ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 92.700 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կողմէ շաբաթ օր հրապարակուած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակն է 1.677.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.717.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.592.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 1.137.000 լ. ոսկի:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ եւ Լեռնալիբանանի փուռերու սենտիքայի նախագահ Նասեր Սրուր պահանջեց, որ արաբական հացին սակը օրական դրութեամբ ճշդուի:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ նշեց, որ երկրին երեսփոխաններուն գործած ոճիրը այն է, որ անոնք նախագահական ընտրութիւն չեն կատարեր վեթոներու պատճառով: Ան հաստատեց նաեւ, որ պէտք է օրական դրութեամբ խորհրդարանի նիստ գումարուի եւ նախագահական ընտրութեան նպատակով քուէարկութիւն կատարուի, ըստ սահմանադրութեան: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարին: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Կիներու միջազգային եւ Ուսուցչաց տօներուն եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կիներուն չեն յանձներ երկրին իշխանութիւնը եւ կին հանրապետութեան նախագահ մը չեն ընտրեր:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանը յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի միջլիբանանեան մերձեցումի եւ ոչ թէ սէուտական-իրանեան մերձեցումի: Ան շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է իր շահերը պաշտպանէ, իսկ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները պէտք է լիբանանեան շահերը գերադաս նկատեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը կրնայ Լիբանանի վրայ իր դրական ազդեցութիւնը ունենալ, «սակայն նախ եւ առաջ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է համաձայնինք մեր հայրենիքին շուրջ», ըսաւ ան:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը աւելի քան հանդիպում է եւ նուազ քան համաձայնութիւն` աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իրարանցումի չէ մատնած:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը բոլոր լուծումներուն յանգելու հիմնական բանալին է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը ռազմավարական նուաճում է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը հաւատայ Թաէֆի համաձայնագիրին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի հաստատեց, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնելու համար կարիքը կայ քաղաքական համախոհութեան եւ ներքին երկխօսութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ տնտեսական բոլոր լուծումները արդիւնքի կրնան չյանգեցնել, եթէ պետութիւնը իր գերիշխանութիւնն ու իշխանութիւնը չվերականգնէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ իրանեան-սէուտական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն վերահաստատումը շրջանի ապահովութեան համար կը նկատուի կարեւոր անկիւնադարձ մը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան դաւադրական ծրագիրներուն հասած հարուած մը:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի կողմէ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան նկատմամբ բացայայտ զօրակցութիւն յայտնուեցաւ, երբ Ֆրանսա փափաք յայտնեց, որ Ֆրենժիէ պաշտօնապէս առաջադրէ իր թեկնածութիւնը: