեց 28 փետրուար 2023-ին Ընդհանուր դատախազութեան հրապարակած զոյգ որոշումները եւ վերահաստատեց դրամատուներուն պահանջները, որոնք են. Ա.- Չափանիշերու հաւասարեցումը, ինչպէս նաեւ օրէնքը բոլորին վրայ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու իմաստով:...

Պայրամ. «Իրաքի Վարչապետը  Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան»

Պայրամ. «Իրաքի Վարչապետը Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելէ Լիբանան»

Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ Իրաքի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ համաձայն գտնուած է ջնջելու Իրաք մուտք գործող լիբանանցիներու վիզայի յատուկ տուրքը: Պայրամ ընդգծեց, որ այս քայլը պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը: Ան հաստատեց, որ այս նոր որոշումով Իրաք մուտք գործող լիբանանցիներուն 50 ամ. տոլարի ծախս մը կը խնայուի: Միւս կողմէ, Պայրամ շեշտեց, որ Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայյաահ Սուտանի մօտիկ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.400 լ. ոսկի է: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին ընթացքին յայտնեց, որ հայրենիքը տագնապներէն դուրս բերելու միակ լուծումը նախագահական ընտրութիւնն է: Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ անկախ է ամէն տեսակի արտաքին ճնշումներէ, հակամէտ չէ այս կամ այն առանցքին եւ կը գործէ ի խնդիր Լիբանանի...

Միշել Մուաուատ. «Պէտք Է Պըրրիի Համար  Յստակ Ըլլայ, Թէ Չենք Ընդունիր  Մեր Արժանապատուութեան Վրայ Յարձակում Գործել»

Միշել Մուաուատ. «Պէտք Է Պըրրիի Համար Յստակ Ըլլայ, Թէ Չենք Ընդունիր Մեր Արժանապատուութեան Վրայ Յարձակում Գործել»

Անկախութիւն շարժումի նախագահ եւ Վերանորոգում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պետութեան ամբողջական լուծման եւ լիբանանցի ժողովուրդի դժբախտացման իրականութիւն մը կ՛ապրին բոլորը: Ան աւելցուց, որ նախագահական ընտրութիւնը այդ իրականութեան լուծում մը գտնելու հիմնական բանալին է, որուն ընդմէջէն Լիբանանը կը կապուի աշխարհին, եւ անոր հիմերը կը զետեղուին: Մուաուատ շեշտեց, որ իրենք չեն...

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ  34 Հազար Քառ. Մեթր Տարածութիւն Մը  Պիտի Տրամադրուի Նաւթային Մարզի  Գումակային Ծառայութեանց»

Համիէ. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ 34 Հազար Քառ. Մեթր Տարածութիւն Մը Պիտի Տրամադրուի Նաւթային Մարզի Գումակային Ծառայութեանց»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ 34 հազար քառ. մեթր տարածութիւն մը պիտի տրամադրուի նաւթային մարզի գումակային ծառայութեանց: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը, Նաւթային մարզի տնօրէն խորհուրդի անդամները, «Թոթալ» ընկերութեան տնօրէնը եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներ: Համիէ յայտնեց նաեւ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 79.500 լ. ոսկի է: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.439.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.473.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.369.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 967.000 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ յայտնեց, որ վաճառատուներն ու հանրախանութները ամերիկեան տոլարով կրնան ճշդել...

Այն Թինէի Մէջ.   «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային  Սահմանագծումի  Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք»  Շեշտեց Ալի Համիէ

Այն Թինէի Մէջ. «Լիբանան-Կիպրոս Ծովային Սահմանագծումի Մանրամասնութիւնները Աւարտեցինք» Շեշտեց Ալի Համիէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու փոխադրութեան եւ նաւահանգստային մարզերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Համիէ յայտնեց, որ Կիպրոսի հետ Լիբանանի ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւնները աւարտած են` աւելցնելով, որ իբրեւ նախարարութիւն իրենք ամբողջացուցած են աշխատանքը եւ տեղեկագիր մը յղած վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին: Համիէ...

Page 283 of 987 1 … 282 283 284 … 987

Արխիւներ