Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 97.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 87.000 լ. ոսկի:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ ուրբաթ օրերը կենսաչափական անցագիրի դիմումներ պիտի չընդունի` ցնոր տնօրինում:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ այցելեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարիի, որուն հետ քննարկեց միացեալ հարցեր:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա դրուատեց սէուտական-իրանեան համաձայնութիւնը` հաստատելով, որ բոլորին համար յստակ պէտք է ըլլայ գժտութեան հոգեբանութենէն անկախանալու կարեւորութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Էլիզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով խորհրդատու Փաթրիք Տիւրելի հետ: Ժեմայէլ յայտնեց, որ կը մերժէ զօրակցիլ նախագահական ոեւէ թեկնածուի, որ կ՛որդեգրէ Հըզպալլայի քաղաքականութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին շուրջ քրիստոնեայ համայնքին պառակտուած վիճակը պատճառ պիտի դառնայ, որ անոնց հաշուոյն համաձայնական գործարք մը գոյանայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ միջազգային առումով արգիլուած է Լիբանանին սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը: «Արդեօք ասիկա կը նշանակէ պայթեցնե՞լ Լիբանանը», հարց տուաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ նկատել տուաւ, որ խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ նախանցեալ օր տրուած որոշումները խայտառակութիւն կը նկատուին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական համաձայնութիւնը միաժամանակ յանդուգն եւ քաջ որոշում է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ յունիս ամիսը կրնայ հանրապետութեան նախագահութեան ընտրութիւն վկայել:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Լիբանան արաբական այն երկիրն է, որ ամէնէն աւելի կարիքը ունի Սուրիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւններու:

 

Նախորդը

Քըրպի. «Յառաջիկայ Շաբաթներն Ու Ամիսները Ուքրանիոյ Համար Վճռորոշ Պիտի Ըլլան»

Յաջորդը

Միքաթի Մաուլաուիի Հետ Քննարկեց Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Նախապատրաստութիւնները

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.