Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրամատուները Այսօր Կը Սկսին Բաց Գործադուլի Մը, Իսկ Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչները Իրենց Կարգին Կը Միանան Պետական Մարզի Ուսուցիչներու Գործադուլին

Մարտ 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրողութեան, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ շրջանակներու մէջ կը տիրէ լաւատեսութիւն` նկատի ունենալով անցեալ շաբաթավերջին յայտարարուած Իրան-Սէուտական Արաբիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու բնականոնացումը, սակայն երկրին իսկական կացութիւնը նման լաւատեսութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի:

Ճիշդ է, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութեան շրջագիծին մէջ յայտարարուեցաւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի սկսի ներքին եւ արտաքին նախաձեռնութիւններու արշաւի մը` նախագահական ընտրութեան թղթածրարը իր տեղքայլի վիճակէն դուրս բերելու եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու առումով, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ դրամատուները այսօր կը սկսին բաց գործադուլի մը, իսկ սեփական դպրոցներու ուսուցիչները իրենց կարգին կը միանան պետական մարզի ուսուցիչներու գործադուլին:

Այս առումով, Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ հանդիպում մը ունենալէ ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հալապիի հետ, յայտնեց, որ իրենք անկարող են դպրոց հասնելու` աւելցնելով, որ այսօր սեփական դպրոցները փակ պիտի մնան, իսկ սենտիքան հանդիպում մը պիտի կատարէ` գնահատելու համար սեփական դպրոցներուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ ըստ այնմ որոշէ, թէ գործադուլը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ ոչ:

Պըրրի. «Մենք Կարիքը Ունինք Նախագահի Մը,
Որ Սուրիոյ Խօսակից Դառնայ»  

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Պուխարի յայտնեց, որ ներկայ փուլը կ՛ենթադրէ աւելի քան երբեք բարի խօսքի վրայ հիմնուիլ, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութեան վրայ գրաւ դնել:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, թէ արդեօք Լիբանանի համար դրական բան մը կը նախապատրաստուի՞, Պուխարի ըսաւ. «Վստահաբար»:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան` ընկերակցութեամբ ամերիկեան պատուիրակութեան մը:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ Լրագրողներու եւ Խմբագիրներու սենտիքաները, որոնց հետ հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ հարկը կը լուծէ օրէնքը` հարց տալով, որ կարելի՞ է տեսնել այս բոլոր տագնապները եւ տակաւին շարունակել քանդումը:

Ան հաստատեց, որ պէտք է հանրապետութեան նախագահ ընտրել` աւելցնելով, որ ինք կը վերահաստատէ, որ Լիբանան կարիքը ունի ազգային նախագահի մը, որ կը միացնէ բոլորը եւ ոչ թէ կը հեռացնէ զանոնք: «Հանրապետութեան նախագահ մը, որ կը հաւատայ արաբական աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ կը հաւատայ Թաէֆի համաձայնագիրին», շեշտեց ան:

Պըրրի խստիւ քննադատեց Լիբանանը մասնատելու եւ դաշնակցային դրութիւն ստեղծելու մասին արձանագրուող կեցուածքները:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանը շատ փոքր է եւ կարելի չէ զայն բաժնել` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահութեան դատարկութեան փուլէն հինգ ամիս ետք, երբ երկիրը խեղդուած է տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներու մէջ, ինք տակաւին կը փորձէ քաղաքական ուժերը երկխօսութեան հրաւիրել, իսկ հիմնական երկու երեսփոխանական պլոքներ կը մերժեն երկխօսութեան ընդառաջել:

Անդրադառնալով Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան` Պըրրի հարց տուաւ, թէ արդեօք ան թեկնածու չէ՞ր, երբ զօր. Էմիլ Լահուտի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուեցաւ: «Անոր թեկնածութիւնը օրին ամերիկացի դեսպան Տէյվիտ Հէյլ չառաջադրե՞ց: Արդեօք ան թեկնածու չէ՞ր, երբ զօր. Միշել Աուն թեկնածութիւն առաջադրեց: Արտօնեցէ՛ք, որ ոչ թէ իբրեւ մարոնի, այլ իբրեւ լիբանանցի խօսիմ, մարոնի համայնքը հիւսիսային Լիբանանէն սկսաւ եւ Լիբանանի մէջ տարածուեցաւ, իսկ Ֆրենժիէ այդ հիւսիսը ներկայացնող անձնաւորութիւնն է», հաստատեց ան:

Պըրրի հարց տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահէն ուզուածը ճիշդ ի՞նչ է, աւելցնելով, որ այսօր Լիբանան կարիքը ունի նախագահի մը, որ Սուրիոյ խօսակից դառնայ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել սահմանագծումի հարցերը եւ լուծել սուրիացի տեղահանուածներու տագնապը, «որովհետեւ եթէ այս հարցերուն առումով ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն պիտի վստահինք, ապա անոնց հոգը չէ այս բոլորը», ըսաւ ան:

Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի մը, որ պաշտպանութեան ռազմավարութեան հարցը շօշափէ եւ Թաէֆի համաձայնագիրին հաւատացող ըլլայ: «Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով` մենք առաջադրեցինք Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը», հաստատեց ան:

Պուխարիի հետ հանդիպումին մասին Պըրրի յայտնեց, որ փոխադարձ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ Ֆրենժիէ կը միաւորէ բոլոր կողմերը եւ պատրաստ է գործակցելու բոլորին հետ` ի խնդիր Լիբանանի շահերուն:

Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել միայն քաղաքացիական պետութիւն մը կերտելով:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Մասին Մեր Կեցուածքները Համահունչ Էին» Շեշտեց Միքաթի

Յաջորդը

«Հաւանական Է, Որ Յունիսին Ունենանք Հանրապետութեան Նախագահ Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?