Պըրրի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: Մաուլաուի շեշտեց, որ ինք Պըրրիին հաստատած է, որ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով կը գործադրեն օրէնքը` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը իր կարգին պիտի ունենայ իր դերակատարութիւնը: Մաուլաուի ընդգծեց, որ լիբանանեան օրէնքները պէտք...




















