Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Նախքան Բարեկարգումները Լիբանանին Օժանդակութիւններ Պիտի Չտրուին»

March 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին ամէն ջանք ի գործ դրաւ Դրամատուներու միութեան հետ խորհրդակցելու եւ յետս կոչել տալու վաղուընէ սկսեալ դրամատուներուն կատարելիք բաց գործադուլի որոշումը, սակայն մինչեւ երէկ գիշեր դրամատուներուն կողմէ այս իմաստով դրական կեցուածք չկար:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական յարաբերութիւններու բնականոնացումը հանգստութիւն կը ներշնչէ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը զօրակցի շրջանային մակարդակի վրայ կատարուած նման որեւէ համաձայնութեան:

Ան նշեց, որ յատկապէս նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիոյ դերակատարութիւնը` իսլամական եւ արաբական աշխարհին մէջ, այդ քայլը ողջունելի է, որովհետեւ շրջանային առումով ընդարձակ ազդեցութիւն ունի:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը ամբողջ շրջանին վրայ, ներառեալ Լիբանանը, իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ:

Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան երկար չի կրնար հանդուրժել իր դիմագրաւած տագնապը` աւելցնելով, որ տագնապալի այս իրավիճակը որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ, եւ պէտք է պահանջուած կառուցային բարեկարգումները կատարել: Ան ընդգծեց, որ նախքան բարեկարգումները կատարելը Լիբանանին օժանդակութիւններ պիտի չտրուին:

Ան նշեց, որ նկատի ունենալով երկրին վտանգաւոր իրավիճակը, ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին դիմած են Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ անոր հետ ստորագրած նախնական համաձայնագիր մը:

Միքաթի հաստատեց սակայն, որ  Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ պէտք է ստորագրուի վերջնական համաձայնագիրը` աւելցնելով, որ ուշացումը երկրին շահերուն չի ծառայեր:

Միքաթի մաղթեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը երկարատեւ չըլլայ` ընդգծելով Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

Պասիլ–Միքաթի Բանավէճն ու Ցեխարձակումները
Կը Շարունակուին

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Ինքզինք բոլորին հանդէպ բաց ձեւացնող վարչապետի պաշտօնակատարը նախքան Վատիկան կատարելիք իր այցելութիւնը թող ստորագրէ թիւ 565 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու անոնց, որոնք օրէնքով ստացած են այդ իրաւունքը: Վարչապետի պաշտօնակատարը կը մերժէ ստորագրել այդ հրամանագիրը, որովհետեւ դիմողներուն մեծամասնութիւնը քրիստոնեաներ են, եւ այս մէկը` իր իսկ խոստովանութեամբ: Ան բոլոր հրամանագիրները միասին կը ստորագրէ եւ ոչ թէ մէկ առ մէկ, որպէսզի քաղաքական իմաստով մեզ ընդվզեցնէ: Նշենք, որ հրամանագիրները յայտարարութեան համար են, իսկ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքն է ունենալ լիբանանեան ինքնութիւն: Մենք անոնցմէ ոչ ոք կը ճանչնանք, եւ անոնց թիւը ժողովրդագրական պատկերը փոփոխութեան չ՛ենթարկեր, հետեւաբար թող ան առանց համայնքայնութեան ստորագրէ այդ հրամանագիրը: Նաեւ նախքան իշխանութենէն մեկնիլը` անվերադարձ, ինչպէս ինք գիտէ, ան թող վերջ տայ սահմանադրութիւնն ու օրէնքները խախտելու իր քայլերուն, որպէսզի լաւ յուշեր ունենայ իր իշխանութեան մասին»:

Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը այս մասին պատասխան-հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարին արտայայտութիւնները անակնկալի չեն բերած Միքաթին, որ քաջ գիտէ, թէ Պասիլ միայն նման ոճով կրնայ խօսիլ, ոճ մը, որ հեռու է պատշաճ ըլլալէ, եւ զուրկ` ազգային, քաղաքական եւ բարոյական արժէքներէ, այլ հիմնուած է համայնքային բառամթերքի վրայ, որ սիրտ կը խառնէ եւ իրականութիւնները կ՛աղաւաղէ: Ամէն պարագայի, վարչապետի պաշտօնակատարը կը հաստատէ, որ Պասիլի կատարած յայտարարութիւնը արժանի չէ պատասխանի, որովհետեւ ան կ՛ենթադրէ իջնել Պասիլի մտային մակարդակին»:

 

Նախորդը

Պըրրի Դրուատեց Սէուտական-Իրանեան Համաձայնութիւնը Եւ Լիբանանցիները Վերստին Հրաւիրեց Երկխօսութեան

Յաջորդը

Ֆերնանտօ Պաթիսթա Նշանակուեցաւ Վենեզուելայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.